Երեւանի Դպրոցներէն Մէկը Պիտի Կոչուի Հերոս Ռոպերթ Ապաճեանի Անունով
2599
0
Ապրիլի 18ին, Երեւանի աւագանիի կրթութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան եւ զբօսաշրջութեան յանձնաժողովին ներկայացուած է որոշման նախագիծ, որմով առաջարկուած է Երեւանի թ.147 դպրոցը կոչել Արցախի հերոս, այդ դպրոցի շրջանաւարտ Ռոպերթ Ապաճեանի անունով:
Ըստ «Փանարմինիըն»ին՝ աւագանիի անդամ Անահիտ Բախշեան դիմատետրի իր էջին վրայ կատարած արձանագրութեամբ տեղեկացուցած է, որ յանձնաժողովի անդամները միաձայն դրական եզրակացութիւն տուած են այդ նախագիծին:
«Ուրախ եմ այս նախագիծին համար», գրած է Բախշեան:
Յիշեցնենք, որ Ռոպերթ Ապաճեան զոհուած էր Քառօրեայ պատերազմին ընթացքին, Ապրիլ 2ի գիշերը, Մարտակերտի ուղղութեամբ տեղակայուած դիրքը անձնազոհաբար պաշտպանելու պահուն:
2016ի Սեպտեմբերին, Ռոպերթ Ապաճեանի անունով կոչուած է նաեւ ԼՂՀ Քաշաթաղի շրջանի Հերիկ գիւղի նորակառոյց դպրոցը: