Գրագէտ Սարգիս Վահագնի Ոչ Եւս Է

Վիպագիր, թարգմանիչ, խմբագիր, թատերագիր եւ պատմուածքներու հեղինակ 98ամեայ Սարգիս Վահագնի (Սարգիս Գաբրիէլ Փաթափութեան) կնքեց իր մահկանացուն 29 Մայիսին, Լոս Անճելըսի մէջ:

Ան ծնած է 1927ին, Պէյրութի մէջ, հաճընցի հօրմէ եւ շապինգարահիսարցի մօրմէ։ Նախնական ուսումը ստացած է Պէյրութի Աբգարեան եւ Սահակեան վարժարաններուն մէջ, իսկ երկրորդականը՝ տեղւոյն ֆրանսական դպրոցին մէջ։

Ան ամուսնացած էր վաստակաշատ դաստիարակուհի Հայկուհի Աճէմեանի հետ եւ ունէր երեք զաւակներ: Ան 1987էն ի վեր բնակութիւն հաստատած էր Լոս Անճելըս։

Ան կանուխէն նուիրուած էր գրականութեան եւ գործօն մասնակցութիւն բերած էր Պէյրութի «Գրական Շրջանակ»ին, այնուհետեւ ԹՄՄի եւ անոր «Շիրակ» ամսագիրին եւ եղած է անոր միջազգային գրականութեան բաժինի խմբագիրը: Ան արժանացած է «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» եւ «Ուիլեըմ Սարոյեան» շքանշաններուն:

Ան հայրն էր 2021ին Նոպէլեան մրցանակի արժանացած գիտնական Արտեմ Փաթափութեանի:

Գրականութեան առընթեր, ան լուրջ հետաքրքրութիւն ցոյց տուած է շարժապատկերի եւ թատրոնի արուեստներուն նկատմամբ եւ 1958-1959ին, Պէյրութի մէջ հրատարակած է «Նոր Սինեմա» պարբերաթերթը։

Վահագնի ի հրատարակած գործերէն են՝ «Մատանիներ» (Պէյրութ, 1969), «Արմատներ» (պատմուածքներ, Երեւան, 1981), «Աշոտ Ողորմած» (թատրերգութիւն, Լոս Անճելըս, 1991), «Արշիլ Կորքի» (վէպ, Լոս Անճելըս, 2004), «Գրական Համաստեղութիւն» (գրադատութիւն, Լոս Անճելըս, 2008) եւ «Հաճընը Սիրուն…» վէպը (Լոս Անճելըս, 2017)։ Ան նաեւ կատարած է Շահան Շահնուրի ֆրանսերէն բանաստեղծութիւններուն թարգմանութիւնը, որ Լոս Անճելըսի մէջ հրատարակուեցաւ «Շուրջը Ոչինչ» խորագրին տակ, 2007ին։