Գեմպրիճի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի 47-րդ Պատգամաւորական ժողովը

7-8 Սեպտեմբեր 2019-ին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի (Գանատայի Երիտասարդական Միութեան) 47-րդ Պատգամաւորական ժողովը, Գեմպրիճի Հայ կեդրոնէն ներս։ Ժողովին մասնակցեցան մօտ 40 պամգամաւորներ եւ հիւրաբար 8 ընկերներ ԳԵՄ-ի Մոնթրէալի «Լեւոն Շանթ եւ Բեկոր Աշոտ», Գեմպրիճի «Արամ Մանուկեան», Վանգուվըրի «Արշաւիր Շիրակեան» եւ Թորոնթոյի «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղերէն։ Ժողովին մասնակցեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ մարմինի եւ ՀԵԴ Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններու ներկայացուցիչներ։ Իր բարձրաշնորհ այցելութիւնը տուաւ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, որ նշեց Երիտասրդական Միութեան կարեւոր դերը հայ գաղութներէն ներս եւ իր խօսքի աւարտին յաջողութիւն մաղթեց ժողովին եւ Երիտասարդական Միութեան:

Ընթացքին անդամները քննարկեցին եւ արժեւորեցին անցնող տարեշրջանին միութեան աշխատանքները, ներկայ իրավիճակն ու ապագայի ծրագիրները։

Ժողովին օրակարգի գլխաւոր նիւթերն էին ԳԵՄ-ի կազմակերպած Վանաձորի Ամառնային Ճամբարը, «Արծիւ» պաշտօնաթերթի հրատարակութեան շարունակութիւնը, անդամներու մասնակցութիւնն ու ներկայութիւնը ԳԵՄ-ի գործունէութեանց եւ Հայ Դատին վերաբերեալ ԳԵՄ-ի քաղաքական եւ դաստիարակչական ապագայի ծրագիրները։

Երկօրեայ նիստերու աւարտին, ժողովը ընտրեց 2019-2020 տարեշրջանի ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նոր կազմը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.