Թորոնթոյի մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Վարուժան Լափոյեան 250 հազար տոլար կը նուիրէ Արցախին
Թորոնթոյի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Վարուժան Լափոյեան 250 հազար տոլար նուիրեց Գանատայի Արցախի օժանդակութեան ֆոնտին։
Թորոնթոյի «Նոր Հայ Հորիզոն» հեռուստակայանէն սփռուած յատուկ կոչով մը ան յայտնեց.
«Սիրելի Հայրենակիցներ, այսօր Հայաստանի եւ Արցախի Զինուած ուժերը կենաց ու մահու պայքար կը մղեն Արցախը եւ Հայրենիքը պաշտպանելու համար: Չափազանցած չեմ ըլլար, եթէ այսօրուան պայքարը բաղդատեմ 1918-ի Սարդարապատի պատերազմին հետ: Թշնամին նոյնն է ,նոյն թուրքն է ,որ կուզէ իր 1915-ի անաւարտ ցեղասպանութիւնը շարունակել:
Մենք, սփիւռքահայերս, Մեծ Եղեռնի զաւակներն ու թոռները ,որ կ՚ապրինք աշխարհի չորս ծագերուն, պէտք է գիտակցինք որ ժամանակը եկած է որ մենք ալ մասնակցինք կասեցնելու այս ահաւոր ոճրագործութիւնը, որ կը գործադրուի մեր ժողովուրդին եւ Հայրենիքին դէմ:
Ահա այս առիթով կ՚ուզեմ յայտնել իմ աջակցութիւնը՝ մեր հայ ազգի չաւակնեերուն եւ մեր հայրենիքին, նուիրելով $250,000 տոլար եւ կոչ կ՚ուղղեմ Գանատայի մեր բոլոր հայրենակիցներուն իրենց նուիրատուութիւնը առատաձեռնօրէն կատարելու:
https://camam.akaraisin.com/ui/ArtsakhAid
կայքէջով կատարելով ձեր նուիրատուութիւնը՝ կրնաք ստանալ նուիրատուութեան տուրքէ զերծ ստացագիրը:
Փառք մեր հայրենիքի հողին կառչած Արցախի եւ Հայաստանի ժողովուրդին»: