Կը դատապարտենք այս համաձայնութիւնը եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի քայլերը. ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն կը դատապարտէ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ կառավարութեան միջեւ գոյացած վտանգաւոր համաձայնագիրը, որ կը սպառնայ հայ ժողովուրդի ապահովութեան եւ իրաւունքներուն։

46 օրեր առաջ, մեր ազգը եւ Արցախի ժողովուրդը թիրախ դարձան չհրահրուած ռազմական գործողութիւններու՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ։ Թշնամիին նպատակն էր Արցախի Հայկական հարցը «լուծել»՝ բնաջնջելով եւ տեղահանելով տեղւոյն բնակչութիւնը։

Միջազգայնօրէն արգիլուած եւ հսկայական վնասներ պատճառող զէնքերու օգտագործումով՝ խաղաղ բնակչութեան դէմ եւ անօդաչու թռչող սարքերու ու վարձկաններու գործածութեամբ, Ատրպէյճան եւ Թուրքիա նպատակ ունին բնաջնջելու հայ ժողովուրդը, իրականացնելով ցեղասպանական նոր արշաւ մը։

Ի պատասխան՝ հայ ազգը ոտքի կանգնեցաւ՝ պաշտպանելու մեր հողերը եւ ժողովուրդը։ Աշխարհի տարածքին, հայերը աննախադէպօրէն ի մի եկան, բոլոր ճակատներուն վրայ՝ դէմ դնելու համար թրքական ծրագիրին։ Հայրենքի մէջ, զինուորները զէնքերը բարձրացուցին, կամաւորներ լեցուցին խրամատները, իսկ քաղաքացիները իրենց դռները բացին ահեղ պատերազմին հետեւանքով տեղահան եղած իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն առջեւ։ Հայկական Սփիւռքը համախմբուելով՝ հարիւրաւոր միլիոն տոլար գոյացուց, անմիջական կարիքի առարկաներու հաւաքներ կատարեց եւ հազարաւորներով փողոց իջաւ բողոքելու Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ պատերազմական ոճիրներուն դէմ, ինչպէս նաեւ խաղաղութիւն եւ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչում պահանջելու։

Մենք՝ իւրաքանչիւր հայ, մաս կազմեցինք մեր հայրենիքը եւ ժողովուրդը՝ քաղաքակրթութեան դէմ գործուող այս ոճիրին դէմ պաշտպանելու ջանքերուն։ Միասնաբար, մենք զօրակցեցանք Հայաստանի եւ Արցախի ղեկավարութեան, նեցուկ կանգնելու համար հայապահպանման դժուար մարտահրաւէրին եւ յաղթանակի առաջնորդելու համար մեր ժողովուրդը։

Իր կարգին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, իր բազմաթիւ կոմիտէութիւններով, երիտասարդական եւ քոյր կազմակերպութիւններով, իր բոլոր միջոցները ի սպաս դրաւ հայ ժողովուրդը եւ անոր իրաւունքները պաշտպանելու այս ջանքերուն։

46 օրէ ի վեր, հայ ազգը առանձին մնաց մեր բնաջնջումը դաւող թշնամիներուն դէմ։ Աշխարհի եւ գերպետութիւններու լռութիւնը խլացնող էր եւ աններելի։

Բայց մեր ժողվուրդին կամքը սահման չի գիտեր։ Մեր փրկութիւնը երաշխաւորելու եւ որպէսզի հայ զինուորին արիւնը ի դերեւ թափած չըլլայ` մեր բոլոր կարելիութիւնները այս պայքարին հայթայթեցինք։ Հաւատացինք մեր ժողովուրդին եւ հաւատացինք մեր ղեկավարներուն։

Այսօր, խաբուած կը զգանք։ Այն նուիրումը, որմով շատեր պայքարեցան եւ զոհուեցան՝ տրուեցաւ միակողմանի քայլով մը, առանց նկատի ունենալու կատարուած զոհողութիւնները եւ առանց օգտագործելու հայկական ռազմական ուժին ամբողջ կարելութիւնները, որոնք կրնային պահպանել Արցախը։ Համաձայնութիւնը յաւիտենական սպառնալիք մըն է Արցախի ժողովուրդի ապահովութեան եւ վտանգ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ապահովութեան եւ ինքնիշխանութեան։ Այս դաւաճանութիւնը կատարուեցաւ ձեռամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ անոր կառավարութեան, որոնք յանձնուեցան Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կառավարութիւններուն, թշնամիին յանձնելով մեր պապենական հողերը եւ մեր ազգին ապահովութիւնը։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ամբողջութեամբ եւ միաձայնօրէն կը մերժէ այս վտանգաւոր եւ պարտուողական փաստաթուղթը, որ հայութեան կը պարտադրուի վարչապետին կողմէ՝ իբրեւ Արցախի պատերազմին խաղաղ աւարտ մը։

Այսպէս կոչուած խաղաղութեան համաձայնագիրը, որ նախկին Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզին մէկ երրորդը կը յանձնէ, տեղահան կ՛ընէ հազարաւոր քաղաքացիներ, Լաչինը կը յանձնէ Ատրպէյճանին, կը պահանջէ հայկական ուժերուն Արցախէն հեռացումը, Արցախի ժողովուրդին ճակատագիրը յանձնելով Ատրպէյճանին, որ շարունակաբար կը սպառնայ բնաջնջել շրջանի հայութիւնը։ Համաձայնութիւնը նաեւ արիւնով ազատագրուած Քարվաճառի եւ Հադրութի հողերը կը յանձնէ, եւ Հայաստանէն կը պահանջէ Սիւնիքէն անցք ապահովել Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։ Այս վերջին կէտը կրնայ նաեւ Հայաստանը կտրել Իրանէն եւ մէկ մասնիկն է Էրտողանի փանթուրանական երազին։ Համաձայնագիրին մէջ Հայաստանին եւ Արցախին ի նպաստ ոչ մէկ կէտ կայ։

Կը դատապարտենք այս համաձայնութիւնը եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի քայլերը։ Իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավար՝ ան սուրբ պարտականութիւն ունէր պաշտպանելու մեր ազգին շահերը։ Իբրեւ անձ մը, որ Թաւշեայ յեղափոխութեան օրերուն քարոզեց ժողովրդավարական արժէքներուն եւ ընկերային արդարութեան կարեւորութիւնը՝ պէտք էր թափանցիկ եւ անկեղծ կերպով մօտենար ժողովուրդին։ Փոխարէնը ան դիմեց կեղծիքի եւ պատերազմին ու անոր ադիւնքին մասին տեղեկութիւնները ծածուկ պահեց։ Այս մակարդակի զիջում մը ցոյց կու տայ, որ անոր կառավարութիւնը կարողութիւնը չունի պաշտպանելու Արցախի շահերը։ Ան ձախողեցաւ ազգային շահերը պաշտպանելու իր պարտականութեան մէջ եւ ամօթաբար ուրիշները մեղադրեց։ Զայն պէտք է պատասխանատուութեան կանչել։

Վարչապետը եւ անոր կառավարութիւնը պարտին բացատրութիւն տալ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդներուն։ Սակայն, մինչ ժողովուրդը իր պահանջները կը կատարէ, այն կառավարութիւնը, որ ժողովուրդին իրաւունքները պաշտպանելու խոստումներով իշխանութեան հասաւ՝ սկսած է ոտնակոխել քաղաքացիին իրաւասութիւները։

Մինչ ազգը կը փորձէ հասկնալ ահաւոր այս պարտութիւնը եւ աններելի զիջումները, կառավարութիւնը գրաքննութեան կը դիմէ եւ կը ձերբակալէ բոլոր քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավարները, ներառեալ՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, լրութեան մատնելու համար որեւէ այլախոհութիւն։ Այսպէս կը վարուին բռնապետական վարչակազմերը։

Վարչապետ Փաշինեան, յարգէ՛ տուած ընտրական խոստումներդ, վերահաստատէ՛ քաղաքացիներուն իրաւունքները, ազատ արձակէ՛ քաղաքական բանտարկեալները եւ հրաժարի՛ր, որպէսզի խաղաղ իշխանափոխութիւն տեղի ունենայ։ Այդպիսով կարելի պիտի ըլլայ ապաքինման գործընթացին սկսիլ եւ ժողովուրդը միաւորել, որպէսզի կարենանք դէմ դնել գալիք սպառնալիքներուն։ Ի սէր մեր ազգին, այս համաձայնագիրը պէտք է բեկանել։ Ժամանակն է, որ յարգես այն ժողովրդավարական արժէքները, որոնց ներկայացուցիչը հռչակեցիր դուն քեզի։

Արեւմտեան Ամերիկայի հայութեան եւ աշխարհի հայութեան կոչ կ՛ընենք չյուսահատելու։ Մեր ազգը աւելի վատ օրերու ականատես եղած է եւ՝ վերապրած։ Մեր ուժը մեր դիմադրողականութեան, յարատեւութեան եւ միասնականութեան մէջ է։ Սփիւռքի մէջ մեր ջանքերը չեն կրնար եւ պէտք չէ դադրին։ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդները այժմ ամէն ժամանակէ աւելի ունին մեր աջակցութեան կարիքը։ Կը դիմագրաւենք մարդկային աղէտ մը, ազգային ապահովութեան սպառնիք մը, տնտեսական անկայունութիւն եւ հանրային առողջապահական տագնապ, համաճարակին հետեւանքով։ Միայն միացեալ ջանքերով կրնանք դէմ դնել այս բոլորին։

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ իր ջանքերը։ Պիտի շարունակենք գումարներ ապահովել տեղահան եղած մեր հայրենակիցներուն, մեր վիրաւոր զինուորներուն եւ զոհուած հերոսներու ընտանիքներուն, նոյն ժամանակ պիտի շարունակենք հայ ժողովուրդին իրաւունքներուն եւ ապահովութեան ի նպաստ աշխատանքները՝ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն հետ։

Վերջապէս, սիրելի զոհուած հերոսներ, ձեր մատուցած գերագոյն զոհողութեան դիմաց համեստօրէն կը խոնարհինք. դուք ձեր կեանքերը նուիրեցիք հայրենիքի պաշտպանութեան վսեմ գաղափարին։ Ննջեցէք խաղաղութեամբ եւ թող մենք ձեր յիշատակը յարգենք՝ ոչինչ զլանալով ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի մեր տեսլականին հասնելու ճամբուն վրայ։

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէ

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.