Գեղարքունիքի Մարզի հիւանդանոցները կ’ունենան շտապօգնութեան նոր ինքնաշարժներ

ՀՀ Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան Յուլիս 7-ին աշխատանքային այցով ժամանեց Գեղարքունիքի մարզ: Անոր կ՚ուղեկցէր Գեղարքունիքի մարզպետ Իշխան Սաղաթէլեանը:

Այցին առաջին կանգառը ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայութեամբ գործող Սեւանի հոգեբուժական հիւանդանոցն էր: Նախարարը եւ մարզպետը շրջայց կատարեցին հիւանդանոցի ողջ տարածքով, այցելեցին հիւանդասենեակները, ծանօթացան կենցաղային եւ բուժական պայմաններուն, զրոյց ունեցան բուժանձնակազմին հետ:

Սեւանի Բժշկական կեդրոնի նորակառոյց մասնաշէնքին մէջ նախարարը եւ մարզպետը դիտարկեցին պետական աջակցութեամբ իրականացուող շինարարական աշխատանքներու ընթացքը: Ինչպէս ներկայացուց շինարարութեան պատասխանատուն՝ շինարարական աշխատանքները կ’աւարտին այս տարուան Սեպտեմբերին, որմէ ետք արդի չափորոշիչներուն համապատասխան Բժշկական կեդրոնը քաղաքացիներուն կը սկսի մատուցել բարձրորակ բուժսպասարկում: Այստեղ նախարար Արսէն Թորոսեան եւ մարզպետ Իշխան Սաղաթէլեանը համատեղ քննարկեցին բուժհաստատութեան վերազինման, մասնագէտներու համալրման հետ կապուած խնդիրները:

Սեւանի Բշկական կեդրոնի հիւանդանոցային մասնաշէնքին մէջ Առողջապահութեան նախարարը եւ Գեղարքունիքի մարզպետը ծանօթացան առկայ պայմաններուն, իսկ բուժանձնակազմին հետ քննարկեցին ընթացիկ եւ առաջնահերթ լուծում պահանջող խնդիրներ: Հիւանդանոցային մասնաշէնքին մէջ Արսէն Թորոսեան յայտարարեց, որ յառաջիկային մարզի հիւանդանոցային ծառայութիւններ մատուցող կազմակերպութիւններուն շտապօգնութեան նոր ինքնաշարժներ պիտի տրամադրուին: «2-ական շտապօգնութեան եւ վերաշխուժացման ինքնաշարժներ կը տրամադրուի Սեւանի, Գաւառի Բժշկական կեդրոններուն եւ Վարդենիսի հիւանդանոցին, 3-ը՝ Մարտունիի Բժշկական կեդրոնին եւ 1-ը՝ ճամբարակի Առողջապահական կեդրոնին: Վերոնշեալ առողջապահական հաստատութիւնները կը ստանան նաեւ 1-ական վերաշխուժացման ինքնաշարժներ», նշեց Առողջապահութեան նախարարը:

Այցելութեան աւարտին Առողջապահութեան նախարարը եւ Գեղարքունիքի մարզպետը այցելեցին Մարտունիի Բժշկական կեդրոնը եւ դիտարկեցին այն շինհրապարակը, ուր պէտք է կառուցուի Մարտունիի բժշկական կեդրոնի շէնքը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.