Հայ Դատի եւ ՀՅԴ-ի պատուիրակութիւնը հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Գանատայի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Ալեքսանտր Տարչիեւի Հետ

Ուրբաթ, 2 Հոկտեմբեր 2020-ին, Հայ Դատի յանձնախումբն ու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գանատայի մօտ Ռուսաստանի Դաշնութեան դեսպան Նորին Գերազանցութիւն Ալեքսանտր Տարչիեւի հետ, քննարկելու համար վերջին օրերուն, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հակամարտութեան ռազմական գործողութիւններուն սրումին մանրամասները:

Ընկ. Տէր Խաչատուրեանին կ’ընկերակցէր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Ընկ. Րաֆֆի Տօնապետեանն ու ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ընկ. Սարօ Տէր Պետրոսեանը:

Շուրջ մէկ ժամ տևած զրոյցին ընթացքին,  կողմերը տեղեկութիւններ փոխանակեցին ընթացող ռազմական գործողութիւներուն ու Արցախի դէմ պատերազմող օտարերկրեայ վարձկաններու կործանարար դերին մասին, նշելով, որ սուրիացի եւ լիպիացի ահաբեկիչներու ներգրաւուածութիւնը աւելի եւս կը սրէ իրավիճակը:

Զրոյցի ընթացքին հայկական պատուիրակութիւնը շեշեց, որ Ատրպէյճան իր յարձակողապաշտ վարքագիծով կ’ուզէ բռնութեամբ լուծել Արցախի ինքնորոշման արդար իրաւունքն ու իրագործել իր մտադրութիւնները:

Կողմերը շեշտեցին հրադադարի անյապաղ կիրառման կարեւորութիւնն ու ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբակի ձեւաչափի որդեգրումը՝ հարցը խաղաղ միջոցներով լուծելու:

ՀՅԴ պատուիրակութիւնը դատապարտեց Թուրքիոյ ապակայունացնող ռազմական միջամտութիւնն ու միջազգային իրաւունքի ոտնահարումը, շեշտելով, որ Հայաստանը, որպէս Ռուսիոյ ռազմավարական դաշնակիցը, և հայերն ամբողջ աշխարհով կ’ակնկալեն, որ Ռուսիան կառուցողական դեր խաղայ այս հակամարտութեան խաղաղ աւարտման գծով:

 

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.