Դատարանը Էդգար Ղազարեանը դատապարտեց երկու տարուան ազատազրկման՝ պատիժը պայմանականօրէն չկիրարկելով

ԵՐԵՒԱՆ.- Դատարանը Հոկտեմբեր 1-ին մեղաւոր ճանչցաւ «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Էդգար Ղազարեանը եւ զայն դատապարտեց երկու տարուան ազատազրկման։ Պատիժը պայմանականօրէն պիտի չկիրարկուի՝ սահմանելով մէկ տարուան փորձաշրջան։

Դատավճիռի հրապարակումէն ետք Ղազարեան յայտարարեց, որ վճիռը քաղաքական նպատակ կը հետապնդէ եւ միտուած է զինք պատգամաւորական լիազօրութենէն զրկելու։

Գործը յարուցուած էր 2025-ին՝ Սահմանադրական դատարանի որոշման մը վերաբերեալ Ղազարեանի հրապարակային քննադատութիւններէն ետք։ Խնդրոյ առարկայ որոշումը կը վերաբերէր հայ-ատրպէյճանական սահմանազատման կանոնակարգին եւ Սահմանադրութեան նախաբանին մէջ Անկախութեան հռչակագիրի դերին։ Ղազարեան դատաւորներու մօտեցումը բնութագրած էր իբրեւ «սովորական տգիտութիւն»։

Պաշտպան փաստաբան Ռուբէն Մելիքեան շեշտեց, որ Ղազարեան դատաւորներուն վերաբերեալ արատաւորող տեղեկութիւններ չէ տարածած, այլ գնահատական տուած է անոնց գործողութիւններուն։

Պաշտպանութեան կողմը նաեւ ուշադրութիւն հրաւիրած է այն հանգամանքին վրայ, որ Նիկոլ Փաշինեան անցեալին դատական համակարգի եւ դատաւորներու հասցէին շատ աւելի խիստ հրապարակային արտայայտութիւններ ունեցած է, սակայն անոնք իրաւական համանման հետեւանքներու չեն յանգեցուցած։

Ղազարեան ներկայիս պատգամաւորական անձեռնմխելիութիւն ունի, սակայն գործը յարուցուած ըլլալով այն ժամանակ, երբ ան պատգամաւոր չէր, անձեռնմխելիութիւնը այս պարագային չի կիրարկուիր։