«Դիմադրութիւն» Շարժումին Հանրահաւաքը` Արցախի Հանրապետութեան Հռչակման 31-Ամեակին Առիթով
ուրբաթ, 2 սեպտեմբերին, Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Դիմադրութիւն» շարժումին հանրահաւաքը` նուիրուած Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 31-ամեակին:
Հանրահաւաքը սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան օրհներգներով:
Ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին յանուն հայրենիքի զոհուած հայորդիներուն յիշատակը:
Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեան իր խոնարհումը արտայայտեց մէկուկէս տարուան մէջ միասնական ըլլալու եւ «Դիմադրութիւն» շարժման այս ամբողջ նախաձեռնութեան ընթացքին քաղաքացիներու աշխուժութեան համար:
Ան շեշտեց, որ այսօր ալ պէտք է վճռականութեամբ լեցուիլ ու միասնականութիւն ցուցաբերել, քրտնաջան աշխատանքով հասնիլ յաջողութիւններու` յանուն Հայաստանի եւ Արցախի պայքարին մէջ:
«Այսօր մենք իրաւունք չունինք Արցախի ժողովուրդը, Արցախը մինակ ձգելու, պարտաւոր ենք մեր պայքարի յաղթական ոգիով Արցախի ժողովուրդի կողքին կանգնիլ», ըսաւ ան:
Մենք հիասթափուելու իրաւունք չունինք, հիասթափութիւնը Նիկոլ Փաշինեանէն մեծ վտանգ է, իր խօսքին մէջ ըսաւ Ազգային ժողովի «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Մամիջանեան:
Մամիջանեան նշեց, որ Պրիւքսելի վերջին հանդիպումներէն ետք հրապարակուած յայտարարութիւններուն մէջ ո՛չ Լեռնային Ղարաբաղի մասին, ո՛չ գերիներու, ո՛չ ալ Արցախի ինքնիշխանութեան մասին յիշատակում կայ:
«Վերջնականապէս Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւնները զատուած են ղարաբաղեան տագնապէն: Սա կը նշանակէ, որ պաշտօնական Երեւանը ձեռքերը կը լուայ Արցախէն: Ու մենք ատիկա թոյլ տալ չենք կրնար», ըսաւ ան:
«31 տարի առաջ այս օրը Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ ԼՂԻՄ մարզային պատգամաւորներու եւ Շահումեանի շրջանային խորհուրդի միացեալ նիստը, որուն ընթացքին Արցախը հռչակուեցաւ անկախ», իր ելոյթին մէջ յայտարարեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան:
«Արցախի անկախութիւնը հայ ժողովուրդը ձեռք բերել է իր զաւակներուն արեան գնով: Արցախը հայ ժողովուրդի արժանապատուութիւնն է: Արցախը մեր անցեալն է, մեր ներկան ու ապագան: Արցախը մեր հողն ու ջուրն է, մեր ժառանգութիւնը: Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ըսեն, եկէք հայրենիքի մէկ մասը զիջինք, որ միւս մասը պահենք, գլուխները պատին կու տան: Մենք զիջելով պիտի կորսնցնենք նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու պետականութիւնը», յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեան:
Ան ըսաւ, որ Արցախի գլխուն կախուած աղէտը աղէտ է նաեւ Հայաստանի համար, Արցախը հայ ժողովուրդի համար գոյաբանական խնդիր է, անիկա մեր ուժն է, անվտանգութիւնը, մեր արժանապատուութիւնը:
Հանրահաւաքը վերջ գտաւ օրուան խորհուրդին համահունչ համերգով: