Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը առաջին անգամ ըլլալով մասնակցեցաւ Եւրոպական Միութեան Հիմնարար Իրաւունքներու Համաժողովին – Fundamental Rights Forum 2024
427
0
11-12 Մարտ 2024-ին Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած տարածաշրջանային կարեւոր այս համաժողովին Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը ներկայացուց՝ Հ.Յ..Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի Արտաքին Յարաբերական Յանձնախումբի անդամ ընկեր Յակոբ Սահակեանը: Համաժողովի զանազան նիստերու եւ միջոցառումներւ ընթացքին մասնակիցներուն մօտ Արցախի հիմնախնդրին ու Արցախահայութեան հիմնարար իրաւունքներու իրազեկութեան մակարդակաը բարձրացաւ, ինչպէս նաեւ շարք մը հանդիպումներ կատարուեցան Եւրոպական տարբեր երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ Եւրոպայի Երիտասարդական Ֆորումի նախագահին հետ: Համաժողովը առիթ էր նաեւ Եւրոպական շրջանակներուն մօտ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի յարաբերական դաշտը ընդլայնելու:
Հարկ է նշել, որ Համաժողովին ներկայ էին Եւրոպական Միութեան եւ Եւրոպական Խորհուրդի բարձրաստիճան Քաղաքական գործիչներ, Եւրոպական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու, Ընկերութիւններու, երիտասարդական կազմակերպութիւններու եւ համալսարաններու աւելի քան 700 ներկայացուցիչներ:
Համաժողովը խտացուած յայտագիրով քննարկեց Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց մարտահրաւէրները եւ անոնց լուծումները երեք ընդհանուր վերնագիրներով 1- Պաշտպանել Ժողովրդավարութիւնը եւ Քաղաքացիական իրաւունքը Եւրոպայի մէջ (Protecting democracy and civic space in Europe)
2- Ձեւաւորել ընկերական եւ կենսոլորտային Կայուն Եւրոպա (Shaping a socially and environmentally sustainable Europe)
3- Ապահովել օրէնքի եւ իրաւունքի ենթակայ թուայնացում (Ensuring right-compliant digitalisation)։
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակ Գրասենեակ
Comments are closed.