Դատարանը Ռոպերթ Քոչարեանին կալանաւորելու որոշում կայացուց

Երևանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը հրապարակեց  ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կալանաւորման միջնորդութեան վերաբերեալ որոշումը:

Ռոպերթ Քոչարեանի հանդէպ որպէս խափանման միջոց կալանաւորման որոշում ընդունուած է։ Այդ մասին լրագրողներուն յայտնեց Ռոպերթ Քոչարեանի փաստաբան Արամ Օրբելեանը: Քոչարեանը կը կալանաւորուի երկու ամսուան ժամկէտով:

Յիշեցնենք, որ երէկ Ռոպերթ Քոչարեանը հրաւիրուած էր ՀՀ յատուկ քննչական ծառայութիւն՝ Մարտ 1-ի գործով, որպէս վկայ հարցաքննուելու: Աւելի ուշ, երկրորդ նախագահին մեղադրանք առաջադրուեցաւ ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 300.1-ին յօդուածի 1-ին մասով՝ այն բանի համար, որ ան, այլ անձերու հետ նախնական համաձայնութեամբ տապալած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական կարգը: Ռոպերթ Քոչարեանը «Երկիր Մեդիա»ի տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած էր, որ իրեն առաջադրուած մեղադրանքը շինծու է:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.