Համավարակի Դէմ Պայքարի Ուղղութեամբ Գանատայի Հայ Դատի Յաձնախումբը Խորհրդակցական Հանդիպում Ունեցաւ Ընդդիմութեան Ղեկավար Անտրու Շիրի Հետ

Ուրբաթ, 1 Մայիս, 2020-ին, Գանատայի Պահպանողական Կուսակցութեան հրաւէրով, Հայ Դատի յանձնախումբը հեռակապով հանդիպում մը ունեցաւ Պաշտօնական Ընդդիմութեան եւ Պահպանողական Կուսակցութեան Ղեկավար՝ Անտրու Շիրի հետ: Հայ Դատի յանձնախումբի կողքին, հանդիպման կը մասնակցէին նաեւ այլ համայքներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Գանատայի խորհրդարանի անդամ Կարնէթ Ճէնըս:

Հանդիպման ընթացքին, կողմերը քննարկեցին համավարակի պատճառով ստեղծուած ներկայ ճգնաժամային իրավիճակը, իւրաքանչիւր համայնքէ ներս տիրող կացութիւնն ու ժողովուրդին ու համայնքային կազմակերպութիւններու օժանդակութիւններ ապահովելու վերաբերող հարցերը:

Հայ Դատի Օթթաուայի գրասենեակի վարիչ տնօրէն Սեւակ Պէլեան իր կարգին ներկայացուց Հայ համայնքէն ներս տիրող ներկայ պայմանները, այդ պայմաններու թելադրած անհրաժեշտ կէտերն ու անոնց ուղղութեամբ տարուող հետեւողական աշխատանքը Գանատայի տարածքին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.