Դաւիթ Պապայեան Պաքուէն. «Վճիռը գրեթէ ամբողջութեամբ արտագրուած փաստաթուղթ մըն է»
- (0)

Պաքուի բանտին մէջ պահուող Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Պապայեան նոր ուղերձով անդրադարձած է իր եւ Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչներուն դէմ ընթացող դատական գործընթացի վերջին զարգացումներուն՝ յայտնելով, որ վերաքննիչ դատարանի վճիռը իրենց փոխանցուած է 47 հատորով, իսկ պաշտպան փաստաբաններէն ոմանք վճռաբեկ բողոք ներկայացուցած են Ատրպէյճանի Գերագոյն դատարան։
Պապայեան յայտնած է, որ Սեպտեմբեր 18-ին իրենց տրամադրուած է վերաքննիչ դատարանի վճիռին ելեկտրոնային տարբերակը։ Փաստաթուղթը, իր փոխանցմամբ, ստորագրութիւն կամ այլ պաշտօնական նշում չի պարունակեր եւ ընդհանուր առմամբ կը բաղկանայ 47 հատորէ։
Ան նշած է, որ վերաքննիչ ատեանի փաստաթուղթը գրեթէ ամբողջութեամբ կը կրկնէ դատախազութեան եւ առաջին ատեանի դատարանի ներկայացուցած հիմնաւորումները։
«99.9 տոկոսով փաստօրէն արտագրուած է իրենց դատախազութեան եւ առաջին ատեանի դատարանի որոշումէն։ Որեւէ ձեւով չի տարբերիր։ Copy-paste եղած փաստաթուղթ մըն է», ըսած է Պապայեան։
Ան միաժամանակ ուշադրութիւն հրաւիրած է այն հանգամանքին վրայ, որ վերաքննիչ դատարանի տարբերակին մէջ իր եւ միւս ամբաստանեալներուն ցուցմունքներուն ու հակափաստարկներուն մէկ մասը դուրս ձգուած կամ խմբագրուած է։
Պապայեան օրինակ բերած է իրենց դէմ ներկայացուած՝ «յանցաւոր միաւորման» անդամակցութեան մեղադրանքը։ Դատարանին մէջ ան շեշտած է, որ եթէ Արցախի պետական կառոյցները կը ներկայացուին իբրեւ յանցաւոր միաւորում, ապա հարց կը յառաջանայ, թէ ինչպէ՛ս Ատրպէյճանի նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւ տարիներ շարունակ պաշտօնական բանակցութիւններ վարած է Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ Պապայեանի խօսքով՝ այդ հակափաստարկը վերաքննիչ դատարանի փաստաթուղթէն հանուած է, մինչդեռ պահպանուած է միայն իր այն դիտարկումը, թէ նման մօտեցումը հարցականի տակ կը դնէ նաեւ Ատրպէյճանի պետական որոշումներու օրինականութիւնը։
Ան նաեւ ծաղրած է իր դէմ ներկայացուած տնտեսական չարաշահումներու մեղադրանքները՝ նշելով, որ երբեք գործարարութեամբ չէ զբաղած։ Պապայեան անհեթեթ որակած է նաեւ այն պնդումը, թէ 1988-1991 ժամանակաշրջանին մաս կազմած է պատերազմի եւ խաղաղութեան վերաբերող որոշումներ ընդունող մարմինի մը՝ ընդգծելով, որ 1988-ին ինք տակաւին դպրոցական էր։
«Ասիկա անմակարդակ գրաքննութեան ենթարկուած փաստաթուղթ մըն է», ըսած է ան։
Պապայեան նաեւ յայտնած է, որ պաշտպան փաստաբանները վճռաբեկ բողոք ներկայացուցած են Գերագոյն դատարան, թէեւ վերջին շրջանին իրենց հետ հանդիպում չեն ունեցած։ Իր պաշտպանին ներկայացուցած բողոքը ան բարձր գնահատած է՝ նշելով, որ այնտեղ արձանագրուած են դատական գործընթացին մէջ տեղ գտած ներպետական օրէնսդրութեան եւ միջազգային իրաւունքի խախտումները։
Պապայեան ակնկալութիւն չունի, որ Գերագոյն դատարանի փուլը պիտի փոխէ գործին ընթացքը։ Ան ընդգծած է, որ այդ ատեանին դիմելը, այնուամենայնիւ, անհրաժեշտ է՝ ներպետական դատական ընթացակարգերը սպառելու եւ հետագայ քայլերու համար համապատասխան հիմք ստեղծելու նպատակով։
Ան նաեւ յայտնած է, որ վերաքննիչ դատարանի տրամադրած նիւթերուն վերջին՝ 47-րդ հատորը, որ 333 էջ կը հաշուէ եւ պէտք է ներառէր որոշումներու հիմնաւորումները, իրենց ընդհանրապէս չէ տրամադրուած։
Ուղերձի աւարտին Պապայեան շեշտած է, որ Պաքուի մէջ պահուող հայերը չեն յուսահատած եւ ամուր կը մնան՝ շնորհակալութիւն յայտնելով իրենց սատարող հայրենակիցներուն։
Պաքուի մէջ կը շարունակուին Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան եւ այլ հայ գերիներու նկատմամբ դատական գործընթացները, որոնք հայկական կողմին եւ միջազգային շարք մը իրաւապաշտպան շրջանակներու կողմէ բազմիցս արժանացած են քննադատութեան՝ արդար դատաքննութեան չափանիշներու պահպանման վերաբերեալ լուրջ հարցադրումներու պատճառով։