«Խրոխտ, խիզախ եւ միշտ պատրաստ»…

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

            Սոյն յօդուածս երբ ընթերցողին հասնի Հայաստանի մէջ 21–29 յուլիսին տեղի ունեցած կամ թերեւս ալ տակաւին ընթացքի մէջ պիտի ըլլան ՀամաՀՄԸՄ-ական 12-րդ խաղերը՝ 750 մասնակիցներով՝ աշխարհի բոլոր կողմերէն (բացի Արցախէն…)։

            Որքան ալ կարեւոր իրադարձութիւն մը ըլլայ այդ, մանաւանդ հայութեան ներկայ պայմաններուն մէջ, եւ որուն անպայման հանգամանօրէն պիտի անդրադառնայ մեր մամուլը, այս գրութիւնը չէ նուիրուած անոր, բայց անոր որդեգրած նշանաբանն է, որ դրած եմ որպէս խորագիր եւ ատկէ ներշնչուելով կ՚ուզեմ արտայայտել մտքերս։

            Խրոխտ, խիզախ եւ միշտ պատրաստ…

            Յաճախ կը դժգոհինք, որ չե՛նք այդպիսին, որ միշտ ո՛չ խրոխտ ենք, ո՛չ խիզախ, ո՛չ ալ պատրաստ։ Կը դժգոհինք իրաւամբ, իրատեսօրէն նկատելով մեր այդ թերացումը,– թերացումները՝ մեր կեանքի տարբեր ոլորտներուն մէջ,– ու միշտ պատրաստ ենք այպանելու ուրիշները, բոլորը, բայց ոչ մենք զմեզ, առանց հարց տալու, թէ մե՛նք ինչ կրնանք ընել, մեզմէ ամե՛ն մէկը ինչ կրնայ ընել։ Այս ալ տարբեր երեւոյթ մըն է, որուն այլապէս կ՚արժէ անդրադառնալ։

            Այստեղ սակայն կ՚ուզեմ արծարծել մեր մարդուժի՛ պատրաստման հարցը, մասնաւորաբար Սփիւռքի հայութեան պարագային, այն հայութեան, որ այսօր մեր ազգի ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը հանդիսանայ, ուրեմն նաեւ մեր ներուժի գլխաւոր աղբիւրը, որքան ալ կարեւոր ըլլան հայրենի հողն ու անոր վրայ տակաւին խարսխուած հայրենահայութիւնը։  

            Արդարեւ, ի՞նչ կ՚ուզենք, ինչի՞ մէջ պատրաստ ըլլալու ենք եւ չե՛նք։ Ի՞նչ են մեր մարդուժի կարիքները։ Խօսինք քանի մը ոլորտներու մասին։

            ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ։ Իր առաջնահերթ դերին մէջ Սփիւռքը քաղաքական ուժ մըն է, եւ այդ ուժը պահելն ու զարգացնելը կենսական է ամբո՛ղջ հայաշխարհի համար՝ ըլլայ Արտերկրի մէջ մեր ինքնութիւնը պահելու առումով, ըլլայ Երկրի ի նպաստ համաշխարհային կեցուածքներ ու միջոցառումներ ապահովելու առումով։ Քաղաքական դէմքեր զարգացնելը երկարաժամկէտ աշխատանք է։ Ան կ՚ենթադրէ ոչ միայն այդ դէմքերու զարգացումը իրենց բարձրագոյն կրթութեան ընթացքին, այլեւ անոնց տեղադրումը տեղական տարբեր մակարդակի քաղաքական կազմակերպութիւններուն մէջ, օգնելով նաեւ, որ հասնին տիրական դիրքերու եւ ուժ ունենան նոյն այդ կազմակերպութիւններու որոշումներու կայացման գործընթացին մէջ։  

ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆ-ԳԻՏԱԿԱՆ։ Այս մարզին մէջ նոյնպէս շատ կարեւոր է մեր ներկայութիւնը։ Ունենալ դասախօսներ, գիտնականներ ու հետազօտողներ տարբեր ճիւղերու մէջ՝ թէ՛ հայաշատ եւ թէ՛ ոչ-հայաշատ երկիրներու պարագային, համաշխարհային կարծիք յառաջացնելու համար յաղագս մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան, ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին, ազգերու ինքնութեան պահպանման, որոնք ուղղակի կամ անուղղակի ազդեցութիւն ունին մեր ազգի ու հայրենիքի գոյութեան տեսակէտէն։ Այս նոյնպէս կ՚ենթադրէ ներուժը տեսնել դպրոցական գրասեղաններէն սկսեալ ու տէ՛ր կանգնիլ անոր։

ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ-ՄԱՐԶԱԿԱՆ։ Գիտենք, թէ ինչպէ՛ս ժողովրդականութիւն կը վայելեն աստղերը, ըլլա՛յ բեմահարթակներու վրայ, ըլլա՛յ մարզադաշտերու։ Եռագոյնի ծածանումը եւ ազգային օրհներգի սփռումը, ուզենք թէ չուզենք, կ՚ազդեն դիտողներուն վրայ։ Իսկ փայլուն աստղերը աստղաբոյլերէն միայն կը յառաջանան, այսինքն հազարաւորներուն մէջէն ջոկելի կը դառնան։ Ահա նաեւ ներուժի պատրաստութեան մարզ մը, որ այնքան դժուար չէ հասկնալու համար, սակայն որքան դիւրութեամբ նոյնպէս կը մնայ անտեսուած։

ԿՐԹԱԿԱՆ։ Վերջապէս մեզի ներազգային առումով հիմնական ոլորտը՝ ուսուցիչներու պատրաստութեան հարցը։ ինչպէ՞ս կրնանք բոլոր միւս ոլորտներուն համար աշխատանք տանիլ, եթէ հայ ուսուցիչներ չըլլան ու հայե՛ր չկերտեն մեր վաղուան համար։ Յաճախ խօսուած, արծարծուած հարց մը, որ սակայն վարանոտ քայլերով միայն յառաջ կ՚երթայ։ Ընտրել ամենէն յառաջադէմ աշակերտները, ամենէն կարողները՝ զանոնք ուսուցչական ասպարէզ մղելու, անոնց ուսման օժանդակելու եւ անոնց մարդավայել ապրուստը հոգալու պատրաստակամութեամբ։ 

            Խրոխտ, խիզախ եւ միշտ պատրաստ…

            Ահա կեցուածքը, որ որդեգրուելու է մեր ներուժը զարգացնելու եւ անխորտակ մարդուժի վերածելու համար։

            Անհաժեշտ պրպտումները ընելով, անհրաժեշտ ծրագրումները կատարելով, անհրաժեշտ կռուանները յատկացնելով։

            Մինչդեռ ներկայիս մեր ներուժը սեփական նախաձեռնութեամբ կը զարգանայ, սեփական ճիգերով տեղ կը հասնի, մեզմէ աւելի այլոց կը ծառայէ ու պարագայաբար միայն կ՚օգտագործուի մեր կողմէ երբ տեղ մը բաց մը ստեղծուի, երբ մէջտեղ մնանք…

Խրոխտ, խիզախ եւ միշտ պատրաստ…

Կը դժգոհինք մեր եկեղեցիներէն, կուսակցութիւններէն, կազմակերպութիւններէն եւ հաստատութիւններէն, այլեւ ղեկավար դիրքերու հասած մեր ազգայիններէն, որ «բան մը չեն ըներ», ա՛յս չեն պատրաստեր, ա՛յն չեն պատրաստեր, ասո՛ր մէջ կը թերանան, անո՛ր մէջ կը թերանան։ Այո, դժգոհելու պատճառներն ու պատրուակները չեն պակսիր։ Չենք անդրադառնար, սակայն, որ առաջին թերացողները մենք ենք, իւրաքանչիւրս, երբ հեռու կը մնանք ազգային գործուն կեանքէն, բարոյական թէ նիւթական ձեռք չե՛նք երկարեր երբ մեր մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը կ՚ըլլայ։ Դժգոհելո՛ւ մէջ կը հանդիսանանք՝

Խրոխտ, խիզախ եւ միշտ պատրաստ…

Մինչդեռ…

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