Յաւերժական Ծառն ու Արմատը. Մանսուրեան եւ Կոմիտաս
(Ծննդեան 80 եւ 150 ամեակ)
Հայաստանի մէջ կան փոքր ու գողտրիկ եկեղեցիներ, որոնք իւրայատուկ ձգողական ուժ ունին իրենց մէջ։ Այնտեղ ոտք դնելուդ պէս կարծես ուղիղ կապ կը հաստատես Աստուծոյ հետ, հոգիդ անմիջապէս կը մաքրուի` վայելելով մեղքերու բեռէն ազատելու անդորրը:
Նոյն զգացողութիւնը կ’ունենամ, երբ ոտք կը դնեմ մեր օրերու աշխարհահռչակ երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեանի բնակարանը։ Նոյն ակնածանքով ներս կը մտնեմ, երբ դուռը կը բանայ՝ իր էութեամբ Կոմիտասով շաղախուած մեծութիւնը, եւ դժուար կը կողմնորոշուիմ՝ դիմացս Կոմիտա՞սն է, թէ Կոմիտասով ապրո՛ղը։
Այստեղ այն վայրն է, ուր ամէն տեղ ու ամէն բան՝ նոյնիսկ զրոյցի ընդմիջումներուն ընթացքին տիրող լռութիւնը՝ երաժշտութիւն կը բուրէ։ Ահա այստե՛ղ եմ, խորապէս զգալով երկու մեծութիւններուն ներկայութիւնը՝ Ծառին հետ կը զրուցեմ ի՛ր եւ Արմատի մասին։
Լիբանանի մէջ ծնած ու վաղ մանկութիւնը այնտեղ ապրած Մանսուրեանի համար, 80 տարիներու ամենամեծ պարգեւներէն մէկը հայրենադարձութիւնն ու Արթիկ շրջանի մէջ հասատուիլն է. «Հայրենադարձութեան ծրագիրը Աստուծոյ ամենամեծ պարգեւներէն մէկն էր, իր բոլոր դժուարութիւններով հանդերձ, որովհետեւ դժուարութիւնն ալ պէտք է պարգեւ համարես, որ կարենաս յաղթահարել»։
Հայոց մեծերու՝ Մարտիրոս Սարեանի, Պարոյր Սեւակի, Փառաջանովի, Սօս Սարգսեանի, Համօ Սահեանի, Հենրիկ Մալեանի, Հրանդ Մաթեւոսեանի եւ այլ մեծերու հետ շփումն ու երջանկութիւնը եւս պարգեւ է Մանսուրեանի համար։
Միշտ լաւատես մեր զրուցակիցը գոհ է՝ կեանքի իրեն շնորհած հնարաւորութիւններէն. «Կոմիտասի անուան երաժշտանոց յաճախելը, Ղազարոս Սարեանի աշակերտ ըլլալը, երիտասարդ տարիքիս ընտանիք կազմելը, զաւակներ ունենալը, բոլորը պարգեւներ են»։
Անդրադառնալով իր երաժշտական ուղիին Մանսուրեան կ’ըսէ. «Անցայ հայ երաժշտութեան ուղն ու ծուծով, սակայն իմս համարեցի նաեւ ողջ միջազգային դասական երաժշտութիւնը։ Այդ բոլորին մէջէն անցայ, սակայն մէջի հայս ընտրեց Կոմիտասը, որ մանկութենէս ինծի հետ է՝ նախ որպէս միամիտ սէր, յետոյ, զայն ուսումնասիրեցի՝ պեղելու համար անոր խորքերը…»։
– Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս «ծանօթացած» է Կոմիտասին, Մանսուրեան դժուարացաւ պատասխանել։
– Չեմ գիտեր, չեմ կրնար ըսել ե՞րբ. մեր տան մէջ Կոմիտասը միշտ կար, դեռ Պէյրութէն, մանկութեանս տարիներէն, (Մանսուրեան Պէյրութի մէջ ապրած է իր կեանքի առաջին եօթը տարիները Ն.Մ.) հայրս, որ շատ գեղեցիկ ձայն ունէր, Կոմիտաս կ’երգէր, Կոմիտասը մեր տան մէջ մշտական ներկայութիւն էր…։
Տարիներու ընթացքին Կոմիտասը ճանչնալով, աւելի ու աւելի հիմնաւոր եղաւ ինծի համար իր ստեղծած հնչիւններու աշխարհը, որուն շնորհիւ կը զգաս, որ Հայաստան իսկապէս դրախտավայր է։ Երբ կը լսեմ «Կուժն առա»ն, այդ մաքրամաքուր մեղեդին, կարծես զիս կը տանի դրախտի կեդրոնը:
– Պարո՛ն Մանսուրեան, ո՞վ է Կոմիտասը Ձեր տեսանկիւնէն՝ հայ եւ համաշխարհային իրականութեան մէջ։
