ՀՅԴ Աւստրալիոյ 53-րդ Շրջանային ժողովը աւարտեց իր աշխատանքները
- (0)

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ կառոյցի 53-րդ Շրջանային ժողովը, որ իր աշխատանքներուն սկսած էր ուրբաթ, 30 հոկտեմբեր 2026-ին, աւարտեց կիրակի, 1 նոյեմբերին։
Եռօրեայ ժողովի ընթացքին քննարկուեցան ՀՅԴ Աւստրալիոյ կառոյցի գործունէութիւնը, աւստրալահայութիւնը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ գաղութի ազգային, մշակութային, կրթական, բարեսիրական, մարզական, երիտասարդական եւ սկաուտական կազմակերպութիւններուն առնչուող առաջնահերթութիւնները։ Ժողովը ճշդեց նաեւ յառաջիկայ երկու տարիներու գործունէութեան հիմնական ուղեգիծը։
Օրակարգի վրայ էին նաեւ Հայաստանի եւ համայն հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ աւստրալահայ գաղութին մասնակցութիւնը համազգային նպատակներու իրականացման աշխատանքներուն։
Ժողովը անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի իշխանութիւններու վարած ապազգային քաղաքականութեան՝ վերահաստատելով, որ հակառակ Արցախի հարցը փակուած համարելու իշխանութիւններու փորձերուն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ իր պայքարը՝ ի խնդիր Արցախի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, Հայաստանի հզօրացման եւ բարգաւաճման։
Շրջանային ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական կոմիտէի նոր կազմը՝ յառաջիկայ երկու տարուան համար։