Հայ Դատի Յանձնախումբը Հանդիպեցաւ Գանատայի Ժառանգութեան Նախարար Սթիվըն Կիլպոյի Հետ

Ուրթաթ, 31 Յունուար, 2020-ին, Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային եւ Քէպէքի տեղական յանձնախումբերը ներկայացնող միացեալ պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցան Գանատայի նորանշանակ Ժառանգութեան Նախարար Սթիվըն Կիլպոյի հետ:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պէլեան, Շրջանային յանձնախումբի անդամ Հրակ Չինչինեան, Մոնթրէալի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետուհի Արփի Պալուզեան եւ յանձնախումբի անդամ Աբրահամ Նիզիպլեան:
Հանդիպման ընթացքին, Հայ Դատի ներկայացուցիչները նախարարին համապարփակ ձեւով ներկայացուցին Գանատահայութեան պատմութիւնն ու Հայ Դատի գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ առիթը ունեցան անոր հետ քննարկելու շարք մը կարեւոր հարցեր:
Քննարկման առարկայ դարձան Ցեղասպանութեանց յիշատակման, դատապարտման եւ կանխարգիլման ամսուան աշխատանքները, Գանատա-Հայաստան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ցեղասպանութեան ուսուցման կարեւորութիւնը եւ Գանատայի մէջ առցանց ատելութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ պայքարի գործընթացն ու Հայ Դատի յանձնախումբի տարած աշխատանքը այդ ուղղութեամբ:
Նախարարը իր կարգին գնահատանքով արտայայտուեցաւ գանատահայութեան եւ Հայ Դատի յանձնախումբի գործունէութեան մասին եւ իր ամբողջական պատրաստակամութիւնը յայտնեց վերոնշեալ հարցերու շուրջ համագործակցելու ուղղութեամբ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.