– Կոմիտասը հայկական երաժշտութեան մէջ դպրոցի հիմնադիր է, աշխարհի մէջ, մէկը, որ քոմփոզիթորական արուեստի ամբողջ համակարգը նորոգեց՝ ըստ հայ հոգեւոր եւ ժողովրդական մեղեդիի։
Նշեմ, որ մենք քոմփոզիթոր բառը ոչ ունեցած ենք, ոչ ալ անոր բովանդակութիւնը մեզի հասու եղած է։ Ունեցած ենք աշուղներ, երգասացներ, տաղասացներ, հոգեւոր երաժշտութեան հայրեր, բայց ոչ քոմփոզիթորութիւն։ Մինչ Կոմիտասը, փորձեր եղած են հայ երաժշտութեան մէջ բերելու. այդ փորձերը կատարած են հայ երաժիշտներ Տիգրան Չուխաճեանը, Կարա-Մուրզան, Մակար Եկմալեանը, սակայն բոլոր փորձերուն մէջ ամենակատարեալը, կամ բոլոր փորձերուն արդիւնքով ամենամեծ ներդաշնակութեան հասաւ Կոմիտասը, նախկին փորձերու որեւէ մէկուն խարիսխը չեղաւ այնքան բնական ու օրկանական, ինչպէս Կոմիտասինը:
Կոմիտասը հայ երաժշտութիւնը բերաւ մասնագիտական փուլ: Ան հայ քոմփոզիթորական դպրոցի հիմնադիր ըլլալով հանդերձ, անձամբ այդ եզրոյթը չէ գործածած, չէ ըսած, որ ես քոմփոզիթոր եմ: Ասիկա ծայրայեղ առաքինութեան եւ պարկեշտութեան արտայայտութիւնն է:
Մենք Կոմիտասը, անոր արուեստը իւրացնելու համար դեռ հսկայական ճանապարհ ունինք անցնելու։ Համոզուած եմ, որ կու գայ օրը, երբ Կոմիտասը կը սրբադասուի եւ շատ կ’ուզէի այդ օրը տեսնել։
– Դուք նշած էք. «Կոմիտասը տուաւ մեզի մեր ինքնաճանաչողութեան բանալին եւ եկաւ ըսելու, որ մենք մե՛նք ենք», Ձեր կարծիքով այսօր, մենք ինչքա՞ն մենք ենք։
– Ես կասկած չունիմ, որ մենք ընդհանրապէս նոյնն ենք, չեմ կարծեր, որ որեւէ բան փոխուած ըլլայ, ուղղակի մեր պետականութեան կայացման այս թոհուբոհին մէջ մէկը միւսով փոխարինուեցաւ, մէկը եկաւ միւսը գնաց։ Ասիկա երկու հարիւր տարուան պատմութիւն է, որ թէ՛ պետականութեան կայացման ընթացք է, թէ՛ միւս կողմէ Սփիւռքի իրականութիւնն է։ Սփիւռքի պարագային Շահան Շահնուրը շատ լաւ ձեւակերպած է իր վէպին խորագիրով՝ «Նահանջ առանց երգի»։ Մենք մի քանի շարժումներու ընթացքի մէջ ենք, մէկ կողմէն այդ նահանջի շարժումը, որ իր ուժով կ’ընթանայ, միւս կողմէն դարձեալ անկախ պետականութիւն, որ ահաւասիկ մի քանի տասնամեակ անց, դեռ կայացման ընթացքի մէջ է, սակայն մենք մե՛նք ենք։ Քանի կայ հայոց լեզուն, մեր այս լեռնաշխարհը՝ Հայաստանը, ինչ ծաւալով ալ ըլլայ անիկա՝ մենք մե՛նք ենք. ե՛ւ Կոմիտասն է Կոմիտաս, Մարտիրոս Սարեանն է Սարեան, Թումանեանն է Թումանեան, Չարենցն է Չարենց… Այսինքն` հիմնական ուժերը երկիրն ու լեզուն են, ուրեմն մենք կա՛նք եւ մենք մե՛նք ենք։
– Ձեր խօսքերով. «Կոմիտասի առաքելութիւնն էր աշխարհին ապացուցել, որ հայն ունի իր երաժշտութիւնը», այսօր մենք ի՞նչ կ’ընենք աշխարհին ապացուցելու այդ մէկը։
– Այս երկրորդ հանրապետութիւն կոչուածը, որ սովետականն էր, իր հետ բերաւ հսկայ մշակութային կարողութիւններ, ուժեր, որոնք անմիջապէս Մոսկուայէն կու գային եւ անոր շնորհիւ անշուշտ հարստացանք. անկարելի է ժխտել այդ հարստութիւնը, զոր իւրացուցինք այդ տարիներուն, երբ գոյացաւ հսկայական դպրոց՝ մեծ թիւով երաժիշտներ, Արամ Խաչատրեանը աշխարհին ներկայացուց հայ երաժշտութիւնը։ Բայց այսօր, կարծեմ մոսկովեան քոմփոզիթորական դպրոցի հայ երաժշտութեան եւ կոմիտասեան դպրոցի հայ երաժշտութեան իրար գալու, իրարմով հարստանալու, կամ կարգի գալու խնդիրը յաղթահարելու դժուարութեան մէջ ենք` դասական երաժշտութեան բնագաւառէն ներս։ Սակայն հայկական բազմաժանր երաժշտութեան միւս ճիւղերը առ այսօր կան, իր ինքնուրոյն կեանքով կ’ապրի նաեւ հոգեւոր երաժշտութիւնը՝ եկեղեցւոյ մէջ եւ ոչ միայն։
