ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը հանդիպում ունեցաւ Գանատայի Խորհրդարանի անդամներ Թոնի Գլեմենթի եւ Ռէյչըլ Հարտըրի հետ

Օգոստոս 29-ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան ընդունեց ճանաչողական այցով Հայաստանի Հանրապետութիւն գտնուող Գանատայի խորհրդարանի անդամներ Թոնի Գլեմենթին, Ռէյչըլ Հարտըրին եւ «One Free World» կազմակերպութեան ղեկավար Մաժէտ Էլ Շաֆիին:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած հարցերու շրջագծին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ ղարաբաղեան հիմնախնդրին եւ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային անվտանգութեան ապահովման հարցերուն:

Նախարար Վիգէն Սարգսեանը Գանատայի խորհրդարանի անդամներուն ներկայացուց ղարաբաղեան հակամարտութեան նախապատմութիւնը, կարգաւորման գործընթացը եւ սահմանագիծի վրայ տեղի ունեցած զարգացումները` յատկապէս շեշտադրելով 2016ի ապրիլին Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած յարձակումը եւ այդ ընթացքին ատրպէյճանական բանակի կատարած ռազմական յանցագործութիւնները:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.