ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան 2017 Թուականի Իրականացուցած Աշխատանքները
ՀՀ կառավարութեան 2017թ. գործունէութեան ձեռնարկներու ծրագիրի եւ գերակայ խնդիրներու կատարման ուղղութեամբ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան իրականացուցած աշխատանքներուն վերաբերեալ ամփոփ տեղեկատուութիւն:
2017թ. գերակայ խնդիրները եղած են վեցը, որոնց ուղղութեամբ կատարուած են բոլոր նախատեսուած ծրագիրները:
1.Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ սուրիահայերու եւ իրաքահայերու ընդելուզման գործընթացի արագացում
Նպատակային աշխատանքներ տարուած են Սուրիայէն Հայաստան տեղափոխուած հայերու ընդելուզման, կեցութեան, կրթութեան, առողջապահութեան, աշխատանքի տեղաւորման եւ այլ խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ: Մշակուած եւ կատարելագործուած են տարբեր գերատեսչութիւններու հետ համագործակցութեան մեքենականութիւնները. կը գործեն միջգերատեսչական յանձնաժողով, աշխատանքային խումբ, արագ արձագանքման խումբ եւ թէժ գիծ: Իրականացուած են տասնեակ ձեռնարկներ, հանդիպումներ, քննարկումներ, ապահովուած է յետադարձ կապ: ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան հետ կազմակերպուած է 5 գործարաններու բացում, օժանդակութիւն ցուցաբերուած է գործարար ծրագիրներու մշակման: Մշակուած եւ շահագրգիռ կառոյցներուն ուղարկուած է «Սուրիական հակամարտութեան հետեւանքով հարկադիր տեղահանուած եւ Հայաստանի մէջ պաշտպանութիւն հայցող անձանց ընդելուզման 2018-2022 թուականներու ռազմավարութեան» նախագիծը: Ներկայիս կ’ամբողջացուի եւ կը համակարգուին առաջարկութիւնները եւ դիտողութիւնները:
2.Հայապահպանութեան համար եւ ուծացման դեմ պայքարին սփիւռքի երիտասարդութեան շրջանին մէջ հայոց լեզուի իմացութեան մակարդակի բարձրացում
- 2017թ. «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի 5 ուղղութիւններով դասընթացներուն մասնակցած է 266 սփիւռքահայ 30 երկրէ, նախորդ տարուան համեմատութեամբ մասնակիցներուն թիւը աւելցած է 100 ով:
- 2017թ. Սփիւռքի երիտասարդներու «Արի տուն» հայրենաճանութեան ծրագիրն իրականացուած է 9 փուլով, որոնց ընդհանուր առմամբ մասնակցած է 1055 սփիւռքահայ երիտասարդ` 36 երկրէ: Ծրագիրի ծիրէն ներս (ամէն օր) կազմակերպուած են հայոց լեզուի արագացուած դասընթացներ:
- ԱՄՆ-ի հայկական կրթօճախներուն մէջ Երեւանէն ուղարկուած մասնագէտի ուժերով կազմակերպուած են 27 կրթօճախի 50 ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացներ:
- Համաշխարհային հայկական կոնգրէսի, Ռուսաստանի հայերու միութեան հետ համատեղ, իրականացուած է «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար-2017» ամէնամեայ մրցանակաբաշխութիւնը: Ստացուած են աւելի քան 160 անհատի եւ կազմակերպութեան յայտեր մօտ 20 երկիրներէ: Արդիւնքները կ’ամփոփուին 2018 թուականի սկիզբը:
- Նախարարութեան կողմէ 37 երկրի աւելի քան 200 Սփիւռքի հայկական կրթօճախներու առաքուած է մօտ 87 000 կտոր դասագիրք եւ ուսումնաօժանդակ նիւթեր:
- Նախարարութեան աջակցութեամբ Սփիւռքի մէջ ստեղծուած է 16 նոր մէկօրեայ դպրոց:
- Մայրենի լեզուի հեռավար ուսուցման ՀԲԸՄ AVC առցանց համալսարանի ուսուցման մասին տեղեկատուութիւնը տարածուած է Սփիւռքի հայ համայնքներուն մէջ: Նախարարութեան ծրագիրներու մասնակիցներուն համար կազմակերպուած են AVC-ի շնորհանդէսներ եւ շրջայցեր:
3.Հայաստանի հանրապետութեան ներդրումային ծրագիրներուն սփիւռքահայերու մասնակցութեան ապահովման գործին մէջ մեքենակութիւններու ներդրում
Սփիւռքահայերուն խորհրդատուական ծառայութիւններ տրամադրելու, գործարար ծրագիրներ առաջարկելու, ներդրումներու սահուն իրականացման օգնելու համար նախարարութենէն ներս ստեղծուած է աշխատանքային խումբ եւ «Մէկ պատուհան» կառուցակարգը:
