«Մեր համերգին հասոյթը պիտի յատկացուի Տաւուշի սահմանամերձ գիւղերու զարգացման «Պահապան» հիմնադրամին», Հարցազրոյց գանատահայ «Հայք» քառեակի խմբավար Յասմիկ Գասպարեանի հետ
Յասմիկ Գասպարեան ծնած է Երեւան: Աւարտած է Երեւանի Կոմիտասի անուան Պետական երաժշտանոցը: Երկար տարիներ Երեւանի Պետական Կամերային երգչախումբին որպէս մենակատար՝ մասնակցած է շարք մը միջազգային փառատօներու՝ Իտալիոյ, Գերմանիոյ, Նորվեկիոյ, Գանատայի, Զուիցերիոյ, Լեհաստանի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ: 2005 թ. արձանագրած է իր առաջին անհատական խտասալիկը՝ «Գեղարդի ձայնը», նուիրուած հայ հոգեւոր երգերու անզուգական մեկնաբան Լուսինէ Զաքարեանի յիշատակին: Նոյն թուականի Հոկտեմբերին, ան որպէս անդամ Sanctus քառեակին, մասնակցած է Քեպէգի հոգեւոր երգերու միջազգային փառատօնին: 2006 թուականի Մայիսին մասնակցած է «Gaude Mater» հոգեւոր երգերու միջազգային փառատօնին Լեհաստանի մէջ: 2006 թ. Դեկտեմբերին հաստատուած է Մոնթրէալ, ուր իր մասնակցութիւնը կը բերէ երաժշտական եւ մշակութային ձեռնարկներու: 2011 թ. Յունիսէն ի վեր Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ դպրաց դասին խմբավարն է: 2015 թ. Փետրուարին ան հիմնեց «Հայք» վոքալ քառեակը, որ յաճախ իր մասնակցութիւնը կը բերէ գաղութահայ կեանքին:
Հ.- Տիկի՛ն Յասմիկ, ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս մուտք գործած էք երաժշտական ասպարէզ:
Յ.Գ.- Երաժշտական ասպարէզ մուտք գործած եմ շատ կանուխ. եօթը տարեկանիս Երեւանի մէջ յաճախած եմ երաժշտական յատուկ դպրոց՝ երեխաներու ձայնի պահպանմամբ զբաղող, մինչեւ 13 տարեկան: Անկէ ետք ամբողջ կեանքիս ընթացքին երգն ու երաժշտութիւնը դարձան կեանքիս ուղեկիցները: Ճարտարագիտական համալսարան ուսանելու միջոցիս արդէն մաս կազմեցի երգչախումբի մը, որուն խմբավարն էր եգիպտահայ Միհրան Ղազէլեանը: Անոր ցուցմունքով մուտք գործեցի երաժշտանոց: Այդ օրերուն ճգնաժամային տարիներ կ’ապրէր մեր հայրենիքը, շրջափակման մէջ էինք, երեկտրականութեան, սնունդի եւ այլ տագնապներ ունէինք, դժուար շրջան մըն էր նաեւ ինծի՛ համար. թէ՛ համալսարան կը յաճախէի, թէ՛ երաժշտանոց, եւ թէ՛ մաս կը կազմէի քանի մը երգչախումբի: Այսօր, երբ կը վերյիշեմ այդ տարիները, ես ի՛նքս կը զարմանամ, թէ ինչպէ՛ս կրցայ այդ բոլորը միատեղ ընել: Սակայն այդ բոլորին համար այսօր շատ հպարտ եմ եւ ուրախ:
Հ.- Ինչո՞ւ հոգեւոր երգերու աշխարհը ընտրած էք եւ ոչ թէ ժողովրդայինը օրինակ:
Յ.Գ.- Հոգեւոր երգերը ընտրած եմ իմ ձայնային տուեալներէն մեկնելով: Ես փորձած եմ ժողովրդական երգեր երգել եւ շատ կը սիրեմ զանոնք, բայց զգացած եմ, որ իմ ձայնիս յարմար չէ այդ ժանրը, իմ ձայնս աւելի կամերային է, եւ որակը այնպիսին է, որ կը յարմարի հոգեւոր երգերու եւ օփերայի որոշ արիաներու (ոչ բոլորին): Ըստ իս, մարդ պէտք է ընէ այն, ինչ որ իր տուեալներուն կը համապատասխանէ:
Հ.- Ներկայիս կը ղեկավարէք «Հայք» վոքալ քառեակը, ո՞վ էր այս խումբին կազմութեան գաղափարը յղացողը:
Յ.Գ.- Գաղափարը իմս է, տարիներէ ի վեր մտքիս մէջ քառեակ մը կազմելու գաղափարը կար, Հայաստան եղած ատենս մաս կը կազմէի Sanctus քառեակին, որուն հետ Գանատա եկայ առաջին անգամ, 2005 թուականին, Քեպէգի մէջ հոգեւոր երաժշտութեան միջազգային փառատօնին մասնակցելու, եւ որուն ընթացքին Մոնթրէալ ալ համերգ մը կազմակերպուեցաւ հայ համայնքին կողմէ: Ուրեմն քառեակի գաղափարը հոնկէ կու գար, առաւել, քառեակին անդամներու թիւն ալ սահմանափակ է, եւ աւելի դիւրին է զանոնք գտնելն ու միատեղելը, սակայն պէտք է նկատի ունենալ, որ քառեակին մէջ իւրաքանչիւր ձայնէն մէկ հոգի կ’ըլլայ, հետեւաբար աւելի մեծ պատասխանատուութիւն կ’ունենայ անհատը: Քառեակը կը նախընտրեմ նաեւ, որովհետեւ քառաձայն մեր երաժշտութիւնը կը խօսի սրտիս, եւ շատ կը փափաքիմ զայն ծանօթացնել օտար հասարակութեան: Եւ այսպէս, 2015 թուականին որոշեցի, անձերը գտայ, կազմեցի քառեակը, եւ մեր մասնակցութիւնը բերինք գաղութէն ներս զանազան ձեռնարկներու: Նշեմ, որ քառեակը ոչ մէկ կազմակերպութեան հովանաւորութիւնը կը վայելէ, այլ մենք անհատապէս դիմեցինք անձերու, որպէսզի կարենանք մեր անդրանիկ ելոյթը իրականացնել:
Հ.- Կրնա՞ք մեզի ներկայացնել քառեակին միւս անդամները:
Յ.Գ.- Ես սոփրանօն կ’երգեմ, ալթօն՝ Մարինէ էքիզեանը, երաժիշտ է, դաշնամուրի դասեր կու տայ եւ տեղական քանի մը դպրոցներու մէջ կը դասաւանդէ, պասը՝ Աւետիս Սալիզեանն է, ամուսինս, որ նաեւ Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ դպրաց դասէն կ’երգէ, թենօրը՝ նախապէս Ներսէս Խաչոյեանն էր, որ դժբախտաբար հիմա իր գործին բերումով մաս չի կազմեր խումբին, զինք կը փոխարինէ Արի Ակներեանը:
Հ.- 3 Յունիսին տեղի ունեցաւ ձեր «Հայք» վոքալ քառեակին «Երաժշտական խճանկար» ելոյթը, ի՞նչ մասերէ կը բաղկանար յայտագիրը եւ ի՞նչ էին ձեր տպաւորութիւնները այդ ելոյթէն:
Յ.Գ.- Յայտագիրին առաջին բաժինը մեներգներէ եւ զուգերգներէ կազմուած էր: Ներկայացուցինք դասական օփերային արիաներ հայ եւ օտար երաժիշտներէ (Վերտի, Քուրթիս, Իսպենդիարեան, Տիգրանեան, Կոմիտաս): Դաշնակահարը Խաչատուր Ղազարեանն էր, որ այս բաժնին մէջ դաշնամուրով մենակատարութիւն ունեցաւ: Երկրորդ բաժինը խմբերգային երաժշտութիւն էր Կոմիտասէն, Կանաչեանէն եւ Պախէն: Այս բաժնին մէջ Խաչատուր Ղազարեանը նոյնպէս մենանուագով մը հանդէս եկաւ եւ նուագեց Վաղարշապատի պարը: Ձեռնարկը բաւական յաջող էր: Պէտք է խոստովանիմ, որ ելոյթը լաւ արձագանգ ձգեց գաղութին մէջ: Առաջին ելոյթի տպաւորութիւնները շատ կարեւոր էր մեզի համար, որպէսզի հանդիսատեսը քաջալերուի եւ փափաքի ներկայ ըլլալ մեր յառաջիկայի ելոյթներուն:
Հ.- «Հայք» վոքալ քառեակը մրցանակ ստացաւ նախքան իր առաջին ելոյթը, ինչպէ՞ս արժանացաք այդ մրցանակին:
Յ.Գ.- Ես համացանցի միջոցաւ շատ պրպտումներ կ’ընեմ փառատօներու կամ մրցոյթներու, որոնց կրնանք մասնակցիլ որպէս քառեակ: Այդ պրպտումներուս ընթացքին գտայ «National competition for Canadian amateur choirs» մրցանքը՝ սիրողական երգչախումբերու համար, CBC ռատիոկայանի կազմակերպութեամբ: Ան ունէր զանազան բաժանմունքներ, որպէսզի նոյնատիպ խումբեր իրարու դէմ մրցին: Ես գտայ մեր խումբին յարմարող բաժանմունքը՝ Cultural traditional folk music-ը, որուն մէջ երգչախումբի անդամներու թիւի սահմանափակում չկար (ընդհանրապէս 7-էն աւելի անդամ ունեցող երգչախումբերու համար էր): Մտածեցի, որ այս մէկը լաւ առիթ էր փորձառութիւն ձեռք ձգելու, մանաւանդ որ մրցանքէն ետք դատակազմի նկատողութիւնները կը ղրկուին մեզի: Մրցանքին պէտք էր մասնակցէինք 4 արձանագրուած երգերով, մենք ընտրեցինք Կոմիտասէն չորս կտոր: Այսպիսով փորձառութիւն ունեցանք նաեւ ձայնագրութեան, որ բոլորովին տարբեր է ելոյթներէն: Մրցանակին արդիւնքները ստացանք մեր առաջին ելոյթէն երկու շաբաթ առաջ, եւ արժանացանք երկրորդ մրցանակին: Դատակազմի անդամներուն գրառումները բաւական հետաքրքրական էին, անոնք կը նշէին, թէ մեր ներկայացուցածները նոր տեսակի երաժշտութիւն էր իրենց համար, զոր նախապէս չէին լսած: Մրցանակը շատ ոգեւորիչ անդրադարձ ունեցաւ մեր խումբի անդամներուն վրայ: Այս մէկը հպարտալի առիթ էր ոչ միայն մեզի համար, այլեւ մեր ազգի՛ն համար, որովհետեւ մրցանակէն աւելի զիս հետաքրքրողը այն էր, թէ օտարները ինչպէ՛ս կ’ընկալեն մեր երաժշտութիւնը:
Հ.- Ե՞րբ տեղի պիտի ունենայ ձեր յաջորդ ելոյթը եւ ի՞նչ թեմայով:
Յ.Գ.- Յառաջիկայի մեր ելոյթը նուիրուած է Սուրբ Ծննդեան, որ տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբեր 10-ին Սէն Լորան եկեղեցւոյ մէջ: Այս անգամ «Հայք» քառեակին մաս պիտի կազմէ երեխաներու խումբը, որ կը կոչուի «Փոքր Հայք», բաղկացած 8 երեխաներէ՝ 9-14 տարեկան: Ես երեխաներու հետ կապուած յառաջիկայի ծրագիրներ ունիմ, որոնց նախաքայլը պիտի ըլլայ այս ելոյթը: Ճիշդ է, որ անոնք ամբողջ համերգին պիտի չմասնակցին, բայց կարգ մը երգեր առանձին պիտի երգեն, կարգ մը երգեր ալ մեզի հետ պիտի երգեն, ասոր առնչութեամբ անակնկալներ ալ կան, զորս չեմ ուզեր բացայայտել հիմա: Այս ելոյթին մեզի պիտի նուագակցին լարային խումբ մը. երկու ջութակ, թաւ ջութակ եւ սրինգ: «Հայք» վոքալ քառեակի բոլոր անդամները հայ են, ջութակահարներէն մէկը միայն հայ է՝ Ռոպերթ Մարգարեան, իսկ միւսները՝ օտար: Կարեւորութեամբ կ’ուզեմ նշել, որ մեր ելոյթին հասոյթը պիտի յատկացուի Տաւուշի «Պահապան» զարգացման հիմնադրամին, որ սահմանամերձ գիւղերու համար հայրենանպաստ ծրագիրներ կը մշակէ մարզէն ներս:
Հարցազրոյցը վարեց՝ Սոնա Թիթիզեան