Կիրակի, 4 Մարտ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Մոնթրէալի
Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում
Լիբանանի Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի հետ:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ տիկին Մարալ Նազարեան,
որ իր խօսքին մէջ նշեց, թէ Նախարար Կիտանեանի Գանատա այցը մէկ
օղակն է Հիւսիսային Ամերիկա կատարած իր այցելութեան, որուն
ընթացքին ան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Թորոնթոյի հայ համայնքին
հետ, ապա ժամանեց Մոնթրէալ՝ զեկուցելու Լիբանանի
խորհրդարանական մօտալուտ ընտրութիւններուն մասին: Ապա
ներկայացուց նախարար Աւետիս Կիտանեանի հակիրճ կենսագրականը.
Աւետիս Կիտանեան ծնած է 21 Նոյեմբեր 1966-ին, երկրորդական
ուսումը ստացած է Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն
վարժարանին մէջ, ապա աւարտած է Լիբանանեան համալսարանի
բնագիտութեան բաժանմունքը: Անդամ է ՀՅ Դաշնակցութեան եւ
ստանձնած է կուսակցական զանազան պաշտօններ:
Տիկին Նազարեան բեմ հրաւիրեց նախարար Կիտանեանը, որ նախ
շնորհակալութիւն յայտնեց գանատահայութեան՝ սոյն
ընտրութիւններուն առթիւ գաղութին տարած աչալուրջ աշխատանքին
համար: Ան յայտնեց, թէ վերջին շրջանին Լիբանան կ’ապրի
համեմատաբար խաղաղ շրջան մը, շնորհիւ երկրի նախագահին եւ
վարչապետին համախոհութեան: «Եւ մենք՝ լիբանանահայերս,- ըսաւ
նախարարը,- Լիբանանի ճգնաժամային պայմաններուն տոկացինք եւ
շարունակեցինք ապրիլ որպէս Լիբանանի հաւատարիմ քաղաքացիներ,
այդ պատճառով ալ բոլոր ուժերուն կողմէ մեծ յարգանք կը վայելենք առ
այսօր, հետեւաբար ժամանակն է, այս բարօր ժամանակաշրջանին, որ
Դաշնակցութիւնն ու լիբանանահայութիւնը օգտուին ընձեռուած
կարելիութիւններէն, եւ Սփիւռքի մեր հայրենակիցները մասնակցելով
քուէարկութեանց՝ նպաստեն ոչ միայն լիբանանահայութեան, այլ նաեւ
մեր ազգային հարցերուն»: Նախարար Կիտանեան այս առումով
անդրադարձաւ Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աունի վերջերս կատարած
Հայաստան այցելութեան, որուն ընկերակցած էր նաեւ ինք, եւ յիշեց, թէ
նախագահը Հայաստանի, Արցախի եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման
հարցերուն վերաբերեալ իր անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնած էր:
Նախարար Կիտանեան յայտնեց, թէ 2000 թուականէն ի վեր
Դաշնակցութիւնը ունեցած է երկու երեսփոխաններ Լիբանանի