Նիկոլ Փաշինեանը Հանգիստ Պիտի Չունենայ Հայոց Հողին Վրայ

չորեքշաբթի, 21 ապրիլին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելեց Սիւնիք, սակայն սիւնեցիները չարտօնեցին, որ ան այցելէ համայնքներ:

Փաշինեանի այցելութեան ընթացքին բողոքի ցոյցեր կատարուեցան Սիւնիքի տարբեր համայնքներուն մէջ, ուր քաղաքացիները վանկարկեցին «Նիկոլ դաւաճան», «թուրք» եւ «հողատու»:

Շուռնուխցիները նոյնպէս բողոքի ցոյցերով փակեցին Փաշինեանի դիմաց դէպի իրենց շրջանները տանող ճամբաները:

Աւելի ուշ Նիկոլ Փաշինեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետ Արմէն Աբազեանէն եւ Հայաստանի ոստիկանապետ Վահէ Ղազարեանէն ակնկալեց, որ կտրուկ գործողութիւններով ճամբայ փակած ու իր հրաժարականը պահանջող սիւնեցիները կանչուին պատասխանատուութեան:

Ի զօրակցութիւն Սիւնիքի ու յանուն հայրենիքի կոչով երէկ` չորեքշաբթի, 21 ապրիլ 2021-ին, Հայաստանի քաղաքացիները հաւաքուած են կառավարական ամարանոցի մուտքին մօտ, ուր կը սպասուէր Սիւնիքի մարզէն վերադարձող Նիկոլ Փաշինեանը:

Գեղամ Մանուկեանը հանդէս եկաւ կոչով եւ տեղեկացուց քաղաքացիներուն, որ Արարատի խճուղիին վրայ ի շարունակութիւն Սիւնիքի ցոյցին, քաղաքացիները անգամ մը եւս պիտի յիշեցնեն, որ «Նիկոլ Փաշինեանը հանգիստ պիտի չունենայ հայոց հողին վրայ»:

«Սիւնիքի մէջ Նիկոլ Փաշինեանը փորձեց երեւալ վարչապետ, բայց միակ բանը, որ ըրաւ, կրցաւ ուղղակի զօրամասերու մէջ քալել, չէր հասկնար` իր դիմաց կանգնած զինուորը կը հայհոյէր իրեն եւ կը յիշէր իր հարիւրաւոր զոհուած ընկերները, որոնց նահատակութեան պատասխանատուն այդ հայրենադաւն է», ըսաւ Գեղամ Մանուկեան:

Գեղամ Մանուկեան նաեւ անդրադարձաւ Նիկոլ Փաշինեանի երէկուան այն յայտարարութիւններուն, որ Շուռնուխի մէջ 30 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով նոր տուն կը կառուցուի:

«Հողատուն Սիւնիքի մարզպետարանին մէջ հպարտացած է, թէ Շուռնուխի մէջ առաջին անգամ ըլլալով տուն կը կառուցուի, եւ ատիկա իր հպարտութիւնն է, բայց հայրենադաւը չի ալ հասկնար, որ տուն կը կառուցեն այն մարդոց համար, որոնց տուները մնացին թշնամիին, չի ալ մտածեր, որ Շուռնուխի մէջ նոր տուն կը կառուցեն այն պատճառով, որ թուրքի սահմանը հասած է Շուռնուխ», նշեց Մանուկեան:

Նշենք, որ քաղաքացիները շարունակեցին մօտենալ ամարանոցի մուտքին, ուր աւելի կը շատնային նաեւ ոստիկանական շարասիւնները:

Քաղաքացիները փակած են Նիկոլ Փաշինեանի ճամբան դէպի Երեւան: Ոստիկանութիւնը Արարատի մայրուղիէն բերման ենթարկած են Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող շարք մը քաղաքացիներ:

Պռոշեան-Դեմիրճեան խաչմերուկէն, ուր կը գտնուին կառավարական ամարանոցները, ոստիկանները բռնի ուժով բերման ենթարկած են ՀՅԴ-ի քանի մը անդամներ:

Բերման ենթարկուած ՀՅԴ-ի անդամները փոխադրուած են ոստիկանութեան Կեդրոնի, Կոմիտասի եւ Մալաթիայի բաժանմունքներ:

Նիկոլ Փաշինեանը «թուրք», «դաւաճան» վանկարկումներու ներքեւ շրջանցած է կառավարական առանձնատան գլխաւոր մուտքը եւ այլ մուտքով մտած առանձնատուն:

Քաղաքացիները շարունակած են մնալ կառավարական առանձնատան մուտքին մօտ եւ պահանջած Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.