Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային Յանձնախումբի Լիագումար Ժողովի
Շաբաթ, 6 Նոյեմբեր 2021-ին, Քինկսթընի մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային Յանձնախումբի 2021-23 երկամեակի առաջին լիագումար նիստը, մասնակցութեամբ յանձնախումբի անդամներուն եւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչին:
Միօրեայ ժողովի ընթացքին յանձնախումբը մանրամասնօրէն քննեց նախորդ տարեշրջանի գործունէութիւնը ու համապատասխան ՀՅԴ Գանատայի 49-րդ Շրջանային ժողովի որոշումներուն՝ մշակեց յառաջիկայ երկամեակի աշխատանքային ուղեցոյցն ու ճշդեց իր առաջնահերթութիւնները։
Ժողովը հանգամանօրէն վերլուծեց համայն հայութիւնը կլանած Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ու անոր հետեւնաքներու ուղղութեամբ տարուած ծանր ու լայնածաւալ աշխատանքները։ Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ յանձնախումբի քաղաքական յարաբերութիւններու հոլովոյթին ու որակական զարգացման, քարոզչական ջանքերու առաւել արդիւնաւէտութեան ու նպատակասլացութեան, ինչպէս նաեւ հանրային յարաբերութեանց ու մանաւանդ երիտասարդութեան համընդհանուր քաղաքականացման ուղղութեամբ։
Հակառակ Արցախեան աղէտալի պատերազմին ու անոր յաջորդող ՀՀ իշխանութեանց որդեգրած անընդունելի քաղաքականութեան, յանձնախումբը վճռակամութեամբ վերահաստատեց Հայ Դատի աշխատանքներուն առաւել զարկ տալու հրամայականը, բարձր գնահատելով նախորդ երկամեակի ընթացքին արձանագրուած քաղաքական ու քարոզչական բազմաթիւ ձեռքբերումները։ Ժողովը միեւնոյն ատէն շեշտակի կերպով ընդգծեց կարգ մը ոլորտներու մէջ աւելի մեծ ծաւալ նկատի ունեցող աշխատանքներու ընդգրկման անհրաժեշտութիւնը։
Ժողովը մանրամասնօրէն անդրադարձաւ նաեւ Գանատա-Հայաստան յարաբերութիւններու զարգացման, Ջաւախքի օժանդակութեան, Ցեղասպանութեան ուսուցման, յիշատակման, Հայ Դատի քարոզչական ցանցն ընդլայնելու եւ այլ ծրագիրներու շուրջ իրականացուելիք յառաջիկայ աշխատանքներուն:
Ժողովի աւարտին յանձնախումբը վերահաստատեց վերոնշեալ հարցերու ուղղութեամբ իր վճռակամ կեցուածքը եւ զանոնք յաջողութեան առաջնորդելու անկոտրում պատրաստակամութիւնը:
ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային Յանձնախումբ