Դաշնակցութիւնը եօթանասուն տարի Սփիւռք կերտեց. մէկը պիտի յիշեցնէ(ր) Ալեն Սիմոնյանին
- (0)
Մտածենք Սփիւռքի մասին
Խ. Տէր Ղուկասեան
Ալեն Սիմոնյանին մէկը պիտի յիշեցնէր, որ իր 133 տարուայ պատմութեան շուրջ 70 տարիները Դաշնակցութիւնը նուիրած է Սփիւռքի կազմակերպման, հայապահպանման և համայնքներու ֆիզիքական պաշտպանութեան, իրերայաջորդ սերունդներու քաղաքականացման, Հայ Դատի հետապնդման և պետականազուրկ սփիւռքահայութեան կողմէ Ցեղասպանութեան հարցը միջ-պետական օրակարգին բերելու գործին: Միակ կազմակերպութիւնը չէ եղած անշուշտ, ոչ ալ զերծ եղած է սխալներէ, և երբեմն ալ սայթաքումներէ: Բայց Սփիւռքի քաղաքական պատմութեան որևէ առարկայական հետազօտութիւն ցոյց պիտի տայ թէ իր բոլոր սխալներով ու բացթողումներով հանդերձ այն որքա՛ն յառաջապահ ուժ եղած է և ստանձնած ղեկավար պատասխանատւութիւն:
Սփիւռը, սակայն, անտեսուեցաւ, նսեմեցուեցաւ, լաւագոյն պարագային թերարժևորուեցաւ անկախ Հայաստանի իրերայաջորդ իշխանութիւններու և, ընդհանրապէս, հայրենի քաղաքական վերնախաւին կողմէ: Բացի երբ փող անհրաժեշտ էր… Հռետորաբանական Սփիւռքագովումը առատ էր միշտ, մանաւանդ երբ համեմուէր հայրենասիրական ու հզօր պետականութեան յուզականութեամբ: Բայց անկէ մէկ քայլ անդին անցնելով Սփիւռքի ռազմավարական դերին գնահատումը՝ ոչինչ: Բացի, դարձեալ, հռետորաբանութենէ և երբեմն-երբեմն համագործակցութենէ, որոնցմէ թերևս ամենէն յուսադրիչն ու յուսախափողը եղաւ յետ-Փրոթոքոլեան հինգ տարիներուն Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցի պատրաստութեան աշխատանքները:
Սփիւռքը Հայաստանի մէջ նսեմացուեցաւ որովհետև, ինչպէս ոմանք, ընդ որում ազգային մտաւորականներ, կը մտածեն թէ Սփիւռքը «գերարժևորուած» է: Բայց աւելի շուտ որովհետև Հայաստանի քաղաքական վերնախաւը Սփիւռքը ուզեց որպէս հետևող միայն: Արդար ըլլալու համար պիտի ընդունիլ, որ ատոր ընթացք տուաւ Դէպի Երկիրով խանդավառ Սփիւռքեան ղեկավարութիւն մը, որ պահ մը կարծեց թէ դարձուցած էր պատմութեան Սփիւռքեան էջը և վերածուած «արտերկիր»ի: Երբեմնի Սփիւռքեան պատումի հայրենադարձութեան պահն էր եկած և հայրենիքը կը սպասէր իր զաւակներուն: Լևոն Տէր Պետրոսեանը «արտերկիր»ը «սրբագրեց» երբ «օտարերկրացի» անունանեց սփիւռքահայուն, «նարինջ ուտող» ((սփիւռքա)հայեր յիշէք, չմոռանաք այն օրը…)
Աւելին, Սփիւռքի «աւանդական» ղեկավարութիւնը Սփիւռքը լքեց ու մսխեց, որովհետև միշտ առաջնահերթային եղան հայրենիքի անվտանգութիւնը և պետականաշինութիւնը: Հարկաւ, ո՞ր մէկ սփիւռքահայը կը համարձակէր վերյիշել Վահէ Օշականին «Սփիւռքահայ ըլլալ մը կայ» և առաջարկել Սփիւռքի օրակարգ, երբ անհրաժեշտ են կենսական ծրագիրներ, ուր իր մասնակցութեան պարտականութիւն կը տրուէր բայց երբեք որոշման իրաւունք: Թէկուզ և հաշուետւութեան իմաստով -ալօ, Հայաստան Հիմնադրամ, ո՞ւր գնաց 130 միլիոնը…
Սփիւռքի տակաւին չգրուած բայց կենդանի հաւաքական յիշողութեան մէջ պիտի արժևորել Դաշնակցութեան պատմութեան գոնէ եօթանասուն տարիները: Առանց անտեսելու իր ձախողութիւնները՝ անկասկած, բայց անպայման և մանաւանդ ընկալելով իր յաջողութիւններուն կարողական ուժը: Այդ էր որ ոչ ոք յիշեցուց Ալեն Սիմոնյանին որովհետև անցնող երեսուն տարիներուն նման նախանձախնդրութիւն չէր եղած հայրենի քաղաքական վերնախաւին մօտ: Ոչ ալ, և այս է ցաւալին, Սփիւռքի «աւանդական» ղեկավարութիւններուն:
Ալեն Սիմոնյանն ու Զարեհ Սինանյանները (թող ոչ ոք ըսէ որ Սփիւռքէն է, կամ Սփիւռքահայ եղած է…) կը պատկանին անկախ Հայաստանի այն սերունդին որ թերևս հասկնալիօրէն և արդարօրէն Սփիւռքը ընկալեց որպէս կեանքի մէջ յաջողելու, աւելի լաւ ապրելու, պատեհութիւն: Սփիւռք ալ չկար իրենց հաւաքական երևակայութեան մէջ, նաև որովհետև Սփիւռքեան մտածողութիւն կառուցելու գործընթացը կասեցուած էր նոյնինքն Սփիւռքի ղեկավարութեան անպատասխանատու վարքագծով: Ընդ որում Սփիւռքը դադրած էր ընդհանրական ամբողջ մը ընկալուելէ և վերածուած իրենք իրենց մէջ ամփոփուած համայնքներու, որոնք անկախութենէն յետոյ հայկականութեան հետ իրենց կապը ընկալեցին ուղղահայեացօրէն Հայաստանի հետ, և միշտ որպէս հետևորդ Երևանի մէջ կազմուած օրակարգի մը:
Սփիւռքի Հայաստանէն հոգեմտաւոր այս կախուածութեան վտանգները երբեք ատենին չընկալուեցան որպէս համահայկական մտածողութեան, կազմակերպուածութեան և զօրաշարժի կայացման խափանում: Փաստօրէն, Ցեղասպանութեան Հարիւրերորդ Տարելիցի նախօրեակին ձախողուեցաւ այնքան սպասուած Համահայկական Խորհուրդի կազմաւորումը, և այդ յստակ ցուցանիշ էր թէ «համահայկականութիւնը» հայրենի քաղաքական ղեկավարութիւնը կ’ընկալէ օրուայ իշխանութիւններու նեղ հաշիւներով: Երբեք որպէս պետական քաղաքականութիւն, երբեք որպէս պետական յանձնառութիւն:
Հայ Դատի պայքարի ամենաթեժ տարիներուն, դեռևս չգլոբալացուած աշխարհի մէջ, համասփիւռքեան զօրաշարժ կա՛ր: 1960-70-ական թուականներուն, արդէն այն մտածուած էր, ծրագրուած, կազմակերպուած, ոչ-տարերային: Եւ յաջողութիւններ արձանագրեց: Սփիւռքեան տարբեր համայնքներէ իրարու մօտ եկած իրաւագէտներ էին որ Ժընևի մէջ 1985-ին Ուիթէքերի տեղեկագրով տապալեցին թրքական ժխտողականութիւնը, Եւրոպական Խորհրդարանի 1987-ի որոշումը իր արձագանգը ունեցաւ ամենուրեք, և չկար սփիւռքեան և ոչ մէկ համայնք որ ձեռքերը ծալլած մնաց երբ անհրաժեշտ եղաւ երկրաղարժի աղէտին օգնութեան հասնիլ, Ղարաբաղեան հիմնահարցը դնել միջազգային օրակարգին և իր ապրած երկրին մէջ, համայնքի անդամներու ֆինանսաւորումով, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն բանալ: Այդ բոլորը համասփիւռքեան զօրաշարժի առկայութեան կենդանի փաստն են, և այդ մէկը սփիւռքահայերս հաւատալով կ’որակէինք «համահայկական»:
1988-ի պատմական մոմենտը, «Միացո՛ւմ»ը, թերևս արդարացուց համահայկականութեան մեր համոզումը: Յետոյ եկաւ անկախ պետականութիւնը որ առաջին օրէն Սփիւռքին յիշեցուց իր տեղը՝ ետևի աթոռը, երբեմն կոշտ ու կոպիտ, երբեմն աւելի քաղաքավար, ուրիշ ատեններ մեծ հանդիսութիւններով: Անխուսափելի էր այդ, և թերևս առողջ եթէ Սփիւռքի մէջ քանի մը պայծառատեսներու օրուայ զգուշացումները նկատի առնուէին: Ցաւալին այն է որ Սփիւռքի աւանդական ղեկավարութիւնը ֆեթիշացուց անկախ պետականութիւնը: Հոն արդէն համահայկականութեան միրաժը սկսաւ տեղի տալ: Ոչ իսկ Փրոթոքոլներուն «Ոչ»ը համահայկական էր: Սփիւռքն էր որ ոտքի ելաւ, Հայաստանի մէջ անոր ուշ արձագանգեցին: Քառասունչորսօրեայ Պատերազմը խափանեց այդ միրաժը: Թաւիշներուն համապարփակ ապիկարութեան մէկ երեսն ալ Սփիւռքի բացարձակ անտեսումն էր: Աւելի ճիշդը Սփիւռքի աթոմացումը որպէս անհատներու գումար որմէ կրնային օգտուիլ երբ երգիչ մը և դերասան մը իրենց սոցիալական ցանցերով կը փառաբանէին «ժողովրդավար յեղափոխութիւնը», կամ քանի մը օրգանական մտաւորական կը փորձէին իրենց ապիկարութեանց շարքը անտեսել ինչ որ տեղ մը գրուած տեսութիւններ նշելով:
Դաշնակցութեան սփիւռքակերտման եօթանասունամեայ դերը կ’ընկալուի միայն համահայկական տեսլականի մը մասշտապով: Այդ մէկը կրնայ բարձրագոյն և իտէալ մակարդակի հասնիլ եթէ պետական յանձնառութիւն ըլլայ, որուն համար անհրաժեշտ է նոյն այդ գիտակցութիւնը ունեցող քաղաքական վերնախաւ: Զարեհ Սինանյաններէն պիտի չսպասել համահայկական յանձնառութիւն, երբ նպարավաճառի մտայնութեամբ կ’ուզէ հաշուել Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման «յաւելեալ արժէքը»: Ոչ ալ Ալեն Սիմոնեաններէն, որոնց քաղաքական Սի.Վի.-ին վրայ հայրենադարձ սփիւռքահայու երեսին թքելը արձանագրուած է և արդարացուած քուէի հաշուարկով: Կամ թէկուզ և իր կրթութեան մակարդակով: Բայց շնականութեան ամենափրոֆեսիոնալ մակարդակով Դաշնակցութեան ուղղած Սիմոնեանի մարտահրաւէրները պիտի ընկալել քաղաքական սառնասրտութեամբ. քուէով թէ ժողովրդային զօրաշարժով, իշխանափոխութեան համար անհրաժեշտ է այս իշխանութիւններուն դէմ ցարդ անյաջող երեք նախաձեռնութիւններուն -հայրենիքի փրկութեան շարժում, Յունիս 2021-ի ընտրութիւններ, Դիմադրութիւն- մասնակցածներու տոկոսի պատկառելի յաւելում: Անոր համար յայտարարութիւնները չեն բաւեր, ոչ ալ, դժբախտաբար, այն համոզումը որ Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ձգելու այս իշխանութիւններու քայլը անպայմանօրէն համահայկական զօրաղարժ պիտի առաջացնէ:
Աւելի՛ն, համահայկականութեան մասին Հայաստանէն ընդհանրապէս պէտք չէ խօսիլ որովհետև տակաւին չկայ այն հայեցակարգուած միջոցը, ուր քիչ թէ շատ համակարգուած խաղի կանոններով, փոխադարձ վստահութեան ամրակայումով, շահերու և սահմանափակումներու ընդունմամբ, դերերու և պատասխանատուութիւններու ճշդումով… մէկ խօսքով իր տեսակին մէջ թերևս նոր ու բնորդային անդրպետական ժողովրդավարական գործարքի կարելի է վերածել այն ինչ այսօր եռամիասնութիւն, քառամիասնութիւն կամ այլ ձևի միասնութեան հանրային կոչեր են միայն: Եթէ համահայկականութիւնը օր մը կենդանի իրականութեան պիտի վերածուի ինչ որ հիմնարկակարգով (institutional order), այդ մէկը պիտի ըլլայ միայն երբ Սփիւռքը վերակայացուի, երբ համասփիւռքեան մտածողութիւնը, կազմակերպուածութիւնը և զօրաշարժը վերածուին ինքնուրոյն օրակարգի: Այն ժամանակ թերևս Սիմոնյանները երկու մտածեն ոչ թէ միայն Դաշնակցութեան այլ ընդհանրապէս Սփիւռք կերտած որևէ կազմակերպութեան նսեմացնելէ, անարգելէ առաջ: Եւ Սփիւռքէն յօդուածներով իրեն պատասխանելու ժամանակ չվատնուի: Այս յօդուածը, ամէն պարագայի, Սիմոնյանին ուղղուած չէ, ոչ ալ Հայաստանի մէջ իր նմաններուն և անոնց ընդդիմադիրներուն. Սփիւռքին ուղղուած է: