Մարգա՜րը

Այնքան դժուար է ստորոգելիներ դնելը այս անունին քով, որ միայն երկար մը զետեղեցի՝ ընթերցողին թողելով երեւակայել այդ ստորոգելիները։
Իրապէս, ի՞նչ գրէի. երէց եղբա՞յր, անխոնջ ու անդաւաճան գործակի՞ց, սրտակից ընկե՞ր, հայ մշակոյթի նուիրեալ սպասարկո՞ւ… եւ դեռ ինչե՜ր։
Ճիշտ այն պահուն երբ աւարտեցի նոր հատորս՝ այս աշխարհէն հրաժեշտ առած ինծի այնքան սիրելի դէմքերու նուիրուած, ահա Մարգար Շարապխանեանն ալ կ՚երթայ կը միանայ անոնց՝ յաւելեալ պարապ մը ստեղծելով իմ շուրջ։
Անոր հետ հանդիպումներս զիս կը տանին կէս դար ետ, ու չեմ կրնար մտքէս հանել թէ ինչպէս, առաջին իսկ առթիւ, ի՛ր տան մէջ՝ ժողովէ մը ետք, դէմ-յանդիման կու գայի կարծես ինծի հինէ՜ն ծանօթ ընկերոջ մը՝ նոյն մտահոգութիւնները ունեցող, նոյն տեսլականով առաջնորդուող, նոյն նպատակները հետապնդող։
«Համազգային»-ի կազմաւորման տարիներն էին աշխարհի այս ափերուն։ Մոնթրէալն ու Թորոնթոն արդէն յառաջացուցեր էին Միութեան իրենց մասնաճիւղերը, սակայն կային նաեւ մշակութային նախաձեռնութիւններ հետապնդող այլ փոքրիկ միաւորներ, որոնք անջատ կը գործէին Գանատայի ու ԱՄՆ-ի մէջ։ Մենք յանձն էինք առեր համախմբել զանոնք, միացնել անոնց ուժերը աւելի մեծ՝ շրջանային կազմակերպութիւններու մէջ։ Հիմա երբ կը վերյիշեմ այդ օրերը, մեզ երկուքս կը նմանցնեմ ուխտաւորներու եւ մեր այցելած քաղաքներն ու աւանները՝ ուխտատեղիներու, ուր պիտի հանդիպէինք մեզի պէս մտածող ու մեր լեզուին ու մշակոյթին ծառայելու պատրաստ ուժերու, անոնցմէ ալ պիտի ներշնչուէինք եւ ուժ առնէինք ու զարգացնէինք մեր սկսած գործը։ 1976-ին Մոնթրէալի մէջ պիտի կազմուէր Հիւսիսային Ամերիկայի շրջանային միացեալ վարչութիւնը, հինգ անդամներով, մենք երկուքս Գանատայէն, ընկերուհի մը եւ երեք ընկերներ ալ ԱՄՆ-ի արեւելեան շրջանէն։ Յետոյ արդէն տարի մը ետք երկու երկիրները պիտի օժտուէին իրենց սեփական շրջանային վարչութիւններով, միատեղ պիտի կազմակերպէին մշակութային համախմբումներ ու… մնացեալը արդէն պատմութեան կը պատկանի։ Անկէ ետք երկար տարիներ մենք գործակիցներ պիտի ըլլայինք եւ ոչ միայն «Համազգաին»-ի ճամբով։ «Հորիզոն»-ը եւս մեզ միացնող ազդակներէն մէկը պիտի հանդիսանար։ Իր յօդուածներով ու յունական գրականութենէն թարգմանութիւններով Մարգար մնայուն աշխատակիցս պիտի հանդիսանար։
Մարգար պիտի վայելէր իր կողակից ընկհ. Էլիզի քաջալերանքը, նեցուկը եւ գործակցութիւնը իր բոլոր իրագործումներուն եւ պաշտօնավարութիւններուն ընթացքին, մանաւանդ իբր տնօրէնը Թորոնթոյի ամենօրեայ մեր վարժարանին, իսկ իրենց տունը միշտ բաց պիտի ըլլար մեր առջեւ, ուր ուրիշներու նման ես ալ մնայուն սենեակ մը ունէի կարծես իբր տան անդամ՝ երբ որեւէ պատճառաւ Օնթարիօ այցելէի…
Մարգար կարեւոր ներկայութիւն էր նաեւ մեր կուսակցական շրջանային ժողովներուն մէջ, ստանձնելով դիւանային պաշտօններ։
Մարգարի կենսագրութիւնը սերտօրէն կապուած է Գանատայի մեր գաղութին ու Թորոնթոյի մեր համայնքի կենսագրութեան, որ անպայման պէտք է լրիւ գրի առնուի։
Գանատա թէ Հայաստան, ուր ապրեցան իրենց կեանքի այս վերջին տասնամեակները՝ կեանքի երազ մը իրականացնելով, Մարգար եւ էլիզ յաճախ կ՚երեւին յուշագրութիւննրուս մէջ։ Այս քանի մը տողն ալ իբր յաւելում, ի յուշ՝ որ իր ալ յիշատակը մնայ անթառամ։
Հայրենի հողը ջերմ պահէ աճիւններդ, սիրելի ընկեր։
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Նկարին մէջ՝ «Համազգային»-ի մշակութային անմոռանալի համախմբումին, Թորոնթօ, 1987-ին՝ համազգայնականներ՝ խումբ մը մտաւորականներու հետ. ոտքի, ձախէն երկրորդը՝ Մարգար Շարապխանեան։

Comments are closed.