Կեսարիոյ Հայկական Եկեղեցին Վերածուած Է Գրադարանի
19-րդ դարու սկիզբը Կեսարիա քաղաքին մէջ գտնուող հայկական Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, որ 25 տարիով տրուած է քաղաքապետարանին, աւարտած են վերանորոգման աշխատանքները:
Քաղաքի կեդրոնական հատուածին մէջ գտնուող եկեղեցին քաղաքապետարանին կողմէ վերածուած է գրադարանի:
Գրադարանը առաջին իսկ օրէն մեծ թիւով այցելուներ ունեցած է: Ընթերցողներուն կը ներկայացուին 25.000 տպագիր, 22.000 ելեկտրոնային եւ 3000 օտիօ գիրքեր: 6 օրուան մէջ գրադարանէն օգտուած է աւելի քան 60.000 մարդ:
Ցեղասպանութենէն ետք եկեղեցին դարձած էր ոստիկանական բաժանմունք, մարզասրահ:
Տարուած աշխատանքներուն շնորհիւ եկեղեցիին մէջ գոյութիւն ունեցող որմնանկարներն ու գրութիւնները մաքրուած, բացուած են:
Տարիներ առաջ եկեղեցւոյ վերակառուցման ժամանակ բնակչութեան իրազեկելու համար փակցուած ցուցատախտակի վրայի` «Եկեղեցւոյ վերակառուցման աշխատանքներ» գրութիւնը «զայրացուցած» էր քաղաքի բնակիչները: «Եկեղեցի» նշուիլը արժանացած է հանրային քննադատութեան, որմէ ետք ցուցանակը փոխուած է եւ վրան գրուած` «Մշակոյթի եւ արուեստի կեդրոնի շինարարութիւն»:
Կեսարիոյ մէջ նոյնպիսի դէպք մըն ալ տեղի ունեցած էր «Անաթոլիա» շարժանկարի նկարահանման շրջանի ժամանակ, երբ քաղաքի բիւզանդական շրջանի ամրոցին վրայ բեմադրիչը խաչով դրօշ փակցուցած էր: Քաղաքի բնակիչները բողոքած էին, որ իրենք մահմետականներ են եւ խաչով դրօշ չեն հանդուրժեր: Կատղած բնակիչներուն չեն կրցած հանգստացնել նոյնիսկ ոստիկանները: Այդ միջադէպէն զայրացած շարժանկարի բեմադրիչ Թանիոլաչ Թիւրքպեն դադրեցուցած է նկարահանումները եւ իր անձնակազմով հեռացած քաղաքէն: