«ՀՕՄ-ը միշտ հայ զինուորի կողքին է». Հարցազրոյց ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Անի Օհանեանի հետ
«ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանը իր 1200 անդամներուն եւ 10 մասնաճիւղերուն ժրաջան աշխատանքով, այսօր բացառիկ տեղ կը գրաւէ ՀՕՄ-ի աշխարհատարած կառոյցին մէջ»
Հ.- Ընկհ. Օհանեան, ՀՕՄ-ի Գանատայի մասնաճիւղերուն եւ Շրջանային վարչութեան գործունէութեան բնագաւառներուն մասին հակիրճ ձեւով կրնա՞ք անդրադառնալ:
Ա.Օ.- Շրջանային վարչութեան նպաստները մեծ մասամբ կը տրամադրուին Կեդրոնական վարչութեան Հայաստանի, Ջաւախքի եւ Սփիւռքի ծրագիրներուն իրականացման: Վարչութիւնը նոյնքան նուիրումով եւ շարունակ իր բաժինը կը բերէ նաեւ տեղական կրթական, դաստիարակչական եւ ընկերային ծրագիրներուն:
Նման օժանդակութիւններ ի կատար ածելու համար անհրաժեշտ է նիւթականի ապահովումը, որ կ’իրականանայ շնորհիւ հիմնարկներու եւ բարերարներու անվարան աջակցութեան: Անկասկած ասոր պէտք է աւելցնել մեր անդամներու կամաւոր աշխատանքը եւ համակիրներու քաջալերանքը:
Նշեմ, որ մեր ծրագիրներու իրականացումը կը պարտինք վերոնշեալ ազդակներուն:
Հ.- Ի՞նչ էին այս տարեշրջանի Կեդրոնական վարչութեան ծրագիրները, որոնց նպաստեց ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը:
Ա.Օ.- Այս տարեշրջանին մեր մասնակցութիւնը բերած ենք ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հետեւեալ ծրագիրներուն.
1) Որբերու Խնամակալութեան եւ Ուսման ծրագիր. Կեդրոնական վարչութեան հսկողութեամբ, անցնող քսանութ տարիներուն Հայաստանի մէջ հովանաւորութիւն ստացած են շուրջ 7000 ծնողազուրկ երեխաներ, որոնցմէ 2000-ը՝ Գանատայէն խնամակալներու կողմէ:
2) Ախուրեանի Մօր ու Մանկան Ծննդատուն. մեր տարեկան յատկացումներէն անկախ, հինգ տարի առաջ, Գանատայի շրջանը Ախուրեանի Մօր ու Մանկան Ծննդատունը օժտեց $15,000 արժող Ultrasound–ի նոր սարքով մը, իսկ այս տարեշրջանին, քաջալերելու համար աղջիկ զաւակներու ծնունդը, երկրորդ աղջիկ զաւակ ծնող 28 մայրերու տրամադրեցինք 150-ական ամերիկեան տոլար:
3) Սուրիահայութեան Օժանդակութիւն. Սուրիոյ պատերազմի հետեւանքով՝ տարեկան դրութեամբ, որպէս կաղանդչէք 8400 ամերիկեան տոլար կը յատկացնենք Սուրիահայ Օգնութեան Խաչին, ձմեռնային բաճկոններ նուիրելով դպրոցական աշակերտներուն, միեւնոյն ժամանակ եկամուտի աղբիւր ստեղծելով գործի կարիք ունեցող հայ կիներու։ Օժանդակած ենք նաեւ տաք ճաշ եւ տաքուկ բնակարան ծրագիրներուն։
4) Մեր յատկացումները կը շարունակենք Արցախի Սօսէ Մանկապարտէզներու ծրագրին։ Ստեփանակերտի նորակառոյց մանկապարտէզի շէնքին Գանատայի շրջանը հանգանակեց $145,000։ Այս ծրագրին համար Շրջանային վարչութիւնը իր տաս մասնաճիւղերով հովանաւորեց դասարան մը, նուիրելով $25,000, ընկհ. Շաքէ Կէօնճեան եւս հովանաւորեց դասարան մը, դարձեալ նուիրելով $25,000։ Իսկ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ «Նոր Ծաղիկ» մանկապատանեկան երգչախումբը յատուկ համերգ մը կազմակերպեց եւ 33,000 գանատական տոլար յատկացուց այս ծրագրին։ Մնացեալ մեծ թէ փոքր գումարները հանգանակուեցան մեր ազգայիններէն ու համակիրներէն։
Տարեկան $30,000-ով կը հովանաւորենք Հադրութի շրջանի Մեծ Թաղեր սահմանամերձ գիւղի Սօսէ մանկապարտէզի ծրագիրը։
Նիւթապէս կ’օժանդակենք նաեւ Ջաւախքի բազմազաւակ ընտանիքներուն, Պուլկարիոյ հայ վարժարաններուն եւ Լաւագոյն ուսանող ծրագրին:
5) Երեւանի թիւ 1 Հիւանդանոցի Հաշմանդամ Զինուորներու Վերականգնողական Կեդրոնի օժանդակութիւն. այս ծրագրին յատկացուցինք 22,100 ամերիկեան տոլար։
6) ՀՕՄ-ի Համահայկական Հիմնադրամ՝ «Տեսլական 2020» ծրագիր, որ Կեդրոնական վարչութեան հզօրացման կարեւորագոյն ծրագիրներէն կը նկատուի, որուն կ’ուզեմ անդրադառնալ առանձին։
Հ.- Յիշեցիք, թէ տեղական առումով ալ ծրագիրներ կ’իրականացուին Գանատայի Շրջանային վարչութեան կողմէ. կրնա՞ք անոնց մասին ալ տեղեկութիւն փոխանցել ընթերցողներուն:
Ա.Օ.- Տեղական առումով, մեր ծրագիրներէն յիշեմ հետեւեալները.
1) Գանատայի տարածքին հայ վարժարաններու տարեկան յատկացումներ
2) Համալսարանական 12 հայ ուսանողներու կրթաթոշակ
3) 2 Մրցանակ երկրորդական աւարտական կարգի աշակերտներու
4) Հայ Դատի աշխատանքներու զօրակցութիւն
5) Հայաստանի դեսպանատան զօրակցութիւն եւ տարեկան նիւթական յատկացում
6) Գրպանի օրացոյց
7) Սրտէ-Սիրտ խմբակցութիւն
Վերջին երկու ծրագիրները մեր նիւթական եկամուտի կարեւորագոյն աղբիւրները կը նկատուին։ Անոնցմով է, որ մեր կրթական օճախներու յատկացումները եւ տասներկու համալսարանական ուսանողներու կրթաթոշակները կ’ապահովենք։
Հ.- Արհեստագիտութեան հետ քայլ կը պահէ Շրջանային վարչութիւնը եւ ունի իր կայքէջն ու դիմատետրի էջը: Ի՞նչ նորութիւններ ունիք այս առումով:
Ա.Օ.- Մեր դիմատետրը եւ կայքէջը կանոնաւորապէս կը թարմացուին։ Կայքէջը մօտօրէն պիտի նորոգուի, առաւել եւս հեշտացնելու մեր մասնաճիւղերու ներդրումը։ Յիշենք նաեւ որ առաջին էջին վրայ տեղադրեցինք առցանց նուիրատուութեան դրութիւնը։ DONATE NOW կոճակը սեղմելով, նուիրատուին դիւրութիւն կը ստեղծուի իր գտնուած վայրէն նուիրատուութիւն կատարելու Շրջանային վարչութեան զանազան ծրագիրներուն։
Անոնք որոնք կը փափաքին այս դրութենէն օգտուիլ, կրնան մեր կայքէջի հետեւեալ հասցէն այցելել. www.ars-canada.ca
Հ.- Գանատայի ՀՕՄ-ը կը նկատուի կնոջական եւ մարդասիրական մեծագոյն կազմակերպութիւններէն մէկը. ի՞նչ է ՀՕՄ-ի առաքելութիւնն ու գործունէութեան նպատակը:
Ա.Օ.- Հայ Օգնութեան Միութեան առաքելութիւնը, ինչպէս է նաեւ պարագան բարեսիրական եւ մարդասիրական բոլոր կազմակերպութիւններուն, օժանդակել է կարիքաւորներուն եւ ընկերային ծանր պայմաններ դիմագրաւողներուն:
Հայ կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս ու մանաւանդ ընկերային, կրթական, բարեսիրական եւ առողջապահական մարզերէն ներս, ՀՕՄ-ը միշտ եղած է տիրական ներկայութիւն։ Մէկ դարու պատմութիւնը բաւական է գաղափար մը տալու այս մեծ կազմակերպութեան բազմակողմանի ծրագիրներուն մասին։ «Դար մը ամբողջ ծառայութիւն» կարգախօսը կը պարփակէ մեր գործունէութեան լայնածաւալ աշխատանքի ծիրը:
ՀՕՄ-ը աշխոյժ եւ անխոնջ կերպով ծառայած է 27 երկիրներու մէջ եւ արժանապատուօրէն պահած է իր ազգային դիմագիծը։ Իսկ Գանատայի շրջանը իր մօտաւոր 1200 անդամներուն եւ 10 մասնաճիւղերուն ժրաջան աշխատանքով, այսօր բացառիկ տեղ կը գրաւէ ՀՕՄ-ի աշխարհատարած կառոյցին մէջ: Մեր անդամներու անշահախնդիր նուիրումին եւ մեր առաքելութեան հաւատացող բարերարներու անվերապահ օժանդակութեան կը պարտինք մեր ծրագիրներուն յաջողութիւնները։
Հ.- 2018-ին Գանատայի ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ ՀՕՄ-ի շրջանը աջակցեցաւ Երեւանի թիւ 1 Հիւանդանոցի Հաշմանդամ Զինուորներու Վերականգնողական Կեդրոնին. ի՞նչ աշխատանք տարուեցաւ այս ուղղութեամբ եւ ի՞նչ կարելի եղաւ իրագործել:
Ա.Օ.- Երեւանի թիւ 1 Հիւանդանոցի Հաշմանդամ Զինուորներու Վերականգնողական Կեդրոնը պիտի օգնէ վիրաւոր եւ հաշմանդամ զինուորներու, որոնք իրենց կեանքը վտանգած են յանուն մեր հայրենիքի պաշտպանութեան, անոնց ապահովելով յատուկ խնամք եւ ապաքինման նպաստող բժշկական սարքեր։
Ընդառաջելով Կեդրոնական վարչութենէն ստացած շրջաբերականին, Շրջանային վարչութիւնս կոչ ուղղեց իր մասնաճիւղերուն եւ յատուկ հաղորդագրութեամբ մը մամուլով անդրադարձաւ վերոնշեալ կեդրոնին հիւանդանոցային սարքով անկողիններ տրամադրելու կարեւորութեան։ Կեդրոնական վարչութիւնը ծրագրած էր 50 անկողին ապահովել այս կեդրոնին։
Պէտք է նշել, որ մեր տասը մասնաճիւղերուն ջանքերով եւ այս ծրագրի կարեւորութեան հաւատացող մեր անդամերուն ու համակիրներուն նուիրատուութեամբ, ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանի 22,100 ամերիկեան տոլարի ներդրումով, հիւանդանոցը օժտուեցաւ 13 ելեկտրական յատուկ սարքաւորում ունեցող անկողիններով. իւրաքանչիւր անկողին ունէր 1700 տոլարի արժողութիւն։ ՀՕՄ-ը միշտ հայ զինուորի կողքին է։
Հ.- ՀՕՄ-ի գործունէութիւնը միշտ եղած է բեղուն, սակայն ունեցած է նաեւ մարտահրաւէրներ, որոնցմէ կարեւորագոյնը եղած է շարքերը երիտասարդացնելու եւ նոր անդամներ ներգրաւելու հարցը: Այս միջոցին սուրիահայերու ներգաղթը որքանո՞վ սատարեց ՀՕՄ-ի Գանատայի մասնաճիւղերու շարքերու խտացման:
Ա.Օ.- Ինչպէս գիտէք, անդամարշաւը հիմնաքարն է կազմակերպութեան մը, որուն յարատեւումը ուղղակի կախեալ է երիտասարդ նորագիրներու ներգրաւումէն եւ ներդրումէն։ ՀՕՄ-ի շարքերը խտացնելու եւ գործունէութեան դաշտը այժմէականացնելու նպատակով՝ Շրջանային վարչութիւնն ու իր մասնաճիւղերու վարչութիւնները ջանք չեն խնայեր ներգրաւելու համար մասնագիտացած երիտասարդ տարրը, անոնց վստահելով զիրենք հետաքրքրող ծրագիրներու իրագործումը։
Սուրիահայութեան ներգաղթին կապակցաբար, պատերազմի հետեւանքով Գանատա հաստատուած մեր հայրենակիցները իրենք զիրենք գտան նոր միջավայրի մը մէջ, երկրի օրէնքներուն, սովորութիւններուն եւ քաղաքացիական իրաւունքներուն ու պարտաւորութիւններուն բոլորովին անծանօթ: Մեր մեծ թէ փոքր մասնաճիւղերը առաւելագոյն չափով սատարեցին, ոչ միայն անոնց տրամադրելով բնակարանային սարքաւորումներ, ձմեռնային վերարկուներ, այլեւ հայ վարժարան յաճախող սուրիահայ աշակերտներուն ապահովեցին դպրոցական պայուսակներ, դասագրքեր եւ գրենական պիտոյքներ: Օժանդակեցին կառավարական փաստաթուղթերու ամբողջացման, ֆրանսերէն կամ անգլերէն լեզուներու դասընթացքներու արձանագրութեան եւ միջոցներ ստեղծեցին յարմարագոյն աշխատանքներ գտնելու։
Վերադառնալով անդամ ներգրաւելու ձեր հարցումին, վարչութիւնները հրաւիրեցին նորահաստատ ընտանիքի մայրեր եւ երիտասարդներ, թէյասեղանի մը շուրջ, իրենց զեկուցելու Հայ Օգնութեան Միութեան առաքելութեան եւ տեղական թէ համահայկական ծրագիրներուն մասին։ Եղան անշուշտ խրախուսուողներ եւ տեղւոյն վրայ արձանագրուողներ, իսկ յետագային, անոնք որոնք աւելի հանգիստ եւ հաստատուած զգացին, միացան մեր շարքերուն՝ իրենց հետ բերելով նաեւ իրենց մտերիմ բարեկամներն ու հարազատները։ Ունեցանք նաեւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի անդամներէն փոխանցագրեր։ Այս նոր անդամները այժմ մաս կը կազմեն իրենց հաստատուած քաղաքներուն՝ Մոնթրէալի, Թորոնթոյի, Լաւալի, Վանգուվըրի եւ Գեմպրիճի մեր մասնաճիւղերուն։
Հ.- ՀՕՄ-ը վերջերս ծրագիրներ կը մշակէ Հայաստանի կանանց իրավիճակի բարելաւման ի խնդիր. Գանատայի շրջանը ինչպէ՞ս պիտի սատարէ այս ծրագրին:
Ա.Օ.- ՀՕՄ-ը որպէս բարեսիրական կանանց կազմակերպութիւն իր լայնատարած գործելադաշտին մէջ ի հարկէ պէտք է իր ուշադրութիւնը դարձնէ նաեւ կանանց կարիքներուն, յատկապէս Հայաստանի կանանց իրավիճակի բարելաւման ի խնդիր։
2017-ի Պատգամաւորական ժողովը արծարծեց այս նիւթը եւ այժմէական ու անյետաձգելի գտնելով՝ բանաձեւ որդեգրեց, որ Գանատայի շրջանը աշխատանք տանի Հայաստանի կանանց կեանքի բարելաւման կարելիութիւնները սերտելու: Ընթացք տալով այդ բանաձեւին, վարչութիւնս յանձնախումբ մը կազմեց, որոնք նախագիծ մը պատրաստեցին փորձառական ծրագիր մը սկսելու (Pilot project)։ Ծրագրի նախագիծը ներկայացուեցաւ Կեդրոնական վարչութեան, որոնց հաւանութեան կը սպասենք՝ մեր Շրջանային Պատգամաւորական ժողովին ներկայացնելու, առ ի վաւերացում։
Հ.- ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը յայտարարած է «Տեսլական 2020» ծրագիրը. ի՞նչ պիտի ըլլայ ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանի ներդրումը:
Ա.Օ.- ՀՕՄ-ի առաքելութիւնը շարունակելու եւ իր ապագայի ծրագիրները գործադրելու համար, անհրաժեշտ էր ՀՕՄ-ի հիմնադրամի բարգաւաճումը, որ կը միտի կազամակերպութեան նիւթական դժուարութիւններու յաղթահարման եւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան համահայկական բոլոր ծրագիրներու շարունակման ու զարգացման։ Հետեւաբար Կ. վարչութիւնը յատուկ շրջաբերականով մը իր շրջաններուն եւ անոնց ընդմէջէն մասնաճիւղերուն եւ անդամներուն նիւթական աջակցութիւնը ուզեց ապահովել։ Ասոր առընթեռ, մայր յանձնախումբ մը կազմեց, որուն հիմնական աշխատանքը պիտի ըլլայ յատուկ նախաձեռնութիւններով իրականացնել հիմնադրամի նախատեսուած հինգ միլիոն տոլարի թիրախը մինչեւ 2020 թուական։
«ՀՕՄ-ի Տեսլական 2020» ծրագրի առաջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 2017-ին համացանցի վրայ իրականացուած համաշխարհային աճուրդով։ Բոլոր ցամաքամասերէն նուիրուած առարկաներ աճուրդի դրուեցան, որոնցմէ գոյացաւ 15,000 տոլարի կոկիկ գումար մը։ Երկրորդ նախաձեռնութիւնը իւրաքանչիւր անդամի տարեկան 50 ամերիկեան տոլարի յատկացումն է, երեք տարիներու վրայ։ 2018-ին Գանատայի շրջանի անդամներուն եւ վարչութիւններուն ներդրումով, ըստ մեր անդամներուն թիւին, շուրջ 60,000 ամերիկեան տոլար փոխանցեցինք Կեդրոնական վարչութեան։
Երրորդ նախաձեռնութիւնը Մայքլ Արամի՝ յատուկ այս ծրագրին համար պատրաստած յուշապնակներն են, իւրաքանչիւրը 100 ամերիկեան տոլարի արժողութեամբ։ Շրջանիս տրամադրուեցան 200 պնակներ, որոնք մեծ մասամբ սպառած են, շնորհիւ մեր մասնաճիւղերուն եւ մայր յանձնախումբին ջանքերուն։ Չորրորդ նախաձեռնութիւն մը եւս ծրագրումի ընթացքի մէջ է, որուն մասին մեր վարչութիւններն ու անդամները տեղեակ պիտի պահենք, երբ տուեալները ունենանք։
Հ.- Տիկի՛ն Անի, ՀՕՄ-ը անվարան նեցուկ կը կանգնի մեր ժողովուրդին՝ ի սփիւռս աշխարհին, ապա՝ իր կարգին, ի՞նչ ակնկալութիւն ունի ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանը գաղութի զաւակներէն:
Ա.Օ.- Ինչպէս յիշեցինք, Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շրջանային վարչութեան ու իր մասնաճիւղերու գործունէութեան դաշտը ընդարձակ է եւ կարիքը ունի բարեացակամ նուիրատուներու եւ բարերարներու նիւթական օժանդակութեան, որ պիտի նպաստէ միութեանս բազմապիսի ծրագիրներու իրականացման:
Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը անգամ մը եւս կը գնահատէ իր անդամներուն եւ համակիրներուն շարունակական նիւթական թէ բարոյական աջակցութիւնը ՀՕՄ-ի բոլոր ծրագիրներուն:
Հարցազրոյցը վարեց
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան