ՀՅԴ Գանատայի Արցախի Օժանդակութեան Յանձնախումբի դրամահաւաքը հասած է 268 հազար տոլար եւ կը շարունակուի

Արցախի եւ Հայաստանի դէմ ուղղուած թուրք-ատրպէյճանական ռազմական սադրանքներու յաջորդող օրերուն իսկ ՀՅԴ Գանատայի Արցախի Օժանդակութեան Յանձնախումբը զօրաշարժի իրավիճակի մէջ է։

Սեպտեմբեր 26 թուակիր իր հաղորդագրութեամբ, յանձնախումբը նշած էր. «Թշնամիին հրետակոծութիւններուն հետեւանքով, ցաւօք, զոհեր ու վիրաւորներ ունինք: Հրետակոծուած են բազմաթիւ բնակավայրեր, աւերուած են դպրոցներ ու տուներ։ Ժողովուրդը՝ մայր ու մանուկ, ապաստանարաններուն մէջ զրկուած են  արեւի լոյսէն։ Այսօր, մեր սուրբ հողը՝ մեր Արցախը անգամ մը եւս կը կանչէ մեզի։ Այսօր, բոլորս ունինք մէկ նպատակ՝ Արցախ եւ բիւր  գործեր, յանուն  անոր խաղաղ ապրելու իրաւունքին»։

Համագանատական այս ազգային նուիրահաւաքը կը շարունակուի. Արցախի համար ձեր մասնակցութիւնը ակրնաք ունենալ այցելելով՝ https://camam.akaraisin.com/ui/ArtsakhAid  կամ գրել ArtsakhAid@armenian.ca եւ կամ հեռաձայնել  1 833 426 2867, 1 833 GAMAVOR վերտառութեամբ:

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.