Հայ երաժշտութեան մէջ կան շատ բաժանարար շերտեր, եւ ես կը կարծեմ, որ քաղաքակիրթ երաժշտութիւն ունեցող, զարգացած երաժշտական մշակոյթ ունեցող ժողովուրդի մը համար այս աստիճան բաժանարար երեւոյթներ ունենալը մեր թոյլ կէտն է, բայց ամէն թոյլ կէտ խելօք ղեկավարելու պարագային, խելօք կեանքի կոչելու պարագային հնարաւոր է դարձնել դրական երեւոյթ։ Ինչպէս մեր լեզուի ունեցած բազմաթիւ բարբառները գրական լեզուին զուգահեռ, պիտի համարենք, որ կոմիտասեան հայ մեղեդիի կողքին ունինք բարբառներ` աշուղական, քաղաքային եւ այլն, որոնք եթէ կիրթ կառուցուածքի մէջ ներկայացնենք, ինքնատիպութիւն կրնան բերել։
– «Եւրոպական երաժշտութիւնը Կոմիտասի շնորհիւ ստացաւ արտայայտութեան եղանակ մը, հնչիւններու ճշմարտացիութեան ճանաչման ամբողջութիւն մը, որ մինչ այդ անյայտ Էր»: Այսօր երբ կը նշենք Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակը, յատկապէս Եւրոպան Կոմիտասին տուա՞ծ է իրեն արժանի դերն ու կարեւորութիւնը՝ երաժշտութեան ասպարէզէն ներս։
– Այնքանով տուած է ինչքանով տուած է մեզի մեր ինքնութիւնը, մեր ինչ ըլլալը. Եւրոպայի մէջ կան մարդիկ, որոնք գիտեն ինչ է հայոց պատմութիւն, հայոց լեզու, նաեւ գիտեն հայոց երաժշտութիւն, գիտեն Կոմիտաս։ Հիմա մեր երաժիշտներու մէկ խումբը Պերլին գացած է, այնտեղ դասախօսութիւններ կը ներկայացնեն եւ այլն։ Ասոնք լաւ կապեր են, մեր ընելիքը պէտք է ըլլայ մե՛րը ներկայցնել։ Չեմ կրնար ըսել, որ ներկայանալու զօրաւոր շարժում կը տանինք, աշխարհը ինքը այսօր կը պնդէ, որ գործընթացը համաշխահայնացման կը պատկանի, ուրեմն մէկ կողմէն պէտք է հասկնանք, թէ համաշխարհայնացումը ի՞նչ կ’ուզէ մեզմէ եւ միւս կողմէն պէտք է անպայման պահպանենք մեր ինքնութիւնը, եթէ հանրութեան պիտի ներկայանանք, պէտք է ներկայանանք մեր ինքնութեամբ, այսինքն` եթէ հրապարակ մը կայ, ուր բոլորը կը հաւաքուին, մենք ալ պէտք է ներկայ ըլլանք այնտեղ մեր ինքնութեամբ եւ ո՛չ թէ, անով որ բոլորին նմանինք կամ այսինչ կամ այնինչ խումբին նմանինք։ Մի քանի իրարամերժ գործընթացներու երեւոյթ կայ, մէկ կողմէն պէտք է ներկայանանք, միւս կողմէն աշխարհը համաշխարհայնացում կը պահանջէ, աշխարհը անգլերէ՞ն կը խօսի, անգլերէն ալ պէտք է սորվինք՝ պահելով մեր ինքնութիւնը։
– Ինչո՞վ յատկանշուեցաւ Ձե՛ր 80-ամեակը:
– Աստուած ինծի եւս տարի մը տուաւ, եւս մէկ տասնամեակ մտնելու զօրութիւն: Ուշադրութիւնը շատ մեծ էր այս տարիքիս, նոր իրականութիւնը նոր պահանջներ դրաւ՝ համերգներու շարք եղաւ, որ շատ գոհացուցիչ էր։ Ութսունս նուիրեց ինծի տեսակ մը տարիքի բերած վայելքները համընդհանուր ճանաչումի բերելով՝ բոլոր գործերս մէջտեղ ելան, թէ՛ դասական, թէ՛ ֆիլմերու երաժշտութիւնները։
Կոմիտասեան շունչով շաղախուած յաւերժական Ծառի հետ զրոյցը վարեց՝
Նայիրի Մկրտիչեան
Դեկտեմբեր, 2019