Գանատայի խորհրդարանի արտաքին հարցերու յանձնաժողովը Թուրքիոյ զինուորական սարքերու վաճառքի վերահսկողութեան գծով բանաձեւ վաւերացուց

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Գանատայի խորհրդարանի անդամ, Նոր Դեմոկրատներ ընդդիմադիր կուսակցութեան անդամ Ճէք Հարիս Գանատայի խորհրդարանի արտաքին գործերու եւ միջազգային յարաբերութեանց յանձնաժողովին ներկայացուցած է բանաձեւ մը, որ կը վերաբերի Թուրքիոյ զինուորական սարքերու վաճառքին։ Վերոնշեալ յանձնաժողովը, Հոկտեմբեր 29ին վաւերացուցած է Ճէք Հարիսի բանաձեւը, ուր յստակօրէն կը նշուի, որ Գանատայի կառավարութիւնը պէտք է յստակ վերահսկողութիւն հաստատէ բոլոր գանատական այն ընկերութիւններուն վրայ, որոնք Թուրքիոյ զինուորական սարքեր կը վաճառեն։ Բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ նման զինուորական սարքերու արտօնագրերու վերաբերող բոլոր թղթածրարները, որոնք վարչապետի գրասենեակին ու Գանատայի Դաշնակցային կառավարութեան խորհրդատուական գրասեանեակի տրամադրութեան ներքոյ կը գտնուին, անհրաժեշտ է որ իրազեկման կարգով տրամադրուին խորհրդարանի արտաքին գործերու եւ միջազգային յարաբերութեանց յանձնաժողովին։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.