Գանատայի Կանաչ կուսակցութիւնը կառավարութենէն կը պահանջէ արգիլել զինուորական սարքերու վաճառքը Թուրքիոյ
Գանատայի խորհրդարանի Նոյեմբեր 7-ի նիստին, Կանաչ կուսակցութեան խորհրդարանի անդամ Էլիզապէթ Մէյ արծարծեց Արցախի հակամարտութեան հարցը։ Ան իր ելոյթի սկզբնաւորութեան յայտնեց, որ շարունակուող պատերազմը Արցախի ժողովուրդին համար զանգուածային սպանութիւններու եւ բռնի տեղահանութեան սպառնալիք է։
Կանաչ կուսակցութեան ներկայացուցիչը խորհրդարանական նիստին նաեւ վերյիշեցուց, որ Թուրքիոյ վաճառուած գանատական ռազմական սարքերը այս պատերազմին կ՚օգտագործուին Պաքուի կողմէ։ Ան շեշտեց, որ ատրպէյճանական բանակը վերջերս ֆոսֆորային ռումբերով հրթիռակոծած է Արցախի անտառները եւ պատճառ դարձած Արցախի բնաշխարհի ոչնչացման։
Էլիզապէթ Մէյ իր խօսքը եզրափակեց շեշտադրելով, որ Գանատան ի վիճակի է աւելին գործօն դերակատարութիւն ունենալու այս հակամարտութեան մէջ, առաջին հերթին արգելակելով գանատական ռազմական սարքերու վաճառքը Թուրքիոյ, իսկ երկրորդ՝ գանատական դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն մը հիմնելով Երեւանի մէջ։