Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքներու խթանման եւ Օթթաուայի շէնքին գնման նուիրահաւաքէն՝ ցարդ գոյացած է 683 հազար տոլար

Մայիս16-ին սփռուեցաւ Մոնթրէալի հայկական համաշխարհային աջակցութեան կեդրոն (ՄՀՀԱԿ-CAMAM) բարեսիրական կազմակերպութեան առցանց նուիրահաւաքը, որուն ընթացքին կայացաւ մայրաքաղաք Օթթաուայի քաղաքակեդրոնին մէջ ՄՀՀԱԿ-ի գնած նոր կալուածին եւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքներուն խթանման ի նպաստ առցանց հանգանակութեան մեկնարկը։

ՄՀՀԱԿ այս առիթով յատոուկ հաղորդագրութեամբ մը յայտարած էր, որ նոր կալուած-շէնքի մէկ մասնաբաժնին մէջ պիտի տեղակայուի Գանատայի ամենէն ազդեցիկ հայկական քաղաքական կազմակերպութեան՝ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի (ANCC) նոր գրասենեակը:

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատաքներու խթանման եւ ՄՀՀԱԿ-ի Օթթաուայի շէնքի գնման համար ցարդ հանգանակուած  գումարը հասաւ 683 հազար գանատական տոլարի։

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը, Գանատայի տարածքին գործող ամենէն ազդեցիկ հայկական քաղաքական կառոյցն է եւ Գանատայի տարբեր քաղաքներու մէջ գործող իր յանձնախումբերով կը գործէ աւելի քան վեց տասնամեակներէ ի վեր։

2006 թուականի Ապրիլ 25-ին բացումը կատարուած էր Օթթաուայի Հայ Դատի գրասենեակին: Այդ օրուընէ սկսեալ, մինչ օրս, հոնկէ կը տարուի նպատակաուղղուած աշխատանք եւ արդէն իսկ, 15 տարուան իր գործունէութեան ընթացքին գրասենեակը դարձած է տեղեկատուական ու բանակցային-յարաբերական ազդեցիկ կեդրոն:

Իր նոր կեդրոնատեղիէն Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը պիտի շարունակէ իր հայրենատիրական առաքելութիւնը պաշտպանելով Հայաստանի, Արցախի եւ համայն հայութեան իրաւունքները՝ գանատական քաղաքական բեմին վրայ։

Առցանց միջոցառման ընթացքին, յանձնախումբի առաքելութիւնը կիզակէտ ունենալով  յատուկ պատգամներ փոխանցեցին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ՝ Րաֆֆի Տօնապետեան, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի փոխ ատենապետ՝ Սարօ Տէր Պետրոսեան, Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ՝ Հրակ Տարագճեան, Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի փոխ-ատենապետ՝  Շահէն Միրաքեան, ինչպէս նաեւ յատուկ զօրակցական ուղերձ փոխանցեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի վարիչ տնօրէն՝ Արամ Համբարեանը։

Նուիրահաւաքը կը շարունակուի եւ ի մօտոյ կը յայտարարուի հանգանակութեան վերաթարմացուած գումարը։

Առցանց միջոցառման մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.