Դաւիթ Տօնոյեան. «Նոր Պատերազմ` Նոր Տարածքներ»

Ըստ «Ամերիկայի Ձայն»-ին, Նիւ Եորքի մէջ հայ համայնքին հետ հանդիպման ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մասին խօսելով` Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան յայտարարած է, թէ ինք կը փոխէ «Տարածքներ` խաղաղութեան դիմաց» ձեւաչափը:

«Ես` իբրեւ պաշտպանութեան նախարար, կ՛ըսեմ` «Տարածքներ` խաղաղութեան դիմաց» ձեւաչափը վերաձեւակերպած եմ, մենք հակառակը պիտի ընենք` «Նոր պատերազմ` նոր տարածքներու դիմաց» ձեւաչափով գործելով», ըսած է ան:

«Մենք այդ խրամատային վիճակէն, անընդհատ պաշտպանական կացութեան մէջ ըլլալէ պիտի ձերբազատինք: Պիտի աւելցնենք թիւը այն ստորաբաժանումներուն, որոնք ռազմական գործողութիւնները կրնան տեղափոխել հակառակորդի տարածք», նշած է Տօնոյեան:

Նախարարը հայ համայնքին հետ հանդիպման ընթացքին ամերիկահայերուն ներկայացուցած է նաեւ բանակին մէջ տիրող իրավիճակը` հաստատելով, որ բանակին մէջ մահացութեան աստիճանը պէտք  է անպայման նուազեցնել, թէեւ անկարելի է ամբողջովին վերացնել զայն: «Անխուսափելի է` զէնքով են, երիտասարդ են», յայտնած է ան:

Դաւիթ Տօնոյեան ընդգծած է, որ կարեւոր է պայքարիլ ոճրային բարքերու դէմ, որոնց դրսեւորումներէն մէկը բացայայտուած է Մեղրիի զօրամասերէն մէկուն մէջ. «Զօրամասին մէջ այնքան լկտիացած էին, որ կանեփ կ՛աճեցնէին», ըսած է ան:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.