Լաւալի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը զօրակցի Լաւալի քաղաքապետարանի ընտրութիւններու թեկնածու՝ Սեդա Թոփուզեանին եւ Ստեփան Պոյէին
1321
0
Սիրելի Լաւալաբնակ հայրենակիցներ,
Լաւալի քաղաքապետարանի ընտրութիւնները (élection municipale) տեղի պիտի ունենան Կիրակի, 7 Նոյեմբեր 2021-ին:
Ուրախ ենք յայտնելու, թէ այս ընտրութիւններուն Renaud ընտրաշրջանէն թեկնածու ունինք տիկին Սեդա Թոփուզեանը, որ մաս կը կազմէ Mouvement Lavallois-Équipe Stephan Boyer-ի խումբին:
Սեդա Թոփուզեան երկար տարիներ ծառայած է ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղէն ներս, ըլլալով անոր անխոնջ նուիրեալը: Ան նաեւ իր բեղուն մասնակցութիւնը բերած է Հայ Դատի այլազան աշխատանքներուն:
Յոյսով ենք, որ ընթացք կու տաք մեր կոչին եւ միասնաբար կը յաջողինք սատար հանդիսանալու Սեդա Թոփուզեանին:
Կանխայայտ շնորհալութեամբ՝
Լաւալի Հայ Դատի Յանձնախումբ