Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց նախկին նախարարուհի Մելանի Ժոլին վերընտրութեան առիթով

Հոկտեմբեր 21-ին, Գանատայի դաշնակցային խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներու հրապարակումէն անմիջապէս ետք, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը Մոնթրէալի մէջ շնորհաւորեց Ահունցիք-Գարթիէվիլ ընտրատարածքի Ազատական կուսակցութեան թեկնածու Մելանի Ժոլին։ Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան վերահաստատեց նախկին նախարարուհիին հետ վերստին համագործակցելու յանձնախումբի պատրաստակամութիւնը։ Մելանի Ժոլի իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ Դատի յանձնախումբի զօրակցութեան համար։

Նշենք, որ Մելանի Ժոլի ընթացաւարտ կառավարութեան մէջ եղած է Գանատայի ժառանգութեան, Զբօսաշրջութեան եւ Ֆրանքոֆոնիի նախարար։ Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ Շրջանային Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ Սարօ Տէր Պետրոսեան եւ Յարութ Դաւիթեան։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.