ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան 2017 Թուականի Իրականացուցած Աշխատանքները

ՀՀ կառավարութեան 2017թ. գործունէութեան ձեռնարկներու ծրագիրի եւ գերակայ խնդիրներու կատարման ուղղութեամբ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան իրականացուցած աշխատանքներուն վերաբերեալ ամփոփ տեղեկատուութիւն:

2017թ. գերակայ խնդիրները եղած են վեցը, որոնց ուղղութեամբ կատարուած են բոլոր նախատեսուած ծրագիրները:

1.Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ սուրիահայերու եւ իրաքահայերու ընդելուզման գործընթացի արագացում

Նպատակային աշխատանքներ  տարուած են Սուրիայէն Հայաստան տեղափոխուած հայերու ընդելուզման, կեցութեան, կրթութեան, առողջապահութեան, աշխատանքի տեղաւորման եւ այլ խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ: Մշակուած եւ կատարելագործուած են տարբեր գերատեսչութիւններու հետ համագործակցութեան մեքենականութիւնները. կը գործեն միջգերատեսչական յանձնաժողով, աշխատանքային խումբ, արագ արձագանքման խումբ եւ թէժ գիծ: Իրականացուած են տասնեակ ձեռնարկներ, հանդիպումներ, քննարկումներ, ապահովուած է յետադարձ կապ: ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան հետ կազմակերպուած է 5 գործարաններու բացում, օժանդակութիւն  ցուցաբերուած է գործարար ծրագիրներու մշակման: Մշակուած եւ շահագրգիռ կառոյցներուն  ուղարկուած է «Սուրիական հակամարտութեան հետեւանքով հարկադիր տեղահանուած եւ Հայաստանի մէջ պաշտպանութիւն հայցող անձանց ընդելուզման 2018-2022 թուականներու ռազմավարութեան» նախագիծը: Ներկայիս կ’ամբողջացուի եւ կը համակարգուին առաջարկութիւնները եւ դիտողութիւնները:

2.Հայապահպանութեան համար եւ ուծացման դեմ պայքարին սփիւռքի երիտասարդութեան շրջանին մէջ հայոց լեզուի իմացութեան մակարդակի բարձրացում

  • 2017թ. «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի 5 ուղղութիւններով դասընթացներուն մասնակցած է 266 սփիւռքահայ 30 երկրէ, նախորդ տարուան համեմատութեամբ մասնակիցներուն թիւը աւելցած է 100 ով:
  • 2017թ. Սփիւռքի երիտասարդներու «Արի տուն» հայրենաճանութեան ծրագիրն իրականացուած է 9 փուլով, որոնց ընդհանուր առմամբ մասնակցած է 1055 սփիւռքահայ երիտասարդ` 36 երկրէ: Ծրագիրի ծիրէն ներս (ամէն օր) կազմակերպուած են հայոց լեզուի արագացուած դասընթացներ:
  • ԱՄՆ-ի հայկական կրթօճախներուն մէջ Երեւանէն ուղարկուած մասնագէտի ուժերով կազմակերպուած են 27 կրթօճախի 50 ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացներ:
  • Համաշխարհային հայկական կոնգրէսի, Ռուսաստանի հայերու միութեան հետ համատեղ, իրականացուած է «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար-2017» ամէնամեայ մրցանակաբաշխութիւնը: Ստացուած են աւելի քան 160 անհատի եւ կազմակերպութեան յայտեր մօտ 20 երկիրներէ: Արդիւնքները կ’ամփոփուին 2018 թուականի սկիզբը:
  • Նախարարութեան կողմէ 37 երկրի աւելի քան 200 Սփիւռքի հայկական կրթօճախներու առաքուած է մօտ 87 000 կտոր դասագիրք եւ ուսումնաօժանդակ նիւթեր:
  • Նախարարութեան աջակցութեամբ Սփիւռքի մէջ ստեղծուած է 16 նոր մէկօրեայ դպրոց:
  • Մայրենի լեզուի հեռավար ուսուցման ՀԲԸՄ AVC առցանց համալսարանի ուսուցման մասին տեղեկատուութիւնը տարածուած է Սփիւռքի հայ համայնքներուն մէջ: Նախարարութեան ծրագիրներու մասնակիցներուն համար կազմակերպուած են AVC-ի շնորհանդէսներ եւ շրջայցեր:

3.Հայաստանի հանրապետութեան ներդրումային ծրագիրներուն սփիւռքահայերու մասնակցութեան ապահովման գործին մէջ մեքենակութիւններու ներդրում

Սփիւռքահայերուն խորհրդատուական ծառայութիւններ տրամադրելու, գործարար ծրագիրներ առաջարկելու, ներդրումներու սահուն իրականացման օգնելու համար նախարարութենէն ներս ստեղծուած է աշխատանքային խումբ եւ «Մէկ պատուհան» կառուցակարգը:

Նախարարութեան պաշտօնական կայքին մէջ բացուած է «Ներդրումներ Հայաստանի մէջ» բաժին, ուր ներկայացուած են ներդրումներուն առնչուող օրէնսդրութիւնը, արտօնութիւնները, այլ նիւթեր, գործարար ծրագիրներ (աւելի քան 200 ծրագիր) եւ այլն: Սփիւռքի գործարարներուն ու հայկական առեւտրաարդիւ­նաբերական պալատներուն  ուղարկուած են գործարար ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ անոնց տեղեկացուած է Հայաստանի մէջ ներդրումներ իրականացնելու բոլոր հարթակներու մասին (ընդհանուր առմամբ շուրջ 1200 գործարարի):

Կազմակերպուած են 3 կլոր-սեղան քննարկումներ, Հայաստանի մէջ արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ սփիւռքահայ ներդրողներու արտադրանքներու ցուցահանդէս-վաճառք: Նախարարութեան մէջ կազմակերպուած են 30-է աւելի հանդիպումներ սփիւռքահայ գործարարներու հետ, որոնց ներկայացուած են Հայաստանի համար մշակուած գործարար ծրագիրները:

Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովի ծիրէն ներս սեպտեմբեր 19-ին տեղի  ունեցած է Հայկական առեւտրային ցանցի (ՀԱՑ) 3-րդ գործարար ժողովը, իսկ սեպտեմբեր 20-ին` ՀԱՑ-ի 5-րդ ընդհանուր ժողովը, որոնց մասնակցած է շուրջ 200 գործարար:

4.Հայոց ցեղասպանութեան միջազ­գային ճանաչման եւ դատա­պարտման ուղղուած քաղա­քա­կա­նութեան ծիրէն ներս սփիւռքա­հայ երիտասարդութեան շրջանին պատմական յիշողութեան ամրապնդման աջակցութիւն

Նախարարութիւնը կազմակերպած է «Հրանդ Տինք. 10 տարի անց» խորագիրով կլոր սեղան-քննարկում` ՀՀ ԳԱԱ հայագիտական հիմնարկներու հետ:

Նախարարութեան պատուէրով  շարք մը գիտական հաստատութիւններ իրականացուցած  են Հայոց ցեղասպանութեան հիմնախնդիրներուն նուիրուած գիտահետազօտական աշխատանքներ, որոնք հրապարակուած են:

Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովի «Արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի» թեմատիկ ուղղութեան ծիրէն ներս տեղի  ունեցած է «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում, ցեղասպանութիւններու կանխարգելում. քաղաքական եւ իրաւական գործընթացները» նիստը:

5.«Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» շարժման ձեւաւորում եւ զարգացում

2016թ. հոկտեմբեր 20-24 Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կայացած Լրագրողներու 8-րդ համաժողովին սկիզբ  դրուած է «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» շարժման: Շարժումը մեծ ոգեւորութիւն յառաջացուցած է եւ ատոր միացած են Սփիւռքի համայնքային կառոյցներ, կրթօճախներ, լրատուամիջոցներ: 2017թ. նախարարութիւնը հռչակած է «Արցախի տարի», որուն ծիրէն ներս  Սփիւռքի համայնքներուն մէջ կազմակերպուած են Արցախի պատմութեան, մշակոյթին, տնտեսութեան նուիրուած ձեռնարկներ, դրամահաւաքներ, նիւթական օգնութիւն, լաւագոյն փորձի փոխանակում եւ այլն:

6. Սփիւռքի մէջ ըստ մասնագիտութիւններու համահայկական ցանցերու ընդլայնում եւ մասնագիտական ներուժի օգտագործում` ՀՀ–ի եւ Արցախի տնտեսութեան զարգացման համար

Սեպտեմբեր 18-20 Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է  «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագիրով Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովը: Համաժողովը իրականացուած է  4 ուղղութիւններով (3 լիագումար եւ 16 թեմատիկ նիստ): Համաժողովի ընթացքին տեղի ունեցած է 3 կլոր-սեղան քննարկում: Համաժողովի աւարտին ընդունուած յայտարարութեան մէջ ուղենշուած են Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման հիմնական ուղղութիւնները եւ յետագայ ընելիքները: Համաժողովին մասնակցած է 1837 հոգի 71 երկրէ (16 երկրէ մասնակցած են առաջին անգամ), ընդ որում` 1363-ը` Սփիւռքէն: Համաժողովին հիմնական զեկոյցով հանդէս  եկած է 106 մասնակից 17 երկրէ: Համաժողովին յարակից ելոյթներով եւ հարցադրումներով հանդէս  եկած է 168 մասնակից 26 երկրէ:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը աշխոյժ համագործակցած է «Հայաստան-Ֆրանսա» կազմակերպութեան, Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համահայկական ընկերակցութեան, «Իրաւաբաններու համահայկական խորհրդաժողով» ՀԿ-ի, Հայկական առեւտրային ցանցին հետ` իրականացնելով  շարք մը ձեռնարկներ: Միեւնոյն ժամանակ աշխատանքներ  տարուած են նոր համահայկական ընկերակցութիւններու ստեղծման ուղղութեամբ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.