ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Համագանատական սեմինարը տեղի ունեցաւ «Այսօրուան երիտասարդը՝ վաղուան երդուեալը» կարգախօսով

Մայիս 16-19 շաբաթավերջին ընթացքին, Christy lake-ի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի Երիտասարդական Միութեան համագանատական սեմինարը, որ նուիրուած էր նահատակ ընկեր Քրիստափոր Արթինին։ Սեմինարին կարգախօսն էր «Այսօրուան երիտասարդը՝ վաղուան երդուեալը»։ Սոյն սեմինարին մասնակցեցան 122 ԳԵՄ-ականներ։

Սեմինարը իր բնոյթով իւրայատուկ էր։ Այս տարի ԳԵՄ-ականներուն կողքին հրաուիրուած էին շրջանավարտ 5 ընկերներ, որպէս խմբապետական կազմ։ Ընկերները հսկեցին խումբերու աշխատանքներուն եւ անբաժանելի մասը դարձան սոյն սեմինարին յաջողութեան։ Ի տարբերութիւն նախորդ սեմինարներուն, այս տարի կեցութիւնը վրանային դրութեամբ էր, որուն նպատակն էր բարձրաձնել մեր ընկերներուն մարտունակութիւնը։
Սեմինարի օրակարգը բեղուն էր։ Ընկերները հասան բանակավայր, բաժնուեցան խումբերու, որոնք կրեցին դաշակցական ղեկավար դէմքերու անուններ։ Սեմինարին պաշտօնական բացումէն ետք ընկերները ընթրեցին եւ ծանօթացման խաղ մը խաղալով փակեցին առաջին օրուան օրակարգը։ Անկախ աննպաստ օդէն, ԳԵՄ-ականները վաղ առաւօտեան արթննալով կատարեցին իրենց համար կազմակերպուած ֆիզիքական մարզանքները։ Դրօշակի արարողութենէն ետք ընկերները ուղղուեցան դէպի ճաշասրահ, ուր նախաճաշեցին եւ անցան դասախօսութեան։ Կեդրոնական վարչութիւնը զրոյց մը կազմակերած էր «Եսն ու մենքը» վերնագրով։ Սեմինարին մասնակիցները պատասխանեցին զրուցավար ընկերոջ հարցումներուն։ Վերջաւորութեան զրուցավար ընկերը իր զրոյցը եզրափակեց, ըսելով թէ զօրաւոր եսեր են պէտք՝ ստեղծելու զօրաւոր մենքը։ Կեանքի մէջ մարդս պէտք է դաւանի իրմէ մեծ գաղափար մը, որուն շուրջ կը գտնէ իր կեանքին գաղտնիքը։ եսը ժամանակաւոր է, իսկ մենքը՝ մշտական։ Անկէ ետք ընկերները ընթրեցին, աւա Խարոյկին շուրջ ազգային եւ յեղափոխական երգեր երգելով, մէկ անգամ եւս ուխտեցին նուիրուիլ հայ ժողովուրդի դատին։

Սեմինարին ընթացքին ընդունեցինք 3 դասախօսներ։ Ընկհ. Քրիստինէ Վարդանեանը՝ ՀԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ եւ ՀՀ ԱԺ-ի պատգամաւոր, որ դասախօսեց երիտասարդական միութիւններուն դերակատարութեան մասին՝ պատրաստելու վաղուան քաղաքական դէմքերը։ Ընկերուհին իր դասախօսութենէն ետք պատրաստած էր աշխատանոց մը։

Երկրորդ դասախօսը ընկհ. Լորի Ապրաքեանն էր, Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի տնօրէնուհին։ Ան դասախօսեց երիտասարդական միութեան դերին մասին՝ ԳԵՄ-ականներուն ապագայ կեանքի ասպարէզներու զարգացման վրայ։

Ընկեր Ժիրայր Պէօճէքեանն էր սեմինարին երրորդ դասախօսը։ Ան ԳԵՄ-ականներուն փոխանցեց 2 նիւթեր. առաջինը Երիտասարդական միութիւններուն դերակատարութեան մասին՝ ազգային ազատագրական պայքարին մէջ, իսկ երկրորդ նիւթը առցանց ապահովութեան մասին էր, որուն ընթացքին ընկերը խօսեցաւ անոր կարեւորութեան մասին։

Սեմինարին փակման արարողութեան ընթացքին ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Մոսիկ Արզումանեան փոխանցեց իր պատգամը սեմինարին մասնակիցներուն ըսելով. «Սիրելի՛ ընկերներ, արդէն ժամը հասած է փակելու Քրիստափոր Արթին Համագանատական սեմինարը։ Այս շաբաթավերջին ընթացքին դուք փաստեցիք, որ ազգային պայքարի ջահը փոխանցուած է մեր սերունդին։ Ընկեր Քրիստափոր Արթինի պայքարը մեր պայքան է, ընկերնե՛ր, հայ ժողովուրդի պայքարն է, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պայքարն է, եւ այս պայքարը, ընկերնե՛ր, կը հասնի իր աւարտին միայն յաղթանակով։ Յաղթանակը կը պահանջէ զոհողութիւն, զոհողութիւնը կը պահանջէ մաքուր սրտով, արթուն մտքով եւ հզօր հոգիով, ֆիզիքապէս եւ մշտապէս պատրաստ երիտասարդութիւն։ Ընկերնե՛ր, իսկապէս դուք ձեր աշխատանքով նախ դուք ձեզի, ապա ձեր միութեան փաստեցիք, որ դուք պատրատ էք մեր ազգային պայքարին։ Այս է երիտասարդութեան դերը ազգային պայքարին հանդէպ, ընել այն ինչ, որ ուրիշը չ’ուզեր ընել։ Մենք երդուեալներ ենք, եւ մեր երդումը տուած ենք մեր Հայրենիքին եւ Աստուծոյ առաջ։ Այս սեմինարը ամենամեծ երաշխիքն է մեր գաղութիւն, որ իր զաւակները պատրատ են գոյատեւելու ուժեղ եւ կազմակերպուած ձեւով:

«Մենք Դաշնակցականներ ենք, ընկերնե՛ր, եւ զիրար վարձքդ կատար չենք ըսեր։ Այդ երախտագիտութիւնը կը ստանան միայն մեր նահատակները, որոնք անմահ կը մնան մեր մտքերուն եւ սրտերուն մէջ։ Բոլոր նահատակներուն պայքարը կը շարունակուի, երբ անոնց յաջորդող ջահակիրները գան։ Մեր սեմինարին ընթացքին բոլորս միասին հպարտօրէն կանչեցինք «այսօրուան երիտասարդը՝ վաղուան երդուեալը» եւ այսպիսով ստանձնեցինք մեր նահատակներուն պայքարի ջահը։ Կա՛մ կը յիշուինք որպէս պատասխանատու ջահակիրներ, կա՛մ որպէս անկազմակերպ սերունդ։ Մենք պատասխանատու ենք մեր նոր սերունդներուն հանդէպ։ Մենք պիտի զոհուինք, որ ուրիշը ապրի։ Ուրիշէն մի՛ սպասեր ընել այն, ինչ որ դուն պատրատ չես ընելու։ Այս սեմինարին խորագիրն էր ղեկավարութիւնը, եւ ղեկավարը, ընկերնե՛ր, ո՛չ պաշտօն է, ոչ ալ տիտղոս։ Ղեկավարութիւնը առաքելութիւն է, եւ ընկեր Քրիստափոր Արթինը ղեկավար էր, որովհետեւ իր օրինակով թողեց Գանատան եւ դառնալով հայրենադարձ՝ շէնցուց հայրենի օճախը։ Ան շարունակեց իր առաքելութիւնը մինչեւ իր վերջին շունչը հայրենի հողին վրայ։ Հիմա ջահը փոխանցուած է մեզի։ Յաջողութիւն մեր բոլորին»։