Լոյս տեսաւ Արցախեան ազատամարտի մասին Աստղիկ Աբրահամեանի «Սեւ սարեր» ֆրանսերէն վէպը

Գանատական Poètes de brousse հրատարակչատան կողմէ ֆրանսերէն լեզուով լոյս տեսած է գանատահայ Աստղիկ Աբրահամեանի «Սեւ սարեր» վէպը։ Աբրահամեանի առաջին վէպը կը պատմէ 1989-ին Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք Կովկասի մէջ կը բռնկած ազգամիջեան հակամարտութիւններու ընթացքին հայ բժշկուհի Մարկոյի պատմութեան, որ Մոսկուայէն կը վերադառնայ հայրենիք եւ որպէս մասնագէտ բժիշկ մասնակից կը դառնայ Արցախեան ազատագրական պայքարին։

Աստղիկ Աբրահամեան ծնած է է Երևան, փոքր տարիքին ընտանիքին հետ հաստատուած է Մոնթրէալ, Գանատա: Ան ուսուցիչ եւ թարգմանիչ է եւ ունի գրական թարգմանութեան մագիստրոսի կոչում: Աստղիկը աշխատակից է «Հորիզոն»ի։

«Հորիզոն»ի խմբագրութիւնը կը շնորհաւորէ Աստղիկի գրական առաջին երախայրիքը։

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.