Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ» եւ «Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղերու վարչութեան բարենորոգուած ժողովասենեակի բացումը

ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- Օրհնութեամբ եւ ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, հինգշաբթի, 19 նոյեմբեր 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Մարգարեան» ճաշասրահէն ներս տեղի ունեցաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ» եւ «Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղի վարչութեան բարենորոգուած ժողովասենեակի բացման հանդիսութիւնը։ Ժողովասենեակի բարենորոգման նուիրատուն էր Վարանդ Եափուճեան։ Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Հոգշ. Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեան, նուիրատու ընտանիքին անդամները, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեան եւ անդամներ՝ Նորա Արուշեան եւ Հրակ Տարագճեան, «Միհրան Փափազեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Յարութ Դաւիթեան, «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի անդամ Ռազմիկ Տունկեան, միութեանց եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ եւ ԳԵՄ-ականներ։

Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի, Արցախի եւ «Մշակ, բանուոր» քայլերգներով։ Օրուան հանդիսավար ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ» եւ «Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղերու վարչութեան անդամ Աննա Մուտարիկեան ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ, ապա վարչութեան անունով ելոյթ ունեցաւ Թէա Գույումճեան, որ յայտարարեց. «Մեծ ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կը յայտարարենք մեր բարենորոգուած վարչական սենեակի պաշտօնական բացումը, որ իրականութիւն դարձաւ մեր յարգարժան եւ նուիրեալ նախկին անդամներէն՝ Վարանդ Եափուճեանի առատաձեռն նուիրատուութեան եւ աջակցութեան շնորհիւ։ Այս նախաձեռնութիւնը կարեւոր քայլ մըն է մեր կառոյցի շարունակական զարգացման եւ մեր համայնքային գործունէութեան ամրապնդման ճանապարհին։ Անիկա ոչ միայն նոր տարածք մը կը ներկայացնէ, այլեւ մեր միասնականութեան, նուիրումին եւ ապագայի հանդէպ մեր հաւատքին արտայայտութիւնն է»։

Խօսքին աւարտին Գույումճեան անդրադարձաւ նաեւ ԳԵՄ-ի սենեակին, որ նոյնպէս նորոգութեան կը կարօտի, ըսելով. «Միեւնոյն ժամանակ, կ՚ուզենք տեղեկացնել, որ մեր կառոյցին մէջ կը գտնուի նաեւ ԳԵՄ-ի սենեակը, ուր մեր անդամները կը համախմբուին, միասին ժամանակ կ՚անցընեն եւ կը վայելեն իրարու ընկերակցութիւնը։ Այս սենեակը կարեւոր դեր ունի մեր անդամներուն միջեւ կապն ու միասնականութիւնը ամրապնդելու գործին մէջ։ Ներկայիս կը նախատեսենք վերանորոգել եւ բարելաւել այս սենեակը՝ զայն աւելի յարմար եւ հաճելի միջավայր մը դարձնելու համար։ Այս նախաձեռնութիւնը իրականացնելու նպատակով կը դիմենք մեր հայրենակիցներուն եւ համայնքի անդամներուն աջակցութեան»։

Նուիրատու Վարանդ Եափուճեան փոխանցեց իր սրտին խօսքը՝ նախ յիշելով, թէ ինք եւ իր տիկինը՝ Մոնթրէալի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Վանա Նազարեան, նախապէս եղած են ԳԵՄ-ի անդամներ եւ հոն ծանօթացած իրարու։ Ան նշեց, որ այս ժողովասենեակը մեծ նշանակութիւն ունի իրենց համար։ Եափուճեան ապա յայտնեց, որ սոյն նուիրատուութիւնը կը կատարէ իր հօր՝ Յակոբ Եափուճեանի յիշատակին, եւ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ անոր կեանքին ու գործունէութեան։ Ան յիշեց, թէ հայրը, անկախ իր ծաւալած բեղուն գործունէութենէն, յատկապէս Լիբանանի մէջ, հրատարակած էր նաեւ երկու գրքոյկ՝ ՀՅԴ-ի երկարամեայ ղեկավար դէմքեր Սարգիս Զէյթլեանի եւ Հրայր Մարուխեանի նուիրուած։ Վարանդ Եափուճեան թելադրեց երիտասարդականի անդամներուն կարդալ այդ գրքոյկները եւ դասեր քաղել մեր երկու մեծ ղեկավարներէն։ Եափուճեան նաեւ յայտարարեց, թէ իր ընտանիքը պիտի մասնակցի ԳԵՄ-ի սենեակին բարենորոգման եւ կոչ ուղղեց ներկաներուն եւս իրենց լուման բերելու այս յոյժ կարեւոր հաւաքավայրի բարենորոգման, նկատի ունենալով, որ անիկա կը համախմբէ գաղութիս երիտասարդները։

Սրբազան Հայրը իր օրհնութեան խօսքը փոխանցեց երիտասարդներուն, նուիրատու ընտանիքին եւ ներկաներուն՝ ընդգծելով երիտասարդական կառոյցներուն հանդէպ ժողովուրդին ներդրումին եւ հոգատարութեան կարեւորութիւնը։ Ան նաեւ քաջալերեց երիտասարդները, որ անվարան շարունակեն մեր ժողովուրդին երթն ու պայքարը։ Անկէ ետք ներկաները ուղղուեցան դէպի բարենորոգուած ժողովասենեակ, ուր Սրբազան Հայրն ու Հայր Սուրբը օրհնութեան աղօթք մատուցեցին, ապա տեղի ունեցաւ ժապաւէնի հատումը՝ ձեռամբ Սրբազան Հօր, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեանի եւ նուիրատու ընտանիքին։ Աւարտին, «Մարգարեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն։

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն Մետիա»