Նախարարութեան պաշտօնական կայքին մէջ բացուած է «Ներդրումներ Հայաստանի մէջ» բաժին, ուր ներկայացուած են ներդրումներուն առնչուող օրէնսդրութիւնը, արտօնութիւնները, այլ նիւթեր, գործարար ծրագիրներ (աւելի քան 200 ծրագիր) եւ այլն: Սփիւռքի գործարարներուն ու հայկական առեւտրաարդիւնաբերական պալատներուն ուղարկուած են գործարար ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ անոնց տեղեկացուած է Հայաստանի մէջ ներդրումներ իրականացնելու բոլոր հարթակներու մասին (ընդհանուր առմամբ շուրջ 1200 գործարարի):
Կազմակերպուած են 3 կլոր-սեղան քննարկումներ, Հայաստանի մէջ արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ սփիւռքահայ ներդրողներու արտադրանքներու ցուցահանդէս-վաճառք: Նախարարութեան մէջ կազմակերպուած են 30-է աւելի հանդիպումներ սփիւռքահայ գործարարներու հետ, որոնց ներկայացուած են Հայաստանի համար մշակուած գործարար ծրագիրները:
Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովի ծիրէն ներս սեպտեմբեր 19-ին տեղի ունեցած է Հայկական առեւտրային ցանցի (ՀԱՑ) 3-րդ գործարար ժողովը, իսկ սեպտեմբեր 20-ին` ՀԱՑ-ի 5-րդ ընդհանուր ժողովը, որոնց մասնակցած է շուրջ 200 գործարար:
4.Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման ուղղուած քաղաքականութեան ծիրէն ներս սփիւռքահայ երիտասարդութեան շրջանին պատմական յիշողութեան ամրապնդման աջակցութիւն
Նախարարութիւնը կազմակերպած է «Հրանդ Տինք. 10 տարի անց» խորագիրով կլոր սեղան-քննարկում` ՀՀ ԳԱԱ հայագիտական հիմնարկներու հետ:
Նախարարութեան պատուէրով շարք մը գիտական հաստատութիւններ իրականացուցած են Հայոց ցեղասպանութեան հիմնախնդիրներուն նուիրուած գիտահետազօտական աշխատանքներ, որոնք հրապարակուած են:
Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովի «Արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի» թեմատիկ ուղղութեան ծիրէն ներս տեղի ունեցած է «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում, ցեղասպանութիւններու կանխարգելում. քաղաքական եւ իրաւական գործընթացները» նիստը:
5.«Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» շարժման ձեւաւորում եւ զարգացում
2016թ. հոկտեմբեր 20-24 Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կայացած Լրագրողներու 8-րդ համաժողովին սկիզբ դրուած է «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» շարժման: Շարժումը մեծ ոգեւորութիւն յառաջացուցած է եւ ատոր միացած են Սփիւռքի համայնքային կառոյցներ, կրթօճախներ, լրատուամիջոցներ: 2017թ. նախարարութիւնը հռչակած է «Արցախի տարի», որուն ծիրէն ներս Սփիւռքի համայնքներուն մէջ կազմակերպուած են Արցախի պատմութեան, մշակոյթին, տնտեսութեան նուիրուած ձեռնարկներ, դրամահաւաքներ, նիւթական օգնութիւն, լաւագոյն փորձի փոխանակում եւ այլն:
6. Սփիւռքի մէջ ըստ մասնագիտութիւններու համահայկական ցանցերու ընդլայնում եւ մասնագիտական ներուժի օգտագործում` ՀՀ–ի եւ Արցախի տնտեսութեան զարգացման համար
Սեպտեմբեր 18-20 Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագիրով Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովը: Համաժողովը իրականացուած է 4 ուղղութիւններով (3 լիագումար եւ 16 թեմատիկ նիստ): Համաժողովի ընթացքին տեղի ունեցած է 3 կլոր-սեղան քննարկում: Համաժողովի աւարտին ընդունուած յայտարարութեան մէջ ուղենշուած են Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման հիմնական ուղղութիւնները եւ յետագայ ընելիքները: Համաժողովին մասնակցած է 1837 հոգի 71 երկրէ (16 երկրէ մասնակցած են առաջին անգամ), ընդ որում` 1363-ը` Սփիւռքէն: Համաժողովին հիմնական զեկոյցով հանդէս եկած է 106 մասնակից 17 երկրէ: Համաժողովին յարակից ելոյթներով եւ հարցադրումներով հանդէս եկած է 168 մասնակից 26 երկրէ:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը աշխոյժ համագործակցած է «Հայաստան-Ֆրանսա» կազմակերպութեան, Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համահայկական ընկերակցութեան, «Իրաւաբաններու համահայկական խորհրդաժողով» ՀԿ-ի, Հայկական առեւտրային ցանցին հետ` իրականացնելով շարք մը ձեռնարկներ: Միեւնոյն ժամանակ աշխատանքներ տարուած են նոր համահայկական ընկերակցութիւններու ստեղծման ուղղութեամբ: