Հայ Դատի յանձնախումբի եւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի կազմակերպութեամբ բողոքի ցոյց Վանգուվըրի մէջ

Գանատայի Հայ Դատի յանձախումբի Արեւմտեան շրջանի եւ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, Յուլիս 25ին կայացաւ Հայաստանի դէմ ատրպէրճայնական յարձակապաշտ վարքագիծը դատապարտող բողոքի ցոյց։ Աւելի քան 100 վանգուվըրահայերուն դէմ հակացոյցի դուրս եկան մօտ 50 ատրպէյճանցիներ, որոնք կը բացագանչէին «Ղարաբաղը Ատրպէյճանի կը պատկանի»։

Ցոյցին կը մասնակցէին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հայր Գարեգին Վրդ. Շխրտմեան, Ս. Վարդան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Գեղարդ Կարապետեան եւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահէ Յակոբեան։ Բողոքի հաւաքի ընթացքին, Հայաստանի դէմ ատրպէյճանական յարձակողապաշտութիւնը դատապարտեցին Հայ դատի յանձնախումբի անդամներ Յակոբ Տէր Յակոբեան եւ Բալիկ Քոչկիրեան։

Մեր Հայրենիք

Մեր ՀայրենիքՀ. Յ. Դ. Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ Վանգուվըրի ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի կազմակերպած բողոքի ցոյց Վանգուվըրի մէջ։

Posted by Horizon Weekly on Saturday, July 25, 2020

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.