ՀՅԴ Ծրագիր՝ Արցախի Երիտասարդութեան Կարողականութեան եւ Հմտութիւններու Զարգացման Համար

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեան եւ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական միութեան կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Վահագն Խաչատրեանը այսօր՝ Մարտ 2-ին, հանդիպումներ ունեցած են Ստեփանակերտի մէջ գործող Մեսրոպ Մաշտոց Համալսարանի ղեկավար Դ.Ս.Գաբրիէլեանի եւ Գրիգոր Նարեկացի համալսարանի հասարակայնութեան եւ լրատւութեան բաժինի պատասխանատու Սոնա Համբարձումեանի, ՈՒԽ նախագահ Նորա Աղաբաբեանի եւ տեղակալ Նարինէ Առուշանեանի հետ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ապառաժ»-էն։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի եւ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարական միութեան կողմէ նախատեսուող Արցախի երիտասարդութեան կարողականութեան եւ հմտութիւններու զարգացման դասընթացներուն ուսանողներու ներգրաւուածութեան հարցը եւ համաձայնութիւն եղած է ծրագիրին հետ կապուած յետագայ համագործակցութեան շուրջ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.