ՀՅԴ ԳԵՄ-ի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ հսկում եւ մոմավառութիւն Լաւալի մէջ Ցեղասպանութեան յուշարձանին դիմաց
- (0)

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ» եւ «Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղերուն, 23 Ապրիլ 2025-ին երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ հսկում եւ մոմավառութիւն Լաւալի մէջ Ցեղասպանութեան յուշարձանին դիմաց, ներկայութեամբ Հոգշ. Տէր Յակոբ Վրդ. Եագուպեանի, Գանատայի Դաշնակցային կառավարութեան խորհրդարանի պատգամաւոր Անի Քութրաքիս, Պահպանողական կուսակցութեան Լաւալի շրջանի թեկնածու Քոնսթանթինոս Միրաքոս, Լաւալի Քաղաքապետարանի անդամներ՝ Ռէյ Խալիլ, Սեդա Թօփուզեանի եւ Վասիլիոս Քարիճիանիսի, Ակլէա Ռեվելաքիս, Տէյվիտ Տէ Քոթիս, Փիեռ Պրապան եւ Լուիս Լորթի, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեանի եւ անդամներու, ՀՅԴ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրանդ Թաշճեանի եւ անդամներու, Մոնթրէալի «Միհրան Փափազեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Գաթարոյեանի եւ անդամներու, Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, Լաւալի եւ Մոնթրէալի Հայ Դատի յանձնախումբերուն, ՀՅԴ ԳԵՄ-ի եւ Պատանեկան միութեան անդամներու, ՀՄԸՄ Լաւալի Սկաուտական կազմի անդամներու, ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին, պատկան մարմիններու եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հոծ բազմութեան:
Ձեռնարկը սկիզբ առաւ Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգներով, որմէ ետք ԳԵՄ-ի անդամ Ալիք Հատիտեան հանդէս եկաւ բացման խօսքով, որուն մէջ յայտնեց. «Այսօր հաւաքուած ենք այստեղ՝ ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակը եւ միաժամանակ մեր ուխտը վերանորոգելու՝ յանուն Արցախի եւ Հայաստանի: Ապրիլ 24-ը այն անկիւնադարձային թուականն է, որ մեզի կը յիշեցնէ ազգովին ունեցած մեր ծանր կորուստները: Սակայն հակառակ մեր դիմագրաւած մեծ դժուարութիւններուն, մենք, որպէս վերապրողներու ժառանգորդներ, պահեցինք մեր ինքնութիւնը եւ այսօր կանգուն ենք, որպէս յանձնառու հայեր` մեր անժամանցելի իրաւունքներուն: Հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերատիրացման գործընթացը պիտի շարունակենք համազգային պահանջատիրութեամբ, կուռ կամքով եւ անզիջելի վճռակամութեամբ»:
«Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութեան խօսքը (ֆրանսերէն) փոխանցեց կոմիտէ անդամ Արարարտ Թորոսեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «110 տարի, որուն ընթացքին Թուրքիան միաժամանակ հերքած է ցեղասպանութեան իրողութիւնը՝ փառաբանելով անոր հեղինակները։ Պոլսոյ մէջ կանգնած է թուրք Հիտլերի՝ Թալիաթի փառքի դամբարան։
Անգարայի եւ շատ այլ քաղաքներու մէջ Թալիաթ անուանուած պողոտաներն ու փողոցները կը վկայեն թուրք պետութեան շարունակականութեան մասին։ Յանցագործութիւնը տակաւին կը շարունակուի. երէկ ցեղասպանութիւն, այսօր Հոլոքոստի ժխտում, յետոյ էթնիկ զտումներ Արցախի մէջ, ապա 2021 թուականէն ի վեր Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի մէկ մասի բռնագրաւում, Տաւուշի մարզի հայկական գիւղերու գրաւում… Համաշխարհային լռութեան պայմաններուն մէջ պատերազմի սպառնալիքով Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներ բռնագրաւելը անընդունելի է»:
Ան խօսքը աւարտեց ըսելով. «Այս Ապրիլ 24-ը պէտք է նշանաւորուի վերանուաճմամբ։ Արցախի վերանուաճմամբ. այս Ապրիլ 24-ը պէտք է նշանաւորուի արդարադատութեամբ՝ Արդարութիւն հայ պատանդներու ազատ արձակմամբ. այս Ապրիլ 24-ը պէտք է նշանաւորուի պայքարով՝ պայքար Թուրքիոյ 1915 թուականին իրագործած ցեղասպանութեան ճանաչման համար։ Այս Ապրիլի 24-ը պէտք է նշանաւորուի Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան վերականգնմամբ՝ Տաւուշի տարածքներու պահպանմամբ եւ ատրպէյճանական ուժերու դուրս մղմամբ Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններէն»։
ԳԵՄ-ի խօսքը փոխանցեց ԳԵՄ-ի անդամ Ալին Պէրպէրեան, ըսելով. «Նոյն ցեղասպանական քաղաքականութիւնը, որ սկսած էր 1915-ին, կը շարունակուի այսօր։ Արցախի հայութիւնը՝ դարձեալ տեղահանուած։ Ազգ մը՝ դարձեալ բռնադատուած ձգելու իր հողը։ Բայց մեր ժողովուրդը չ’ուրանար իր ինքնութիւնը։ Արցախի հայը կրնայ այսօր գտնուիլ Ստեփանակերտէ դուրս, բայց օր մը պիտի վերադառնայ։ Պատմութիւնը դեռ չէ աւարտած։ Արդարութիւնը դեռ չէ հաստատուած: Որքա՛ն ալ կորսնցնենք, պարտաւոր ենք երբեք չկորսնցնելու մեր կամքը։ Պարտաւոր ենք մնալ դիմացկուն, կազմակերպուած եւ նպատակասլաց։ Պարտաւոր ենք ըլլալ ներկայ մեր համայնքներուն մէջ, ճիգ թափել, դառնալ ո՛չ միայն վկաները անցեալին, այլ կերտողները ապագային։ Յիշելը անհրաժեշտ պայքարի սկիզբնէ, սուգ չէ։ Յիշելը քաղաքական պարտաւորութիւն է։ Յիշելը լռելու ձեւ չէ։ Յիշելը գործելու հրամայական է։ Եւ կը հաւատանք, որ այդ օրը պիտի գայ, երբ մեր ժողովուրդը պիտի ըլլայ ազատ, արժանապատիւ, եւ միացեալ»:
Անկէ ետք Պատանեկան միութեան անդամները հանդէս եկան «Թող հնչեն շեփոր» եւ «Վէրքերով լի» խմբային երգերով:
Հոգշ. Տէր Յակոբ Վրդ. Եագուպեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը, ըսելով. «Այսօր մեր երիտասարդները դարձան ժառանգորդները այն բոլոր կետայիներուն, որոնք իրենց արեան գնով պահեցին իրենց ինքնութիւնն ու պաշտպանեցին հայ ժողովուրդին իրաւունքները, հողն ու հայրենիքը», ապա ան խօսքը աւարտեց ըսելով. «Մենք մեր ձայնը պիտի բարձրացնենք մենք մեր իրաւունքները պիտի պահանջենք Այս է մեր նահատակներուն մեզի փոխանցած կտակը: Պիտի ապրի՛ Հայաստանը, պիտի ապրի՛ հայ ժողովուրդը այն հաւատքով, որ օր մը բոլորս պիտի համախմբուինք մեր հայրենիքի ազատ երկնքին ներքոյ»:
Աւարտին պատանիները ծաղկեպսակ զետեղեցին յուշարձանին դիմաց եւ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն բոլոր ներկաներուն կողմէ:
Սոնա թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»