ՀՅԴ-Ի ԿՈՂՄԷ ԳԵՂԱՐՔՈՒՆԻՔԻ ՆԱԽԿԻՆ ՄԱՐԶՊԵՏԸ Կ’ԱՌԱՋԱԴՐՈՒԻ ՆՈՅՆ ՄԱՐԶԻՆ ՄԷՋ
1991
0
Գեղարքունիքի նախկին մարզպետ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ Իշխան Սաղաթէլեան տարածած է յայտարարութիւն մը, որով կը տեղեկացնէ Ազգային Ժողովի արտակարգ ընտրութիւններուն մասնակցելու մասին:
Ան կը պատրաստուի վարկանշային ընտրակարգով առաջադրուիլ Գեղարքունիքի մարզին մէջ։
«Սիրով կը տեղեկացնեմ, որ յառաջիկայ Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն վարկանշային կարգով պիտի առաջադրուի իմ թեկնածութիւնը Գեղարքունիքի մարզին մէջ:
Կ’ակնկալեմ ձեր աջակցութիւնը եւ սատարումը:
Յ.Գ. Անաւարտ մնացած ծրագիրներու եւ նոր գաղափարներու կեանքի կոչելու համար ստեղծուած է առիթ մը եւս, որ պէտք է օգտագործենք միասին:
Սիրով՝ Ձեր ամէնօրեայ ընկեր Իշխան Սաղաթելեան», ըսած է ան իր յայտարարութեան մէջ: