«Երբ ՀՕՄ-ը կը նուիրէ դպրոցին, իրականութեան մէջ ան կը նուիրէ ապագային». Անի Հոթոյեան-Ժոլի


Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Անի Հոթոյեան-Ժոլիի խօսքը՝ արտասանուած «Նարեկ» Հայ Կրթական եւ Մշակութային կեդրոնի բացման հանդիսութեան ընթացքին։


Գերաշնորհ Տ․ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, հոգեւոր հայրեր, յարգելի՛ նուիրատուներ, բարեկամներ, Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի եւ անդամներ, եւ սիրելի ՀՕՄ-ուհիներ։

Հայ Օգնութեան Միութիւնը, որպէս հայ կանացի կազմակերպութիւն, միշտ հաւատացած է, որ հայապահպանութեան ամէնէն ամուր հիմերէն մէկը կրթութիւնն է։ Հայ դպրոցը այն սրբավայրն է, ուր մեր մանուկները կը սորվին ոչ միայն կարդալ ու գրել, այլ նաեւ՝ ճանչնալ իրենց արմատները, սիրել իրենց լեզուն, յարգել իրենց պատմութիւնը եւ հպարտութեամբ կրել հայու անունը։ Այս գիտակցութեամբ է, որ Հայ Օգնութեան Միութիւնը սիրով եւ պատասխանատուութեան խոր զգացումով իր ներդրումը կը բերէ այս դպրոցին՝ ըլլալով անոր նուիրատուներէն մէկը։

Այսօր, այս օրհնաբեր եւ պատմական պահուն, ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութիւնն ու անդամներս, մեծ ուրախութեամբ, խոր յուզումով եւ հպարտութեան զգացումով կը մասնակցինք մեր համայնքին համար այնքան նշանակալից այս արարողութեան՝ Հայկական Դպրոցի բացման։ Այս պահը սովորական արարողութիւն մը չէ։ Այսօր, մենք չենք բանար միայն դպրոցի մը դռները։ Այսօր մենք կը բանանք գիտելիքի, հայեցի դաստիարակութեան, ազգային գիտակցութեան եւ ապագայի դռները։ Այսօր մենք չենք կանգնիր միայն շէնքի մը առջեւ, մենք կը կանգնինք գաղափարի եւ տեսլականի մը առջեւ, սերունդներու երթը շարունակելու վճռականութեան մը առջեւ։

Այսօր մենք մեր մանուկներուն կը փոխանցենք ոչ միայն դպրոց մը, այլեւ՝ ժառանգութիւն մը, պատասխանատուութիւն մը եւ հաւատք մը։

Այսօր մենք կը կառուցենք այն կամուրջը, որ մեր անցեալը պիտի կապէ մեր ապագային, եւ այդ կամուրջին անունն է՝ Նարեկ Հայ Կրթական եւ Մշակութային կեդրոն։

Դարերու փոթորիկներուն ընդմէջէն, տեղահանութիւններու, կորուստներու եւ դժուարութիւններու դիմաց, մեր ժողովուրդը յաջողած է պահել իր ինքնութիւնը, որովհետեւ ունեցած է դպրոց, ուսուցիչ, գիր ու գրականութիւն եւ ամէնէն կարեւորը, ունեցած է հաւատք՝ իր լեզուին ու մշակոյթին նկատմամբ։ Հայ դպրոցը այդ հաւատքին կենդանի արտայայտութիւնն է։

Այսօր, երբ մեր զաւակներուն առջեւ կը բացուի այս նոր դպրոցին դուռը, մենք վստահութեամբ կրնանք ըսել, որ մեր համայնքը եւս կը շարունակէ այդ մեծ աւանդութիւնը։ ՀՕՄ-ին համար այս պահը ունի առանձնայատուկ նշանակութիւն։ ՀՕՄ-ը իր հիմնադրութեան առաջին օրէն իսկ իր առաքելութեան առանցքին մէջ ունեցած է հայ կինը, հայ ընտանիքը, հայ մանուկը եւ հայ համայնքը։ Տասնամեակներ շարունակ ՀՕՄ-ը ծառայած է կրթութեան, դաստիարակութեան, ընկերային բարօրութեան եւ հայապահպանման գործին՝ աշխարհի չորս ծագերուն։

Այսօր, այս դպրոցին բացման առիթով, ՀՕՄ-ը մեծ պատիւ կը զգայ իր լուման բերած ըլլալուն այս սրբազան գործին եւ այս դպրոցին նուիրատուներէն մէկը հանդիսանալուն համար։

Մեզի համար այս նուիրատուութիւնը պարզապէս նիւթական աջակցութիւն մը չէ։ Ան մեր հաւատքին վկայութիւնն է, մեր պատասխանատուութեան եւ վստահութեան արտայայտութիւնն է, որ կրթուած, գիտակից եւ հայօրէն դաստիարակուած սերունդն է մեր համայնքներուն ու մեր ժողովուրդին իսկական հարստութիւնը։

Երբ ՀՕՄ-ը կը նուիրէ դպրոցին, իրականութեան մէջ ան կը նուիրէ ապագային։

Այս նոր դպրոցը թող ըլլայ ոչ միայն գիտելիքի, այլեւ սիրոյ ու պատկանելիութեան վայր։ Այսօրուան յաջողութիւնը մէկ անձի կամ մէկ կառոյցի յաջողութիւնը չէ։ Այսօրուան յաջողութիւնը համայնքի մը միասնական կամքին յաղթանակն է, եւ երբ համայնքը միասին կը գործէ, անհնարինը կը դառնայ հնարաւոր։ Այսօր, այդ միասնական կամքին գեղեցիկ վկայութիւնն է Նարեկ Հայ Կրթական եւ Մշակութային կեդրոնը։

Թող այս կեդրոնը դառնայ ոչ միայն դպրոց, այլեւ թող այստեղ կրթութիւնը հանդիպի մշակոյթին, մշակոյթը հանդիպի արուեստին։ Թող արուեստը հանդիպի երիտասարդութեան, եւ թող այս բոլորին մէջ միշտ ապրի հայու ոգին: Թող այս դռներէն ներս մտնող իւրաքանչիւր մանուկ դուրս գայ աւելի հարուստ՝ գիտելիքով, լեզուով, մշակոյթով եւ ազգային գիտակցութեամբ: Թող այստեղէն ծնին նոր ուսուցիչներ, նոր մտաւորականներ, նոր արուեստագէտներ, նոր առաջնորդներ եւ ամէնէն կարեւորը՝ արժանապատիւ հայեր։

Բարի՛ երթ մեր նորածին Նարեկ Հայ Կրթական եւ Մշակութային կեդրոնին։ Թող անոր ճանապարհը ըլլայ լուսաւոր, իսկ յաջողութիւնները՝ փառահեղ։