Մոնթրէալի մէջ արժանավայել կերպով նշուեցաւ ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանի 35-ամեակը
- (0)
Նախաձեռնութեամբ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ 35-ամեակի յանձնախումբին, Շաբաթ, 28 Յունիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի ՀՄԸՄ-ԿԱՄՔ մարզասրահէն ներս, տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Գանատայի անկախ շրջան դառնալուն 35-ամեակի հանդիսութիւն-ճաշկերոյթը, նախագահութեամբ Շաքէ Կէօնճեանի, ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, Հոգշ. Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեանի, Լաւալի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Յակոբ Քհն. Կեատայեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեանի, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ Ծովիկ Թերզեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Ռաֆֆի Տօնապետեանի եւ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Հրակ Տարագճեանի, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Գանատայի ներկայացուցիչ Արմինէ Կարապետեանի, ՀՕՄ-ի ԱՄՆ-ի Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Ռիթա Հինդլեանի, Քեպէգի նահանգային երեսփոխան Սոնա Լախոյեան Օլիվիէի եւ երեսփոխան Սելին Հայթայեանի ներկայացուցիչ Աբրահամ Նիզիպլեանի, Լաւալի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Սեդա Թօփուզեանի, ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան անդամներուն եւ Գանատայի 72-րդ Պատգամաւորական ժողովի պատգամաւորներուն, պատկան մարմիններու եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներու, ՀՕՄ-ականներու, բարերարներու եւ հիւրերու:
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Գանատայի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութեամբ, որմէ ետք բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի անդամ Անի Թաշճեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները ըսաւ. «Հայ Օգնութեան Միութեան ներկայութիւնը Գանատայի մէջ խորունկ արմատներ ունի, եւ իր գործունէութիւնը սերտօրէն առնչուած է Գանատայի տարբեր քաղաքներու մէջ հայ գաղութի կազմաւորման զանազան հանգրուաններուն հետ: Տասնամեակներու ընթացքին, ըստ գաղութի զարգացման, նոր մասնաճիւղեր գոյացան, մինչ այլ մասնաճիւղեր թիւի նօսրացում արձանագրելով դադրեցուցին իրենց գործունէութիւնը: Ներկայիս, տասը մասնաճիւղեր կը գործեն Գանատայի տարածքին, երիցագոյնը հանդիսանալով Գեմպրիճի (Կալթ) «Մեղրի» մասնաճիւղը, հիմնուած 1911-ին, իսկ կրտսերագոյնները՝ Օթթաուայի «Սեւան» եւ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղերը, հիմնուած 1993-ին»: Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանը իր իւրայատուկ դրոշմը դրած է ՀՕՄ-ի համահայկական բոլոր ծրագիրներուն, կատարելապէս արժեւորած է իր առաքելութիւնը, ամէնուրեք սփռելով իր առատաձեռն բարիքները, գոհունակութեան ժպիտ ընծայելով առատաձեռն նուիրատուներուն, ապահովութեան եւ հանգստութեան ժպիտ ընծայելով իր մատակարարած բարիքներէն օգտուողներուն: Եկէք միասնաբար առաւել եւս խտացնենք մեր շարքերը, արհեստավարժ թէ՛ երիտասարդ անդամներով, եւ ՀՕՄ-ի վայել վճռականութեամբ շարունակենք մեր առաքելութիւնը: ՀՕՄ-ը միշտ հանդիսացած է ժողովուրդին սիրտը, որ կը փափախէ անոր կարիքներուն համաձայն»:
Սրբազան Հայրը իր օրհնանքի խօսքը փոխանցեց ըսելով. «ՀՕՄ-ը ժողովուրդին ծոցէն ծնած, նոյն ժողովուրդին ծառայելու յանձնառութեամբ կը սկսի իր ճանապարհը, եւ այդ ճանապարհը ահաւասիկ 115 տարուան ճանապարհ մըն է: Կեանք մը, որ լի է ամբողջանուէր ծառայութեամբ, սիրոյ, նուիրումի ու անշահախնդիր ծառայութեան», ապա աւելցուց. «Այսօր, երբ մեր ժողովուրդը Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ, զանազան տագնապներ կ’ապրի, ՀՕՄ-ը այն միութիւնն է, որ հաստատ է իր առաքելութեան ճամբուն մէջ եւ պահապանն է մեր արժէքներուն ու սրբութիւններուն: Պայծառ ու յաղթական երթ կը մաղթեմ 35-ամեայ Գանատայի ՀՕՄ-ին»:
Սրբազան Հօր ճաշի սեղաններու օրհնութենէն ետք տեղի ունեցաւ ճաշի սպասարկութիւն:
ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լուսին Փալանճեան խօսք առնելով ըսաւ. «ՀՕՄ-ը այսօր նախանձելի կազմակերպութիւն մըն է երեք առումով. առաջին՝ ՀՕՄ-ի առաքելութեան հաւատացողներու բանակի ուռճացումով ու հօզարացումով, երկրորդ՝ ՀՕՄ-ի կազմակերպութեան ունեցած հսկայ կառոյցով, երրորդ՝ ՀՕՄ-ի անդամական շարքերուն մէջ գործող ընկեր-ընկերուհիներու անսակարկ նուիրումով» եւ աւելցուց. «Անկասկած ՀՕՄ-ի ներկայութիւնը Գանատայի մէջ օրհնութիւն մըն է գաղութիս, բայց անկեղծ ըլլանք եւ ըսենք՝ եթէ մեր գաղութը հայօրէն չապրի, վաղը այնտեղ դուք պիտի չգտնէք ո՛չ ՀՕՄ եւ ո՛չ ՀՕՄ-ական: Հետեւաբար, ՀՕՄ-ը չտկարացնելու համար մեր քոյր միութիւններն ու հաստատութիւնները, ինչպէս նաեւ մեր դպրոցն ու եկեղեցին կարեւոր ու անժամանցելի ընելիքներ ունին: Մեզմէ ոչ մէկը կրնայ գոյատեւել առանց միւսին: Հետեւաբար, այս կարեւոր ամեակին պէտք է խոստանանք շարունակել մեր սերտ գործակցութիւնը, հաւատարիմ մնանք մեր սկզբունքներուն, որպէսզի միասին ապահովենք ոչ միայն ՀՕՄ-ի պայծառ երթը, այլ նաեւ մեր բոլորիս երթը, մեր գաղութի պայծառ ապագան»:
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Գանատայի շրջանի ներկայացուցիչ Արմինէ Կարապետեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը ըսելով. «Պատմական օր կ’ապրինք այսօր, որովհետեւ կը նշենք երկու մեծ ամեակներ, աշխարհասփիւռ ՀՕՄ-ի 115-ամեակը, իսկ Գանատայի շրջանին՝ 35-ամեակը, մանաւանդ որ կը վայելենք ներկայութիւնը ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջաններէն Պատգամաւորական ժողովին մասնակցող պատգամաւորներուն: Մաղթանքս է, որ Գանատան, ինչպէս վերջին 35 տարիներուն, շարունակէ նոյն աշխուժութեամբ կամաւոր իր առաքելութիւնը»:
Հանդիսավար Անի Թաշճեան ներկայացուց օրուան նախագահ Շաքէ Կէօնճեանի հակիրճ կենսագրութիւնը, որմէ ետք տիկին Կէօնճեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց ըսելով. «Ինծի համար մեծ պատիւ է այսօր նախագահութիւնը ստանձնել ՀՕՄ-ի 35-ամեակի այս ճաշկերոյթին, ու այս առթիւ կ’ուզեմ իմ գնահատանքի խօսքս ուղղել ձեզի, սիրելի՛ ՀՕՄ-ուհիներ, դուք ձեր ընտանեկան ու անձնական ժամերը նուիրեցիք ՀՕՄ-ի սուրբ գործին, հասաք կարիքաւորներուն, ծնողազուրկ երեխաներուն, ուսանողներուն՝ Հայաստանի մէջ եւ արցախահայութեան, ձեռք երկարեցիք Լիբանանի եւ Սուրիոյ մեր հայրենակիցներուն, դպրոցներուն եւ ակումբներուն: Թող Աստուած ձեր հոգիները խնդութեամբ ու գոհունակութեամբ լիցքաւորէ»:
Տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանի 35-ամեայ գործունէութիւնը ծանօթացնող տեսերիզի ցուցադրութիւն, սիրայօժար կերպով պատրաստուած Թամար Շահինեանի, Րաֆֆի Թահմիզեանի ու իր Yeraz Media ընկերութեան կողմէ:
Անկէ ետք հերթաբար տեղի ունեցաւ Շրջանային վարչութեան յատուկ 35-ամեակի մրցանակներու տուչութիւն. «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» կարգախօսի հիմամբ գծագրութեան մրցանակի չափահասներու մրցանակը ստացաւ Նուշիկ Գատեան, իսկ անչափահասներունը՝ Լիլիթ Ադամեան: Տեսանիւթի մրցանակը ստացան ՀՅԴ Մոնթրէալի «Դրօ» եւ Լաւալի «Գետաշէն» Պատանեկան միութիւնները, որոնց ներկայացուցիչները՝ Մեղրի Գազանճեան, Սիէննա Ճապրայեան եւ Ռաֆայէլ Եսայեան ստացան մրցանակը, ձեռամբ Շրջանայի վարչութեան ատենապետին:
«Արցախ» մրցանակը շնորհուեցաւ գանատահայութեան եւ ընդհանրապէս աշխարհի տարածքին մշակութային, տնտեսական, գիտական, պատմական, բարեսիրական կամ այլ ոլորտներու մէջ մեծ դեր ունեցած գանատահայ անհատներու, որուն արժանացան գանատահայ բարերար Շաքէ Կէօնճեան եւ Օրօրայի մրցանակակիր ու զանազան գիրքերու հեղինակ դոկտ. Իզապէլ Գաբրիէլեան Չըրչըլ: Անոնց կենսագրութիւնը ներկայացուելէ ետք, ձեռամբ Շրջանային վարչութեան ատենապետին, ստացան ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանի պատուոյ գնահատագիրներն ու մրցանակի վահանակը:
Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցաւ La Voix յայտագրի մրցոյթի մասնակից եւ Lara Fabian-ի խումբին մէջ յօրինող ու երգչուհի, մոնթրէալահայ Մանէ Միրիամ Պաղտասարեան, DJ Արեգի մասնակցութեամբ:
Սրբազան Հօր, օրուան նախգահին, Գանատայի Շրջանային վարչութեան 35 տարիներու ընթացքին անդամ եղած ՀՕՄ-ուհիներու եւ 35-ամեակի յանձնախումբի անդամներուն ձեռամբ տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում եւ մոմավառութիւն, որմէ ետք ընկերային ճոխ մթնոլորտի մէջ շարունակուեցաւ խնճոյքը:
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»