Երեւան Պիտի Ստորագրէ Իրանեան «Պարսից Ծոց-Սեւ Ծով» Նախագիծը

Հայաստան պատրաստ է վաւերացնելու «Պարսից ծոց-Սեւ ծով» միջազգային փոխադրամիջոցային միջանցքի գործարկման մասին համաձայնագիրը` հանրապետութեան օրէնսդրութեան համապատասխան:

Ներկայիս նախագիծի մասնակիցները կը սպասեն, որ տուեալ նախագիծի գաղափարի հեղինակ Իրանը ե՛րբ պիտի յայտարարէ համաձայնագիրի ստորագրման թուականը:

Այս մասին «Սփութնիք Արմենիա»-ի գրաւոր հարցումին պատասխանելով յայտնած  են Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարարութենէն:

«Պարսից ծոց-Սեւ ծով» միջազգային փոխադրամիջոցային միջանցքի նախագիծը կ՛ենթադրէ չընդհատուող երթուղի, որ Նիւ Տելհին եւ Թեհրանը կը կապէ Եւրոպայի հետ Երեւանի եւ Թիֆլիսի միջոցով, բազմատիպի փոխադրումներով:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.