Ե՞ս, թէ՞ չես… դաշնակցական

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Դաշնակցական։

Հարցը կը խռովէ զիս, ամեն անգամ, որ ինքնութեանս մասին կամայ-ակամայ կը խոկամ։ Եւ հարցումը անընդհատ կը վերադառնայ՝ իրապէս դաշնակցակա՞ն եմ, թէ՞ ոչ։ Կը վերադառնայ, մանաւանդ երբ իբր այդ կ՚ամբաստանուիմ, կը զրպարտուիմ կամ կը մեղադրուիմ, ուղղակի կամ անուղղակի, անհատաբար կամ հաւաքաբար՝ իբր կուսակցութիւն։

Բայց եկէք պահ մը կանգ առնենք, մոռնանք այդ յարձակումները, նոյնիսկ ցեխարձակումներն ու հարց տանք, թէ ի՞նչ կը նշանակէ «դաշնակցական»։ Կասկած չկայ, թէ ան մէկէ աւելի իմաստներ ունի, նոյնիսկ անհամար իմաստներ կրնայ ստանալ, նայած ենթակային ու նայած դիտողին։

Ե՞մ դաշնակցական, որովհետեւ պարզապէս անդամ եմ ՀՅԴ կուսակցութեան։ Սա ամենէն հիմնական ճամբան է դաշնակցական կոչուելու իրաւունք ունենալու եւ անշուշտ այդ իրաւոււնքն ալ պահելու համար՝ յարգելով այն պարտաւորութիւնները, որոնք սահմանուած են կանոնագրով։

Բայց անմիջապէս կարեւոր հարցում մը կը ցցուի առջեւդ. իրապէս դաշնակցակա՞ն է մեզմէ ամեն մէկը, որ, ինծի պէս, անդամ է կուսակցութեան, կը վճարէ իր անդամատուրքը կամ փոխառուած բառով՝ ցենզը, կը մասնակցի ժողովներու եւ կը ստանձնէ որոշ պարտականութիւններ։ Չկա՞յ աւելի բան մը, առանց որուն այդ կարգապահութիւնը իմաստ ունենալէ կը դադրի, կը վերածուի զուտ մեքենականութեան մը կամ վարժանքի մը, թերեւս օգտակար բան մը ըրած ըլլալու կամ ալ ազգին ծառայած ըլլալու գոհունակութեան մը եւ այդքան։ Նոյնիսկ հպարտութեան մը, եթէ ոչ սնապարծութեան մը։ Չէ՞ որ ազգին կարելի է ծառայել առանց Դաշնակցութեան կամ որեւէ այլ կուսակցութեան անդամ ըլլալու։

Կրնա՞նք ըսել, որ այդ կարգապահութենէն անդին ըլլալու է այլ մակարդակ մը, որ քեզ զանազանելու է ոչ-դաշնակցականէն։ Ըստ ինծի՝ համոզո՛ւմն է այդ։ Ճիշտ է, անդամակցութեան նախապայմաններէն մէկն ալ, առաջի՛նը, ընդունիլն է ՀՅԴ ծրագիրը։ Բայց ընդունիլ կայ, ընդունի՛լ ալ կայ։ Դաշնակցութիւնը կը դաւանի համամարդկային արդար համակեցութեան համակարգի մը, ուր կը յարգուին թէ՛ անհատներու եւ թէ՛ հաւաքականութիւններու մարդկային իրաւունքները, ներառեալ ազգային իրաւունքները՝ սեփական հողի, սեփական մշակոյթի, սեփական լեզուի եւ սեփական հաւատքի մարզերուն մէջ։ Որքա՞ն կը գիտակցիմ իբր դաշնակցական այդ բոլորին։ Որքա՞ն կեանքս կ՚ապրիմ այդ գիտակցութեան համապատասխան։ Կը տեսնէք, թէ ինչպէ՛ս կ՚երկարի՜ հարցումներու շարանը։

Եւ արդեօք իրողութիւն մը եւս նկատի առնելու չե՞մ։ Դաշնակցական ըլլալը մ՞իթէ չ՚ընդգրկեր նաեւ ներքին, նկարագրային կամ բնաւորութենական գիծ մը, առանց որուն գուցէ անկարելի է կուսակցական ըլլալ, բայց մանաւանդ դաշնակցական ըլլալ։ Խառնուածքի՞ հարց է թերեւս։ Չեմ գիտեր, բայց եթէ Դաշնակցութեան ճամբով իր ժողովուրդին ծառայելը ապրումի չվերածուի, ամենօրեա՛յ կեցութեան չվերածուի, ի՞նչ իմաստ կ՚ունենան համոզումն ու կարգապահութիւնը։ Միւս կողմէ, ըլլա՛յ ապրումը, ըլլայ համոզումը բաւարա՞ր են դաշնակցական ըլլալու համար՝ առանց կարգապահութեան։ Այսինքն առանց անդամակցութեան։

Բայց այդ կախարդական բառը, մոգակա՛ն բառը ունի ուրիշ իմաստ մը եւս, որ չ՚առնչուիր կուսակցական ըլլալուն։ Այդ որակական ածականը՝ «դաշնակցական», կարծէք ցուցիչն է «ազգայնութեան» (չեմ գործածեր «ազգայնականութիւն» բառը, զոր դժբախտաբար ներկայիս ոմանք կը նոյնացնեն «նացիոնալիզմին» հետ, զոր մենք թարգմանելու ենք «ազգապաշտութիւն»)։ Շատերու համար երբ կը յայտարարեն կամ կ՚ընդունին, թէ դաշնակցական են, ըսել կ՚ուզեն, թէ կը բաժնեն Դաշնակցութեան գաղափարաբանութիւնը, գլխաաորաբար անոր ազգայի՛ն դաւանանքը։ Այդ պատճառաւ ալ, նոյնիսկ ինչ-ինչ պատճառներով Դաշնակցութենէն հրաժարած կամ անկէ հեռացուած նախկին ընկերներ դաշնակցական կը համարուին կամ կը համարեն իրենք զիրենք եթէ յականէ անուանէ հակադաշնակցական կեցուածք չեն ցուցաբերած։

Վերջապէս երրորդ իմաստ մըն ալ կարելի է վերագրել այդ խորհրդաւոր բառին. երբ մէկը կը յանդիմանենք, ըսելով, թէ «դաշնակցական չե՞ս, ինչէ՞ն կը վախնաս, կամ ինչո՞ւ կը վարանիս», – ըսել կ՚ուզենք, թէ քաջ, խրոխտ կամ համարձակ չե՞ս։

Այս վերջին երկու իմաստները որոշ չափով կը համընկնին կուսակցականի համոզումով կամ խառնուածքով դաշնակցական ըլլալու գաղափարին հետ։

Նաեւ կը պատահի յաճախ, երբ մէկը կը հերքէ, թէ դաշնակցական է, այդ հերքումը կը մեկնաբանուի որպէս համոզումի պակաս, աւելի քան պարզապէս կուսակցութեան անդամակցութեան բացակայութիւն։ Ոմանք նոյնիսկ կրնան հպարտանալ իրենց այդ չէզոքութեամբ։

Գալով ինծի, ես, եթէ իրենց տեղը ըլլայի… ամօթ պիտի չզգայի՞։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

«Դրօշակ», 2025 մայիս