Գանատայի զբօսաշրջութեան եւ ֆրանքոֆոնիի նախարար Մելանի Ժոլի այցելեց «Հորիզոն»ի խմբագրատուն

Գանատայի զբօսաշրջութեան եւ ֆրանքոֆոնիի նախարար Մելանի Ժոլի Հոկտեմբեր 19-ին այցելեց «Հորիզոն»ի խմբագրատուն։ Նախարարուհին պատմեց Գանատայի վարչապետ Թրուտոյի հետ Հայաստան կատարած ճանապարհորդութեան մասին։

Վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեան «Հորիզոն»ի խմբագրութեան կողմէ նախարարուհին յանձնեց յատուկ յուշանուէր մը, որ հայրենադարձ արուեստագէտ Վազգէն Բրուտեանի Ardean արուեստանոցի գործերէն է եւ կը ներկայացնէ 12-րդ դարու Նորատուզի խաչքար մը։ Հանդիպման աւարտին, «Հորիզոն»ի աւագ աշխատակից Տիանա Սքայա հարցազրոյց կատարեց նախարարուհիին հետ։ Հարցազրոյցի տեսանիւթը խուտով կը հրապարակուի «Հորիզոն»ի կայքէջին վրայ։

Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պելեան եւ «Հորիզոն»ի վարչական պատասխանատու Սիլվա Պաշըգճեան։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.