Երկու Վեհափառ Հայրապետներուն Որոշումով Մինչեւ Աւագ Հինգշաբթի, 9 Ապրիլ Բոլոր Եկեղեցիներուն Մէջ Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագը Եւ Եկեղեցական Արարողութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Առանց Հաւատացեալներու Ներկայութեան

Երէկ առաւօտ, երկու վեհափառ հայրապետները` ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոս եւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս, խորհրդակցութիւն մը ունեցան «Քորոնա» ժահրի ստեղծած համաճարակին եւ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս անոր յառաջացուցած հետեւանքներուն մասին: Երեկոյեան վեհափառ հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Անթիլիասի մայրավանքի եպիսկոպոսներուն հետ: Արդարեւ, մեկնելով մեր ժողովուրդի անվտանգութեան նկատմամբ մեր ունեցած նախանձախնդրութենէն, միաժամանակ հետեւելով բժիշկներու ու մասնագէտներու թելադրութիւններուն, որոշուեցաւ, որ մինչեւ Աւագ հինգշաբթի, 9 ապրիլ մեր եկեղեցիներուն մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագը մատուցուի եւ բոլոր եկեղեցական արարողութիւնները տեղի ունենան առանց հաւատացեալներու ներկայութեան: Նոյն որոշումը տրուեցաւ նաեւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան կողմէ:

Հետեւաբար, ջերմօրէն կը թելադրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին.

1) Անթիլիասի ուխտի օրը` կիրակի, 29 մարտ 2020-ի յետմիջօրէին միայն հաւատացեալներ առանձնաբար եւ իրենց ընտանիքի անդամներով մօտենան Ս. Խորանին` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Սուրբ Աջին օրհնութիւնը ստանալու: Նոյնպէս Ծաղկազարդի օրը` կիրակի, 5 ապրիլ 2020-ի յետմիջօրէին միայն եկեղեցի երթան` ստանալու օրհնուած ձիթենիի ճիւղեր:

2) Հոգեհանգիստները բնական կերպով պիտի կատարուին` միշտ առանց սգակիրներու ու հաւատացեալներու ներկայութեան: Անհրաժեշտ է այս գծով նախապէս տեղեակ պահել եկեղեցւոյ պատկան մարմինները կամ քահանայ հայրերը:

3) Թելադրելի է, որ մեր ժողովուրդի զաւակները ընկերային ցանցերու, հեռատեսիլներու եւ ձայնասփիւռներու ճամբով հետեւին սուրբ եւ անմահ պատարագին:

4) Բնականաբար, մեր եկեղեցիները միշտ բաց պիտի մնան հաւատացեալներուն առջեւ, որոնք օրուան ընթացքին կ՛ուզեն եկեղեցի գալ խոկումի ու աղօթքի համար:

5) Մկրտութեան եւ թաղման արարողութիւնները կատարել սահմանափակ թիւով անձերու ներկայութեան:

Վստահ ենք, որ մեր ժողովուրդի զաւակները հասկացողութիւն եւ պատասխանատու վերաբերում պիտի ցուցաբերեն վերոյիշեալ թելադրութիւններուն գծով: Ինչպէս վեհափառ հայրապետը մեր ժողովուրդին ուղղած իր հայրական պատգամին մէջ ըսաւ.

Աղօ՛թքը պէտք է դառնայ մղիչ ուժը մեր կեանքին, մեր մտածումներուն ու գործերուն: Հաւատքով շաղախուած աղօթքն է, որ մեզի հոգեկան քաջութիւն կու տայ դիմագրաւելու կեանքի բոլոր չարիքները: Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Ինչ որ աղօթքով խնդրէք, հաւատացէք, որ պիտի ստանաք, եւ ձեր խնդրանքը պիտի տրուի ձեզի» (Մր 11.24): Սիրելի՛ հայորդիներ, «միշտ աղօթեցէ՛ք, որ արժանի ըլլաք այս պատահելիքներէն ազատելու» Աստուծոյ Որդւոյն խոստումին համաձայն: Հետեւաբար, եկէ՛ք դառնանք Քրիստոսին ու Սաղմոսին աղօթասաց բառերով ըսենք.- Դո՛ւն ես իմ յոյսը, Տէր, … ինձմէ հեռու մի՛ մնար, փութա՛, ինծի օգնութեան հասի՛ր (71. 5, 12):

ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.