ՀՅԴ երիտասարդականի և ուսանողականի անդամները օգնութիւն կը տրամադրեն Արագածոտնի մարզի ընտանիքներու
Մայիս 10-ին, Դաշնակցութեան երիտասարդականի և ուսանողականի ընկերները Արագածոտնի մարզի 145 ընտանիքներու օգմութիւն տրամադրեցին։
ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան եւ ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութեան անդամներ անցնող օրերուն այցելած էին Գեղարքունիքի, Տաւուշի, Վայոց Ձորի մարզեր եւ հարիւրաւոր ընտանիքներու օգնութեան փաթեթներ տրամադրած էին։
«Օգնիր հարենակցիդ» ծրագրով մինչ այժմ գոյացած միջոցներով օգնութիւն տրամադրուած է շուրջ 900 ընտանիքի։
ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութիւնը (ԳԵՄ) եւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութիւնը միացած են Հայաստանի իրենց գաղափարակից ընկերներու «Օգնիր հարենակցիդ» ծրագրին եւ Մայիս 8ին հրապարակեցին առցանց նուիրահաւաքի տուեալներն ու մանրամասնութիւնները։
ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութեան եւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան նուիրահաւաքին մասնակից դառնալու եւ մեր հայրենակիցներուն օգնութեան ձեռք երկարելու համար այցելել այս կայքը.
Նշենք, որ 20 տոլար եւ աւելի նուիրատուութիւնները կը ստանան Գանատայի պետական տուրքի ստացագիր։
https://acc.akaraisin.com/Donation/Event/DonationInfo.aspx?seid=22365&mid=48
«Օգնիր հայրենակցիդ» ծրագրով օժանդակութիւն եւ օգնութիւն կը տրամադրուի Հայաստանի մարզերու եւ սահմանամերձ գիւղերու կարիքաւոր ընտանիքներու։ Այս գծով, իրենց ներդրումը կը կատարեն, նաեւ Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի հայրենադարձներու խորհրդատուութեան գրասենեակը, Հայաստանի Հայ Օգնութեան Միութիւնն ու Հ․Մ․Ը․Մ․- Հ․Ա․Ս․Ք․-ը։