«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» կուսակցութիւնը, հաւատարիմ մնալով իր ձեւաւորած աւանդոյթին, ակնկալուող արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի առանց դաշինքի:
«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` ԱԺ ճեպազրոյցի ընթացին այդ մասին յայտարարեց ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:
«Տեղի ունեցած Գերագոյն ժողովին որոշուած է մասնակցիլ ընտրութիւններուն: «Հայ Յեղափոխական դաշնակցութիւն»ը երբէք դաշինքներով չէ գացած ընտրութիւններու: ՀՅԴ-ն ողջ քաղաքական դաշտին մէջ կ՛առանձնայ իր կերպարով, եւ ունենալով այդ առանձնայատկութիւնները, մենք կը գերադասենք այս անգամ եւս առանց դաշինքի մասնակցիլ»,-ըսած է Ռուստամեան: